Երէկ Պրիւքսելի մէջ ՕԹԱՆ-ի վեհաժողովի մեկնարկէն առաջ տեղի ունեցած է Ֆրանսայի եւ Թուրքիոյ նախագահներ Էմանուէլ Մաքրոնի ու Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հանդիպումը:
«ՕԹԱՆ-ի վեհաժողովէն առաջ ես երկար առանձնազրոյց ունեցած եմ նախագահ Էրտողանի հետ: Յստակութեամբ, յարգանքով եւ պահանջկոտութեամբ յառաջ շարժելու համար», «Թուիթըր»-ի վրայ գրած է Մաքրոն:
Ֆրանսայի նախագահը նախապէս յայտարարած էր, որ մտադիր է թուրք գործընկերոջ հետ քննարկել ՕԹԱՆ-ի դաշնակիցներու վարքագիծի կանոնները, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ, Լիպիոյ եւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տիրող կացութիւնը:
Թրքական «Տողրուհապեր» կայքը կը հաղորդէ, որ Մաքրոնի եւ Էրտողանի միջեւ հանդիպումը տեւած է 52 վայրկեան եւ եղած է դռնփակ: