Շնորհահանդէսի մը ստեղծած բարոյական գոհունակութենէն աւելի, երախտաւորի մը յիշատակին մատուցուած յարգանքի արժանի տուրք մը ստանալու բաւարարութեամբ բաժնուեցանք ՀԲԸՄ-ի Տեմիրճեան կեդրոնէն՝ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան կազմակերպութեամբ՝ «Մեթր Հրաչեայ Սեդրակեան Մարդն ու Գործը» գիրքին շնորհահանդէսին աւարտին:
Ուրբաթ, 1 Փետրուար 2019, երեկոյեան ժամը 8-ին, ՀԲԸՄ-ի Տեմիրճեան կեդրոնին մէջ, հոծ բազմութեան մը ներկայութեան, որոնց մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան հիւպատոս Լէօնարտ Ապաճեան եւ դեսպանատան անձնակազմի անդամներ, Լիբանանի Հայոց Թեմի առաջնորդի ներկայացուցիչ Տէր Նարեկ քհնյ. Հեճինեան, ՀԲԸՄ-ի նախագահ Պերճ Սեդրակեան եւ ազնուափայլ տիկինը, ՀԲԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանակային Յանձնաժողովի ատենապետ Ժերար Թիւֆենքճեան եւ անդամներ, ազգային բարերարներ՝ Արթուր Նազարեան, տէր եւ տիկին Սարգիս եւ Աւետիս Տեմիրճեաններ, ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ եւ անդամներ, հայ քաղաքական կուսակցութիւններու, կրթական, մշակութային, բարեսիրական կազմակերպութիւններու, մամլոյ եւ լսատեսողական աղբիւներու ներկայացուցիչներ:
Յանուն ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան Գէորգ Սանթուրեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ խօսքը յատկապէս երիտասարդութեան ուղղելով, նախ ներկայացուց օրուան խորհուրդը, ապա ամփոփ տողերու մէջ՝ Մեթր Հրաչեայ Սեդրակեան մարդը .« Անձնաւորութիւն մը, որ մեծ ծառայութիւն մատուցեց յետեղեռնեան ժամանակաշրջանին լիբանանահայ եւ սփիւռքահայ ազգային, մտաւոր, քաղաքական կառոյցներու կազմաւորման մէջ»:
ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Վիգէն Չերչեան յայտնեց, թէ ՀԲԸՄ-ի Հայ Երիտասարդաց Ընկերակցութեան շարքերը նոր թեւակոխած պատանիներու համար Մեթր Հրաչեայ Սեդրակեան եղած է տիպար միութենականի կերպար: Ան նշեց, թէ իբրեւ ՀԵԸ-ի սկաուտական խմբապետութեան անդամ, խմբապետ Սեպուհ Սեդրակեանի բնակարանը պատեհութիւն ունեցած է բազմիցս հանդիպելու Մեթրին եւ լսել անոր փորձառութեան հարուստ պաշարին բազմաշնորհ եւ անվերջանալի խորհուրդները: Ան բախտաւորութիւն նկատեց, որ իր սերունդը ունեցած է Մեթրին նման դաստիարակ մը, որուն անունը սերտօրէն առնչուած է ՀԵԸ-ի մշակութային, համալսարանական, սկաուտական, կրտսերաց շարժումներու հիմնադրութեան, որովհետեւ Մեթրը կը հաւատար երիտասարդութեան եւ հպարտութեամբ կը յայտարարէր, թէ ՀԲԸՄ-ի կարգ մը շրջանակներու եւ հաւանաբար մեծամասնութեան մէջ, նախկին ՀԵԸ-ականներն են, որ եղած են Բարեգործականի ղեկավարները:
Աւելի ուշ, 1990-ին, երբ Մոնրէալ, Գանատա կը գտնուէր այցելած է Մեթրին բնակարանը եւ հանդիպումի ընթացքին վերանորոգած է Մեթրին միութենապաշտ եւ ազնիւ խորհրուրդներուն հետեւելու իր վաղեմի ուխտը:
Իր խօսքը եզրափակելով, Վիգէն Չերչեան յայտնեց, թէ Մեթր Հրաչեայ Սեդրակեան համահայկական մտածողութեանբ, ազգային հարուստ ժառանգութիւն ձգած, հայ ազգային, քաղաքական կեանքի որակաւոր ներկայացուցիչներէն մէկն էր:
« Հրաչեայ Սեդրակեան, Մարդն Ու Գործը» հատորը ներկայացուց լիբանանահայ ծանօթ պատմաբան, մտաւորական, հրապարակագիր, ազգային գործիչ, կրթական մշակ, դոկտ. Զաւէն Մսըրլեան: Գիրքը լոյս տեսած ՀԲԸՄ-ի նախագահ Պերճ Սեդրակեանի մեկենասութեամբ, ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական Գրասենեակի անդամ Արթուն Համալեանի հետեւողական հետապնդումներով, իսկ արխիւները սիրայօժարօրէն տրամադրած է Մեթրի այրին՝ տիկն Մարլէն Սեդրակեանը: Դոկտ. Մսըրլեան ըսաւ, թէ գիրքը արդար տուրք մըն հաւասարակշռուած խօսքի տէր, շրջահայեաց, չափաւորական, դիւանագէտ եւ հեզաբարոյ անձնաւորութեան մը յիշատակին: Ան յայտնեց, թէ մանկութեան տարիներէն ճանչցած է Մեթրը: Ապա ան անդրադարձաւ Մեթր Սեդրակեան մարդուն ազգային գործունէութեան հանգրուաններուն, սկսելով 40-ական թուականներէն մինչեւ 90-ականները: Մեթրը ՀԲԸՄ-ի Հայ Երիտասարդաց Ընկերակցութեան անդամակցած է 1938-ին, գործօն դերակատարութիւն ունեցած է անոր համալսարանական, մշակութային, կրտսերաց շարժուներուն մէջ, ձեռնահասօրէն ստանձնած է զանազան պաշտօններ, ընդհուպ՝ ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան փոխատենապետ: Ան միաժամանակ մաս կազմած է Լիբանանի Ազգային Խորհուրդին եւ եղած է Ներգաղթի Կոմիտէի ատենադպիր, ապա՝ նախագահի տեղակալ: Մեթրը ստորագրած է ազգային, քաղաքական բազմաթիւ յօդուածներ:
Ապա ծանօթացուց «Մեթր Հրաչեայ Սեդրակեան Մարդն Ու Գործը» գիրքին բովանդակութիւնը: 388 էջերէ բաղկացած լաթակազմ գիրքը, լոյս տեսած է Արամ Սեփեթճեանի «Սիփան» հրատարակչատան մէջ, բաժնուած է հինգ մասերու: Ազգային կեայնքի մէջ .« Մեթր Սեդրակեան կը փնտռէր այնպիսի ուղիներ եւ ելքեր, որոնք կրնան առաջնորդել ընդունելի լուծումներու». ընդգծեց դոկտ. Զաւէն Մսըրլեան, նշելով, որ Մեթրը ազգային կեանքի մէջ եղած է երկխօսութեան մարդ:
Դոկտ. Զաւէն Մսըրլեան հմուտ պատմաբանի վերլուծումներով դիտել տուաւ, թէ Մեթր Հրաչեայ Սեդրակեանը ՀԵԸնկերակցութեան, շարքերուն մէջ կը սորվի մայրենի լեզուն, կը կազմաւորուի անոր ազգային ինքնութիւնը, ձեռք կը բերէ հայ ըլլալու հպարտութիւնը: ՀԲԸՄ-ի եւ ՀԵԸ-ի շրջանակներուն մէջ գործունէութիւնի Մեթրին համար կը դառնայ գաղափարական կազմաւորման շրջան մը: Դոկտ. Զաւէն Մսըրլեան նշեց, թր Մեթր Հրաչեայ Սեդրակեան երկար տարիներ մաս կազմելով ՀԲԸՄ-ի, ՀԵԸ-ի, ՌԱԿ-ի եւ Թէքէեան Մշակութային Միութեան ղեկավար մարմիններու մէջ.« Բծախնդրութեամբ յարգած է իւրաքանչիւրին ներքին ինքնուրոյնութիւնը, ազատ գործելու իրաւունքը»: Իսկական ղեկավարի մը չափանիշները:
Դոկտ. Զաւէն Մսըրլեան գնահատեց գիրքին խմբագիր Պարոյր Աղպաշեանի բծախնդիր աշխատանքը եւ խօսքը յայտնապէս ուղղելով երիտասարդութեան, շեշտեց ՀԲԸՄ-ի նախագահ Պերճ Սեդրակեանի փափաքը՝ որ Հրաչեայ Սեդրակեանի ազգային, քաղաքական, միութենական նշանակալի վաստակին նուիրուած այս հատորը ուսանելի աղբիւր մը դառնայ անոնց համար:
« Հրաչեայ Սեդրակեան Մարդն Ու Գործը» հատորին խմբագիր լիբանանահայ ծանօթ մտաւորական, հրապարակագիր, խմբագիր, ազգային գործիչ, կրթական մշակ Պարոյր Աղպաշեան յայտնեց, թէ ՀԲԸՄիութեան մէջ իր քայլերը առած է Մեթր Հրաչեայ Սեդրակեանի նման երախտաւորներու խորհուրդներով: Բարեկամութեան, գործակցութեան երկար ճանապարհ հատած է Մեթրին հետ, ծանօթանալով անոր լայն աշխարհայեացքին, միշտ երախտապարտ մնացած է եւ արժեւորած է Մեթրը:
Ապա ան անդրադարձաւ «Մեթր Սեդրակեան Մարդն Ու Գործը» գիրքին նախապատրաստութեան: Գիրքին նախագիծը ներկայացուցած է ՀԲԸՄ-ի նախագահ Պերճ Սեդրակեանին, անոր թելադրութիւններով սկսած է խմբագրական աշխատանքը, միաժամանակ շնորհակալութիւն յայտնեց Մեթրին տիկնոջ՝ Մարլէն Սեդրակեանին, որ տրամադրութեան տակ դրած էր մօտը գտնուած արխիւները:
Այս առիթով, Պարոյր Աղպաշեան մաղթեց, որ Մեթրին նուիրուած այս հրատարակութիւնը ազդանշան մը դառնայ չմոռնալու մօտիկ անցեալի մնացեալ երախտաւորները, լոյսի տակ բերել անոնց գործունէութիւնը, որպէսզի նոր լիցք տրուի մեր ազգային ինքնութեան :
Հանդիսութեան եզրափակիչ խօսքը արտասանեց ՀԲԸՄ-ի նախագահ Պերճ Սեդրակեան: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց օրուան հանդիսավար Գէորգ Սանթուրեանին, խօսք առնողներ՝ Վիգէն Չերչեանին, դոկտ. Զաւէն Մսըրլեանին եւ Պարոյր Աղպաշեանին՝ Մեթր Հրաչեայ Սեդրակեանը բծախնդրօրէն ներկայացնելու առիթով եւ թելադրեց ոչ միայն Միջին Արեւելքի մեր երախտաւորներուն մասին գիրքեր պատրաստել, այլ չմոռնալ հեռաւոր հայկական գաղութներու մէջ գործած երախտաւորները:
ՀԲԸՄ-ի նախագահը նաեւ դիտել տուաւ, թէ Մեթր Հրաչեայ Սեդրակեանի մասին հատորին նպատակը ոչ միայն երախտաւորի մը կենսագրութիւնը եւ կամ անոր ազգային հարուստ փորձին ծանօթացումն է, այլ՝ ներկայացնել 40-ական թուականներու մեր ազգային կեանքը, իր բոլոր երեսներով:
Պերճ Սեդրակեան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց հանդիսութեան կազմակերպիչ ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան:
Հանդիսութեան աւարտին տեղի ունեցաւ կոկիկ հիւրասիրութիւն, իսկ հատորը փափաքողները հեղինակին մակագրութեամբ ստացան իրենց օրինակը:
ՀԵԸ-Ի ՄԱՄԼՈՅ ԵՒ ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ