Լուիս Համիլթընի (Մերսետէս) եւ Մաքս Վերսթափէնի (Ռէտ Պուլ) միջեւ ընթացիկ տարուան ֆորմիւլա 1 ինքնաշարժներու ախոյեանութեան տիտղոսին համար պայքարը աւարտեցաւ Պելճիքա ծնած, պելճիքական եւ հոլանտական կրկնակի քաղաքացիութիւն վայելող Վերսթափէնի յաղթանակով, երբ վերջինս, վիճայարոյց դէպքերով հարուստ եղանակի մը աւարտին շահեցաւ Ապու Տապիի կրան փրին:
Կիրակի օրուան կրան փրիին առաջին իսկ ազդանշանէն, սուր պայքար մը աւալեցաւ երկու վարորդներուն միջեւ: Վերսթափէն միայն վերջին պտոյտին յաջողեցաւ պարտուեան մատնեց իր անմիջական մրցակիցին՝ Լուիս Համիլթընին:
Վերսթափէն ընթացիկ տարուան տասերորդ կրան փրին կը շահէր:
24-ամեայ Վերսթափէն եօթներորդ եղանակն է որ կը մասնակցէր Ֆորմիւլա 1 ինքնաշարժերու աշխարհի ախոյեանութեան մրցումներուն:
Մերսետէս ընկերութիւնը պաշտօնական բողոք ներկայացուց Ապու Տապիի կրան փրիին արդիւնքին դէմ:
Յատկանշանական է, որ ընթացիկ տարուան ֆորմիւլա 1 ինքնաշարժներու ախոյեանութեան որոշ մէկ փուլին, բրիտանացի վարորդ Լուիս Համիլթըն՝ 32 կէտի առաւելութիւն մը կը վայելէր Հոլանտայի դրօշը կրող իր մրցակիցին նկատմամբ: