ԵՐԱՆ ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆ
Ինչպէ՞ս չյիշել, չվերապրիլ ԱՊՐԻԼԵԱՆ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՇԱԲԱԹՆերու քաղցրութիւնը, հայկականութիւնը, հայ մշակոյթի ու պատմութեան կենսայորդ աւիշով լիցքաւորող այն անմոռանալի օրերը, որոնք կը կազմակերպուէին Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան եւ ՀԲԸՄիութեան Մշակութային Յանձնախումբերու միասնական գործակցութեամբ: Ամբողջ շաբաթ մը տեւող ձեռնարկներով, միջոցառումներով եւ ընկերային ծրագիրներով, Մելգոնեանի աշակերտութիւնը, Կիպրահայ գաղութը ընդհանրապէս եւ հիւրերը կը հաղորդուէին հայ մշակոյթի կենարար շունչին, հայոց պատմութեան ոգիին, հայ հոգեմտաւոր արժէքներուն՝ անօրինակ խանդավառութեան եւ ոգեւորութեան մթնոլորտի մը մէջ…
Այդ Շաբաթները տեղի կ’ունենային Ապրիլ ամսուան մէջ, ընդհանուր կարգախօս ունենալով՝ ԱՊՐԻԼԸ ԱՊՐԵԼՈՒ ԱՄԻՍ Է նշանաբանը, Եղեռնայուշ Ապրիլին հակադրելով հայ մշակոյթի ապրեցնող շունչով վերապրելու վճռակամութիւնը…
Հայկական Շաբաթներուն անպայմանօրէն կը հրաւիրուէին հիւր-դասախօսներ, արուեստագէտներ՝ Մայր հայրենիքէն կամ Սփիւռքահայ գաղութներէն: Անոնք ելոյթ կ’ունենային Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան պատմական բեմէն, ներշնչելով նորահաս սերունդը եւ կիպրահայութիւնը հայօրէն վերապրելու նորոգ տեսիլքով եւ հաւատքով:
1983-ին սկիզբ առած այս գեղեցիկ աւանդութիւնը տեւեց շուրջ մէկ տասնամեակ, երբ արդէն շշուկներ սկսան տարածուիլ որ ՀԲԸՄիութեան Կեդրոնը որոշած է փակել Մելգոնեան Կրթական Հաստատութիւնը, իրեն յատուկ պատրուակներով:
Առաջին Հայկական Շաբաթը նշանակալից կերպով նուիրուած էր հայոց լեզուին եւ կը կրէր «Հայ լեզուն որպէս հայապահպանման վահան» խորագիրը, քանզի լեզուն «դարեր շարունակ եղած է մեր միակ անկողոպտելի գանձը, մեր ապրելու անընկճելի ոգին, տեւելու եւ տոկալու կորովը:…Լեզուն լոկ բառերու կուտակում կամ նախադասութիւններու հիւսուածք մը չէ: Անիկա ժողովուրդի մը ինքնուրոյն մտածողութեան եւ աշխարհընկալման արտացոլումն է, անոր ներքին ապրումներուն, խոհերուն եւ յոյզերուն, երազներուն եւ ձգտումներուն արտաքին համապատկերն է…Լեզուն ինքն է ոգին, եւ լեզուով միայն կ’իմաստաւորուի եւ կ’արժեւորուի «ազգային ինքնութիւն» հասկացութիւնը…:», ինչպէս կարեւորութեամբ կը նշէր ՀԲԸՄ Մշակութային Մարմնի ատենապետուհի Երան Գույումճեան իր բացման խօսքին մէջ: Շաբթուան գլխաւոր դասախօսն էր՝ Ֆրանսայէն յատկապէս հրաւիրուած, հայագիտութեան մեծագոյն նուիրեալներէն, Սորպոնի համալսարանի հայոց լեզուի ամպիոնի վարիչ Դոկտ. Փրոֆ. ԺԱՆ ՓԻԷՌ ՄԱՀԷՆ, իր տիկնոջ հետ միասին: Կը յիշեմ ինչ պատկառանքով, խորին ակնածանքով ան խօսեցաւ Հայերէն լեզուին մասին, անոր ճկունութեան, անոր հարստութեան, նոր բառեր կազմելու անոր անսահման հնարաւորութեանց մասին…Ան ընդգծեց յատկապէս որ «Հայերէնն իր ճոխութեամբ, ճկունութեամբ, իմաստաբանական հազարերանգ առումներով փայլատակել է Գրիգոր Նարեկացու «Մատեան ողբերգութեան» պոէմում, պոէմ, որ նման է փիլիսոփայական խորհրդածութիւնների մի փառահեղ տաճարի»:Եւ իր ամբողջ խօսքը ան ներկայացուց մաքուր արեւելահայերէնով, զարմանք ու հիացում պատճառելով բոլորին: Ելոյթ ունեցաւ հայագէտ եւ Մելգոնեանի դասախօս, Հայաստանի Գիտութիւններու Ակադեմիայի Հ. Աճառեանի անուան լեզուի ինստիտուտի աւագ գիտաշխատող Դոկտ. Երուանդ Մելքոնեան, շեշտելով յատկապէս Մայր Հայաստանի մէջ տարուող հայագիտութեան գործը, քանզի վերջիվեջոյ այնտեղ, ինչպէս կարեւորութեամբ շեշտեց ան, հայերէնը պետական լեզու ըլլալով կ’ապրի պատմական զարգացում եւ բազմակողմանի ծաղկում, շնորհիւ հայրենի պետութեան ստեղծած լաւագոյն պայմաններուն: Կիպրահայ յայտնի բանաստեղծներ՝ Սմբատ Տեվլեթեան եւ Վարուժան Պետիկեան կարդացին իրենց գրական ստեղծագործութիւններէն քերթուածներ, մինչ երաժիշտ եւ խմբավար Սեպուհ Աբգարեան ընթերցեց վերջերս մահացած Ներսէս Թամամեանի բանաստեղծութիւններէն փունջ մը, արժեւորելով մասնաւորապէս Հայերէնը որպէս կենսունակ ստեղծագործական լեզու:
Կարեւորութեամբ պիտի ընդգծել որ այս Շաբաթներուն մէջ, առանձնակի տեղ ունէր միշտ Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան քառաձայն Երգչախումբը, խմբավարութեամբ յայտնի երաժիշտ ու խմբավար Մայեստրօ Սեպուհ Աբգարեանի, որուն կախարդական ճիպոտին տակ ներկաներուն կը մատուցուէր մեր ամէնէն շատ սիրուած հայկական երգերու գեղեցիկ փունջ մը, Կոմիտասեան շունչով համակելով զանոնք:
Հայկական Շաբաթները հայութեան աւազանին մէջ վերամկրտութեան օրեր էին, ազգային ինքնաճանաչման ու ինքնագիտակցութեան օրեր, հայկականութեան ջահը մշտավառ պահելու ուխտ ու երդում, յանձնառութեան ոգի եւ գիտակցութիւն…
Կը յիշեմ թէ ի՛նչ մեծ խանդավառութեամբ կը պատրաստէինք Շաբթուան ընդհանուր ծրագիրը իր բոլոր մանրամասնութիւններով, հրաւէրներ կը ղրկէինք գաղութիս անդամներուն, պատկան մարմիններուն եւ անձնաւորութեանց մէկ առ մէկ…եւ ամէն ինչ կը կազմակերպուէր ամենայն բծախնդրութեամբ եւ պատասխանատուութեամբ:
Տարիներ շարունակ, Հայկական Շաբաթներուն հրաւիրուեցան հայ եւ օտար հայագէտներ կամ քաղաքական դէմքեր, պատմաբաններ եւ հայ գիր ու դպրութեան մշակներ…Կը յիշեմ յատկապէս անունները՝ Ֆրետերիք Ֆէյտիի, Քրիսթոֆըր Ուոքըրի, Պարոնես Քարոլայն Քոքսի, Փրոֆ. Լիւսի Տէր Մանուէլեանի, Հայր Անդրանիկ Կռանեանի, Լեւոն Վարդանի, Ժիրայր Դանիէլեանի, Կարպիս Սուրէնեանի…, իրենց յատկանշական կերպարներով, խօսք ու զրոյցով, բառ ու բանով, իրենց յղած ուղղակի թէ անուղղակի պատգամներով..: Բարեբախտաբար, միշտ ալ առիթներ կը ստեղծուէին որ հիւր-բանախօսները շփում ունենային աշակերտութեան հետ, մեզի հետ, կը կազմակերպուէին հաւաքոյթներ, պտոյտներ դէպի Կիպրոսի տեսարժան վայրերը, հանդիպումներ…: Այս բոլորը Ապրիլ ամիսը կը վերածէին ազգային ոգիի զարթօնքի, յար եւ նման բնութեան զարթօնքին…
Յիշողութեանս մէջ անջնջելի կը մնան՝ Ժան Փիէռ Մահէի ուսուցիչ՝ Ֆրետերիք Ֆէյտիի հայերէնասիրութիւնը, իր խորին գնահատանքը հայոց լեզուին, Քրիսթոֆըր Ուոքըրի բառացի մատնանշումը այն մասին, թէ «Երբ հայերը ստեղծեր էին Անիի բարձր քաղաքակրթութիւնը, երբ Նարեկացին կ’երկնէր իր աշխարհահռչակ Մատեանը, մենք՝ Անգլիացիներս տակաւին ծառերու վրայ էինք…», Հայր Անդրանիկ Կռանեանի ըմբոստ եւ արիաշունչ ոգին՝ միասնաբար հետապնդելու հայ արդարացի Դատն ու Պահանջատիրութիւնը, իր զուարթամտութիւնն ու համեստութիւնը, Լեւոն Վարդանի հմուտ, հետազօտական պրպտումները մեր պատմութեան գեհենային խորխորատներուն, Պարոնես Քարոլայն Քոքսի ջերմ նուիրուածութիւնը Արցախին եւ Արցախեան դատին, Ժիրայր Դանիէլեանի կուռ, տրամաբանուած հէնքի վրայ պատրաստուած զոյգ դասախօսութիւնները, նախկին Մելգոնեանցի Կարպիս Սուրէնեանի հաղորդական պատմելաձեւը հայ հոգեմտաւոր գանձերուն մասին…եւ այսպէս շարունակ:
Սիլվա Կապուտիկեան բանաստեղծուհին այնքան դիպուկ կերպով կը գրէ.
«Օ՛ գարնան ամիս, ապրլո՛ւ Ապրիլ,
Դու որ բերում ես ծաղիկներ ու կեանք,
Ինչո՞ւ դու դարձար մահուան տարելից,
Մահով մնացիր մեր պատմութիւնում»:
Ապրիլը ԱՊՐԵԼՈՒ ամիս դարձնելու ճիգ ու յանձնառութիւն էր ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՇԱԲԱԹԸ», որ միշտ ալ տեղի կ’ունենար Ապրիլ ամսուան երկրորդ շաբթուան մէջ, որուն աւարտին կը տօնախմբէինք Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան հիմնադրութեան հերթական տարեդարձը, քանզի Բարեգործականի գոյառումը հայօրէն ապրելու եւ յարատեւելու անընկճելի ՈԳԻԻ արտայայտութիւն էր գերազանցօրէն սփիւռքի լպրծուն հողին վրայ, «փոշի ազգ» դարձած տարագիր հայը հայ պահելու յանձնառութիւն:
Աւա՛ղ, պատմութեան անցան լուսոյ տաճար Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան հետ միասին Հայկական Շաբաթները, որոնց տեղը մնաց թափուր եւ անփոխարինելի…
Եւ տակաւին քանի-քանի սերունդներ պիտի գային իրենց մտքի եւ սրտի ջահը վառելու Մելգոնեանի Մեսրոպեան ջահէն, քանզի Մելգոնեանը իսկապէս ալ փոքրիկ Հայաստան մըն էր՝ Միջերկրական այս գեղածիծաղ ափերուն վրայ՝ իր հայաբոյր մթնոլորտով, հայաշունչ եւ հայրենաշունչ ոգիով, իր հանդիսութիւններով եւ ձեռնարկներով, որոնց մէջ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՇԱԲԱԹԸ ունէր իր ուրոյն տեղն ու դերը:
ԱՒԱՂ, ՓԱՌԱՑՍ ԱՆՑԱՒՈՐԻ: