Անյայտ անձեր 24 յունուարին` ժամը 18:40-ին կրակ բացած են Մարսէյի «Ս. Սահակ եւ Ս. Մեսրոպ» մշակոյթի կեդրոնին ուղղութեամբ:
«Հայերն այսօր»-ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Աբովեան վարժարանի նախագահ Կարէն Խուրշուտեան ըսած է, որ ասիկա հայկական ամէնէն խորհրդանշական կեդրոններէն մէկն է: Սրահին մէջ շաբաթական դրութեամբ կ’ուսանին աւելի քան 250 երեխաներ: «Անհանգստութիւնս անսահման է: Վստահ եմ` Ֆրանսայի կառավարութիւնը պիտի երաշխաւորէ, որպէսզի հետագային կարելի ըլլայ անվտանգ գործունէութիւն ունենալ: Մենք անկոտրում ենք», հաստատած է Խուրշուտեան:
Յարձակումէն ետք ոստիկանութիւնը այցելած եւ ուսումնասիրած է դէպքի վայրը: Կրակոցէն կոտրած է երկրորդ յարկի պատուհանը, ուր դաշնակի դասեր կը տրուէին: Տուժածներ չկան: Դէպքին առնչութեամբ մշակոյթի կեդրոնի նախագահը բողոք ներկայացուցած է ոստիկանութեան:
«Արմէնփրես» կը տեղեկացնէ, որ մշակոյթի կեդրոնը հայկական կազմակերպութիւններու համակարգման կեդրոնատեղի է: Արցախեան պատերազմին ընթացքին հոն կը պատրաստուէր Մարսէյէն եւ Ֆրանսայի հարաւէն Հայաստան ուղարկուող մարդասիրական օգնութիւնը:
Մինչ այդ, նմանօրինակ դէպքեր տեղի ունեցած են Պերլինի, Սան Ֆրանսիսքոյի, Փարիզի եւ Տեսինի մէջ, երբ վանտալիզմի ենթարկուեցան Կոմիտասի արձանը եւ Ցեղասպանութեան յուշահամալիրը: Այս գործողութիւններուն մէջ ներգրաւուած էր «Գորշ գայլեր» թրքական ծայրայեղ ազգայնական խմբաւորումը, որ լուծարուած է Ֆրանսայի մէջ: