Զանազան Երկիրներ Կը Փութան Լիբանանին
Մարդասիրական Օգնութիւն Հասցնելու
Մայրաքաղաք Պէյրութը կը շարունակէ արիւնիլ: Ամէնուրեք ցաւ, արցունք ու տնքոց:
Մինչ պայթումին նահատակներուն դիակները կը յանձնուին հողին, վիրաւորներ տակաւին կը գտնուին հարուածի զօրութեան տակ, հարիւր հազարաւոր անպատսպար մնացած քաղաքացիներ` յուսալքուած ու ցասկոտ:
Երեքշաբթի, 4 օգոստոսէն ի վեր ցնցուած քաղաքացիները տակաւին իրենց առօրեային մէջ կը զգան այդ ցնցումները, ինչպէս նաեւ կը լսեն եւ կը տեսնեն հսկայական պայթումէն երկվայրկեաններ առաջ լսուած օդանաւի ձայներն ու օդանաւը:
Սակայն այդ ձայներն ու պատկերները կը մնան անոնց ականջներուն եւ յիշողութեան մէջ` նկատի ունենալով, որ պետութիւնը ամէն իմաստով, բայց առանց բացառելու, կը ժխտէ այդ պայթումին յարձակում ըլլալու վարկածը:
Սփոփանքի ոչ մէկ նշոյլ կը շողայ մայրաքաղաքին մէջ` հակառակ պայծառ երկինքին վրայ շողացող կիզիչ արեւուն:
Դրական ներուժ ցոլացնող միակ երեւոյթը աւելը գրկած ու մայրաքաղաքին փողոցները մաքրելու նպատակով փողոց իջած երիտասարդներն էին, որոնք բոլոր շրջաններէն եկած էին զօրակցելու իրենց եղբայր լիբանանցիին, սիրելի մայրաքաղաքին եւ կեանք ոգեշնչող շրջաններուն, յատկապէս Ժըմմէյզէի եւ Մար Մխայելի:
Հակառակ այս երեւոյթին, տակաւին գիշեր մը առաջ մեծ թիւով խուլիկաններ մայրաքաղաքի փողոցներուն մէջ կատարեցին իրենց ընթացիկ բռնարարքները` քարկոծելով ապահովութեան ուժերը, հրկիզելով մայրաքաղաքին վաճառատուները, որոնք կարծէք իրենց բաւարար բաժինը չէին ստացած պայթումին բոցերէն:
Անոնց արարքները համազօր էին դիակը, այլ խօսքով` մայրաքաղաք Պէյրութը, կիցով հարուածելու քայլին:
Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն երէկ այցելեց պայթումին վայրը, ուր հանդիպումներ ունեցաւ բանակի զօրամասերուն, Լիբանանեան Կարմիր խաչին, Քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերուն եւ փրկարար աշխատանքները կատարող տեղական եւ միջազգային բոլոր խմբակներուն հետ:
Ան ստուգեց հոլանտական, ռուսական, ֆրանսական, գերմանական, յունական, կիպրական, քաթարեան, չեխական եւ թրքական խմբակներուն աշխատանքները եւ շնորհակալութիւն յայտնեց այդ երկիրներուն, որոնք իսկոյն ընդառաջեցին Լիբանանի կոչին:
Զօր. Աուն բարձր գնահատեց անոնց աշխատանքները` անյայտ կորսուածներու փնտռտուքին եւ զոհերուն դիակները դուրս բերելու իմաստով: Ան յոյս յայտնեց, որ տակաւին կարելի կ՛ըլլայ աւերակներուն տակէն ողջ քաղաքայիններ գտնել:
Զօր. Աուն ցաւակցութիւն յայտնեց զոհերուն ընտանիքներուն, ինչպէս նաեւ շուտափոյթ ապաքինում մաղթեց վիրաւորներուն:
«Վստահ եղէք, որ լիբանանեան բանակը կարողութիւն ունի իրմէ պահանջուածը եւ բոլոր պարտականութիւնները լիովին կատարելու: Բանակը ոչ մէկ ատեն պիտի զլանայ հայրենիքին ծառայութեան դիմաց: Բանակը լիբանանցիները պիտի չյուսալքէ եւ պիտի մնայ անոնց վստահութեան կեդրոնը», շեշտեց զօր. Աուն:
Առաւօտեան փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Զէյնա Աքր եւ հանրօգուտ շինութեանց ու փոխադրութեան հարցերու նախարար Միշել Նաժժար այցելեցին Պէյրութի նաւահանգիստ, ուր ստուգեցին կատարուող աշխատանքը:
Ապա անոնք ուղղուեցան զինուորական հիւանդանոց եւ այցելեցին վիրաւոր զինուորներուն:
Աւելի ուշ նախարար Նաժժար` ընկերակցութեամբ ճարտարարուեստի նախարար Իմատ Հուպալլայի, ուղղուեցաւ Սայտա եւ Սուր, ուր անոնք ստուգեցին զոյգ շրջաններուն նաւահանգիստները եւ նաւեր դիմաւորելու անոնց կարողութիւնն ու կարելիութիւնները:
Նաժժար եւ Հուպալլա ընդգծեցին Սայտայի եւ Սուրի նաւահանգիստներուն միջեւ գործակցութիւնը համադրելու կարեւորութիւնը:
Պէյրութի նաւահանգիստին մնացորդացին մէջ շարունակուեցան հետաքննութիւններն ու փրկարար աշխատանքները, որոնց շնորհիւ կարելի եղաւ անյայտ կորսուած այլ քաղաքայիններու դիակները բացայայտել:
Լիբանանեան բանակը հաղորդագրութեամբ մը հաստատեց, որ Լիբանանեան Կարմիր խաչը միակն է, որ իրաւունք ունի գտնուելու պայթումի վայրին մէջ` զոհերն ու վիրաւորները փոխադրելու համար:
Նաւահանգիստի հսկայական պայթումին հետաքննութեան շրջագիծին մէջ ձերբակալուածներուն թիւը հասաւ 19-ի:
«Էլ. Պի. Սի.» պատկերասփիւռի կայանին համաձայն, ամոնիոմ նիթրաթ քիմիական նիւթ ամբարող Պէյրութի նաւահանգիստի թիւ 12 պահեստանոցին մէջ կային նաեւ հրավառութեան համար օգտագործուող պայթուցիկներ:
Աւելի ուշ յայտնուեցաւ, որ մաքսատան ընդհանուր տնօրէն Պատրի Տահեր եւս հարցաքննութեան կ՛ենթարկուի: Ուշ գիշերին որոշուեցաւ Տահերը կալանաւորել:
Ինթըրփոլ երէկ երեկոյեան յայտարարեց, որ լիբանանեան իշխանութիւններուն պահանջին ընդառաջելով, միջազգային հետաքննիչներու խմբակ մը պիտի գործուղէ Լիբանան:
Առողջապահութեան նախարար Համատ Հասան յայտնեց, որ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին պատճառած զոհերուն թիւը բարձրացած է 154-ի, իսկ վիրաւորներունը կը մնայ 5000-ի շուրջ:
Ան նշեց, որ 5000 վիրաւորներուն 20 առ հարիւրը բժշկութեան կարիք ունեցած են` աւելցնելով, որ լուրջ պարագաները 120 են:
Առողջապահութեան նախարարութիւնը առողջական հարցեր ու բժշկութեան կարիք ունեցող քաղաքացիներուն տրամադրութեան տակ դրաւ 1214 թէժ գիծը:
Իր կարգին, ԵՈՒՆԻՍԵՖ յայտնեց, որ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին պատճառով անպատսպար մնացած են 100 հազար երեխաներ` նկատել տալով, որ անոնցմէ 55 հազարին պատսպարան տրուած է 120 դպրոցներու մէջ:
Շտապ օգնութեան գերագոյն խորհուրդի պետ Մոհամետ Խէյր հարցազրոյցի մը ընթացքին նշեց, որ Պէյրութի մէջ կան 8000 վնասուած կառոյցներ` աւելցնելով, որ կարելի եղածին չափ արագ պիտի աշխատին` վնասներու գնահատումը կատարելու համար:
Նշենք, որ երեսփոխան Շամել Ռուքոզ յետմիջօրէին յայտնեց, որ Զուքի ելեկտրակայանին մէջ կը գտնուի մեծ քանակութեամբ բորակածին, որ շրջապատուած է նաւթի տակառներով եւ կրնայ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն շատ աւելի հսկայական պայթում պատճառել:
Ան նշեց, որ այս իրականութիւնը ինք կ՛ուզէ ուժանիւթի նախարարին ուշադրութեան յանձնել:
Ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը անմիջապէս հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ Ռուքոզի տեղեկութիւնները անճիշդ են` հաստատելով, որ Ելեկտրականութեան ընկերութիւնը քաղաքացիական անվտանգութիւնը առաջնահերթութիւն կը նկատէ, յատկապէս Զուքի ելեկտրակայանին առումով` նկատի ունենալով բնակութեան վայրերուն մօտ ըլլալու իրականութիւնը:
Հաղորդագրութեան մէջ շեշտուեցաւ, որ բորակածինի պահեստը արդիական ձեւերով եւ ապահով վիճակի մէջ պահուած է, եւ ելեկտրակայանին կը հայթայթէ օրական կարիքին համապատասխանող քանակութեամբ բորակածին:
Նախագահ Աուն. «Անկարելի Է, Որ Իմ Իշխանութեանս
Օրերուն Երկրին Գերիշխանութիւնը Թիրախ Դառնայ»
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ զրոյց մը ունեցաւ լրագրողներուն հետ:
Զրոյցին ընթացքին նախագահ Աուն հաստատեց, որ լիբանանցին բարկացած է` Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին պատճառով: «Ես ալ անոր նման բարկացած եմ: Ոչ մէկ ճիգ կը խնայենք լիբանանցի ժողովուրդին դիմաց ճշմարտութիւնը բացայայտելու: Հետաքննութիւնը պիտի ընդգրկէ բոլոր պատասխանատուները, իսկ մխիթարութիւնը կարելի է իրականացնել միայն արդարութիւն պարտադրելով: Այս իմաստով դատական իշխանութիւնները իրենց պարտականութիւնները պիտի կատարեն», ըսաւ ան:
Նախագահ Աուն յայտնեց, որ մարդիկ զինք ճանչցած են պատերազմի ու խաղաղութեան մէջ` աւելցնելով, որ ոչ ոք կրնայ զինք դէպի սխալը առաջնորդել, «եւ ոչ ոք կրնայ արգիլել, որ ճշմարտութիւնը բացայայտեմ: Դատարաններուն դռները բաց պիտի ըլլան մեծին ու փոքրին դիմաց: Վճիռը ուշացումի պարագային կը դառնայ անիմաստ: Անիկա պէտք է ըլլայ արդար, անմիջական, սակայն առանց աճապարանքի», ըսաւ ան:
Նախագահ Աուն շեշտեց, որ 4 օգոստոսի պայթումը Լիբանանի շրջափակումը խզած է` հաստատելով, որ Պէյրութի վերաշինութիւնը ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին պիտի սկսի: «Առաջարկած եմ վնասներ կրած շրջանները բաժնել այնպիսի ձեւով, որ իւրաքանչիւր պետութիւն շրջան մը հոգայ: Պէյրութ շատ աւելի գեղեցիկ պիտի դառնայ», յայտնեց ան:
Նախագահ Աուն շեշտեց, որ Լիբանանի տագնապը պիտի չմիջազգայնանայ: «Եթէ լիբանանցիները երկրին չիշխեն, ոչ ոք կրնայ մեզի իշխել: Անկարելի է, որ իմ իշխանութեանս օրերուն երկրին գերիշխանութիւնը թիրախ դառնայ», հաստատեց ան:
Նախագահ Աուն հաստատեց, որ Պէյրութ միայն սննդեղէնի եւ բժշկական պիտոյքի կարիք չունի, այլ նաեւ` վերաշինութեան:
Ան նշեց, որ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին հիմնական պատճառը այդ նիւթերուն նաւահանգիստին մէջ գտնուիլն է` 7 տարիէ ի վեր, եւ հակառակ բազմաթիւ զգուշացումներուն, պատասխանատուներ անտեսած են եւ անփութութիւն ցուցաբերած: Նախագահ Աուն չբացառեց այն հաւանականութիւնը, որ կրնայ արտաքին միջամտութիւն մը` հրթիռ մը կամ ռումբ մը, պատճառած ըլլալ այդ պայթումը:
Նախագահ Աուն շեշտեց, որ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնէն պահանջած է Լիբանանին յատկացնել արբանեակային նկարներ, որպէսզի կարելի ըլլայ յստակացնել, թէ օդանաւեր եւ հրթիռներ կայի՞ն: «Եթէ ֆրանսացիները կարողութիւն չունենան նման նկարներ տրամադրելու մեզի, ապա այլ պետութիւններէ պիտի խնդրենք զանոնք` ճշդելու համար արտաքին յարձակում ըլլալու վարկածը», ընդգծեց ան:
Սէյիտ Նասրալլա. «Կը Հերքեմ Նաւահանգիստին Մէջ
Մեզի Պատկանող Քիմիական Նիւթերու Գոյութիւնը»
Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա երէկ երեկոյեան ժամը 5:30-ին պատկերասփռուած ճառի մը մէջ ցաւակցութիւն յայտնեց պայթումի զոհերուն հարազատներուն եւ շուտափոյթ ապաքինում մաղթեց վիրաւորներուն:
Սէյիտ Նասրալլա յայտնեց, որ Պէյրութի նաւահանգիստը իրենց պատասխանատուութիւնը չէ, այլ` Հայֆայի նաւահանգիստը, որովհետեւ անիկա Լիբանանի պաշտպանութեան ռազմավարութիւնն է:
«Կը հերքեմ նաւահանգիստին մէջ մեզի պատկանող քիմիական նիւթերու գոյութիւնը: Հետաքննութիւնը պիտի փաստէ այս իրականութիւնը», ըսաւ ան:
Սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ եթէ լիբանանեան պետութիւնը արդիւնքի մը չյանգի եւ դատավարութեան չենթարկէ այս թղթածրարին պատասխանատուները, ապա Լիբանանի պետութիւնը վերականգնելու յոյս չկայ:
Եազիժի Պատրիարքը Այցելեց Պէյրութ
Անտիոքի եւ համայն Արեւելքի յոյն ուղղափառ համայնքի Եուհաննա Ժ. Եազիժի պատրիարքը երէկ այցելեց յոյն ուղղափառ համայնքի Պէյրութի առաջնորդարան, ուր ան հանդիպում մը ունեցաւ Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոսին հետ:
Ապա ան այցելեց Սեն Ժորժ (Յունական) հիւանդանոց, «Պշարա» դպրոց եւ Պէյրութի Մար Ժըրժոս տաճար, ուր ստուգեց արձանագրուած վնասները:
Եազիժի պատրիարքը հաստատեց, որ իրենց արմատները խրած են այս հողին մէջ եւ հոս ալ պիտի մնան:
Եազիժի պատրիարքը այցելեց նաեւ մարոնի համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Պուլոս Ապտել Սաթեր եպիսկոպոսին, որուն հետ քննարկեց նաւահանգիստի պայթումին պատճառած աղէտը:
Ապտել Սաթեր եպիսկոպոս ընդգծեց, որ լիբանանցի պետական ոեւէ պատասխանատու պէտք չէ հանգիստ զգայ, երբ ժողովուրդը ցաւէն կը տնքայ:
Օժանդակութիւններ` Պէյրութին
Լիբանանի կատարուած մարդասիրական օժանդակութիւնները շարունակուեցան նաեւ երէկ:
Օրուան ընթացքին շրջանառութեան մէջ դրուեցան լուրեր, թէ Լիբանան պաշտօնապէս կը մերժէ իրեն առաջարկուած միջազգային օժանդակութիւնները:
Կառավարութեան տեղեկատուական գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ լիբանանեան պետութիւնը իրեն առաջարկուած ոչ մէկ օժանդակութիւն մերժած է:
Հաղորդագրութիւնը հերքեց շրջանառութեան մէջ դրուած այն լուրերը, թէ օտար պետութիւններու կողմէ Լիբանանին տրամադրուող օժանդակութիւնները կը մերժուին:
Երեկոյեան Սպիտակ տունը յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ եւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն ունեցած են հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը, որուն ընթացքին քննարկած են Պէյրութի պայթումէն ետք Լիբանանին անմիջական օժանդակութիւն տրամադրելու կարեւորութիւնը:
Կէս գիշերին նախագահ Միշել Աուն հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ստացաւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տոնալտ Թրամփէն, որ ցաւակցութիւն յայտնեց Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի զոհերուն համար` յայտնելով, որ ինք նեցուկ կը կանգնի Լիբանանին եւ պիտի մասնակցի Լիբանանի օժանդակութեան Փարիզի խորհրդաժողովին:
Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Մոհամետ Ֆահմի երէկ ուղղուեցաւ Պէյրութի միջազգային օդակայան, ուր շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր պետութիւններուն, որոնք օժանդակութիւններ առաքած են Լիբանան:
Ֆահմի շեշտեց սակայն, որ Լիբանանին տրամադրուած օժանդակութիւններէն աւելի կարեւոր է երկրին քաղաքական ուժերուն միջեւ համախոհութիւնն ու համագործակցութիւնը:
Ան ստանձնեց ալճերիական մարդասիրական օժանդակութիւնները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարիի հետ ստանձնեց սէուտական մարդասիրական օժանդակութեան մէկ բաժինը:
Պուխարի յայտնեց, որ սէուտական օդային կամուրջը յստակ պատգամ է եւ զօրակցական կեցուածք` լիբանանցիներուն նկատմամբ:
Պուխարի հաստատեց, որ Սէուտական Արաբիա միշտ պիտի զօրակցի լիբանանցի ժողովուրդին:
Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը խոստացաւ Լիբանանին 17 միլիոն տոլարի օժանդակութիւն տրամադրել:
Ամերիկեան դեսպանատունը հաստատեց, որ առաջին օդանաւը 6 օգոստոսին արդէն իսկ հասած է Լիբանան` աւելցնելով, որ տակաւին կան երկու օդանաւեր, որոնք պիտի հասնին Պէյրութ:
Դեսպանատունը բարձր գնահատեց լիբանանեան բանակին դերակատարութիւնը` օժանդակութիւնները յանձնելու լիբանանցիներուն:
Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիա յայտնեց, որ Ուաշինկթըն կը շարունակէ նեցուկ կանգնիլ Լիբանանին, յատկապէս Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին պատճառով ստեղծուած աղէտալի պայթումին իբրեւ հետեւեանք:
Քուէյթի առեւտուրի նախարարութիւնը հաստատեց, որ քուէյթեան օժանդակութիւններ փոխադրող օդանաւը պիտի հասնի Լիբանան` փոխադրելով սննդեղէն:
Մարոքեան հինգ այլ օդանաւեր, իրանեան օդանաւ մը, ինչպէս նաեւ օմանական օդանաւեր երէկ հասան Պէյրութի միջազգային օդակայան` լիբանանցիներուն բերելով մարդասիրական օժանդակութիւններ` սննդեղէն ու բժշկական պիտոյք:
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի ընդունեց Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Եասեր Ալաուին, որ յայտնեց, թէ Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսի որոշում տուած է Լիբանանին ամբողջական զօրակցութիւն ցուցաբերելու:
Ալաուի հաստատեց, որ Լիբանանի զօրակցութիւնը պիտի ցուցաբերուի հաստատուելիք օդային կամուրջով, որուն առաջին փուլը արդէն իսկ հասած է` փոխադրելով բժշկական պիտոյք:
Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին իր խօսքը ուղղելով Ռուսիոյ Ապահովութեան խորհուրդին յայտնեց, որ Մոսկուա Լիբանանին յաւելեալ զօրակցութիւն եւ օժանդակութիւն պիտի տրամադրէ` Պէյրութի պայթումէն ետք:
Լիբանանի մէջ Ազրպէյճանի դեսպան Աղասելիմ Շիւքիւրով յայտնեց, որ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը Լիբանանին մէկ միլիոն տոլարի օժանդակութիւն տրամադրած է:
Նշենք, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան հաստատեց, որ Թուրքիա իր ամբողջ կարողութիւնները պիտի զետեղէ Լիբանանի տրամադրութեան տակ:
Միւս կողմէ, Թուրքիոյ փոխնախագահ Ֆուատ Աքթայ` ընկերակցութեամբ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուի, այսօր պիտի այցելէ Լիբանան, ուր հանդիպումներ պիտի ունենայ իշխանութեան երեք պետերուն հետ:
Այսօր Լիբանան կ՛այցելէ նաեւ Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Ապուլ Ղէյթ: