Եւրոպական Միութիւնը դռնփակ նիստ մը կը գումարէ Արցախի առնչութեամբ: Նիստի ընթացքին Ֆրանսայի նախագահ Էմմանուէլ Մաքրոն հաստատած, է թէ փաստեր ունի Թուրքիոյ կողմէ սուրիացի իսլամիստներու՝ Ազրպէյճանին աջակցելու հետ կապուած: Սոյն տեղեկութիւնը յայտարարեց Եւրոպական Խորհրդարանի անդամ Չարլի Վէյմերսը:
« Էմմանուէլ Մաքրոն կը հաստատէ, թէ Ֆրանսա փաստեր ունի Թուրքիոյ կողմէ սուրիացի իսլամիստներու՝ Ազրպէյճանին աջակցելու հետ կապուած: Ան Եւրոպական միութեան առջեւ հարց պիտի դնէ՝ արդեօ՞ք Եւրոպական միութիւնը կը պատրաստուի դատապարտելու հակամարտութեան մէջ Թուրքիոյ ներգրաւուածութիւնը եւ կը դիտարկէ ՞ արդեօք ԵԱՀԿ-ի Մինսկի խումբէն Թուրքիան հեռացնելու կարելիութիւնը». յայտարարեց Վէյմերս:
Նախագահ Մաքրոն նիստի ընթացքին դիտել տուած է, թէ արդարացում չունին Լեռնային Ղարաբաղի դէմ Ազրպէյճանի յարձակումները: .« Ես Ալիեւին ուղղակԻ ըսած եմ՝ Արցախի վրայ Ազրպէյճանի յարձակումները ոչ մէկ արդարացում ունի»:
Փենթակոն եւս հաստատեց Թուքիայէն Ազրպէյճանին վարձկաններ փոխադրելու իրողութիւնը: