Երեւանի «Մոսկուա» շարժանկարի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ սիրուած խօսնակ- դերասան՝ Մարք Սաղաթէլեանի լուսաւոր յիշատակին նուիրուած բեմադրիչ Գոռ Կիրակոսեանի «Քայլ Ձիով» արկածային կատակերգութեան անդրանիկ ցուցադրութիւնը: Սաղաթէլեան, համանուն ժապաւէնին մէջ կատարած էր իր վերջին դերը:Ժապաւէնը ստեղծողները զայն նուիրեցին անոր յիշատակին:
Ժապաւէնին մէջ տեղ գտած են Ղազախստանի, Հայաստանի եւ Արցախի տեսարժան վայրերու տեսարաններ: