Գրող եւ բեմադրող Քէյ Մուրատեանի «Մօրս ձայնը» փաստավաւերագրական ֆիլմը Նիւ Եորքի մեծ պաստառներուն պիտի բարձրանայ Մարտ 21-ին:
«Արմէնփրէս»-ի փոխանցմամբˋ այս մասին կը յայտնէ Massis Post-ը: Համանուն գիրքի, ապա նաեւˋ 25 վայրկեան տեւողութեամբ ֆիլմի միջոցով բեմադրիչը փորձած է պատմել Հայոց ցեղասպանութեան, Օսմանեան կայսրութեան մէջ բնակող հայկական ընտանիքներուն վրայ ունեցած ազդեցութեան մասին:
«Այս պատմութիւնը կը յուզէ ոչ միայն երիտասարդ ընթերցողները, այլեւ պատմութեան սիրահարները, որոնք կը ցանկան իմանալ Հայոց ցեղասպանութեան մասին», ըսած է Մուրատեան: «Մօրս ձայնը» Մուրատեանի մայրիկիˋ Հայոց ցեղասպանութենէն մազապուրծ Սուրիա փախած Ֆլորայի կեանքի պատմութիւնն է: Ընտանիքէն փրկուած էին միայն Ֆլորան եւ անոր 16 տարեկան քոյրըˋ Վերգինը: