Մելգոնեան սանուց եւ բարեկամներ միութեան տարեկան ձեռնարկը այս տարի տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, Հոկտեմբեր 20-ին, երեկոյեան ժամը 7:30էն սկսեալ, Պոլսահայ միութեան կեդրոնը (19726 Sherman Way, Winnetka, CA 91306):
Երեկոն՝ ճաշկերոյթ-պարահանդէս ըլլալու կողքին, առիթ պիտի ըլլայ յարգանքի ու գնահատանքի տուրք մատուցանելու բազմավաստակ, սիրուած կրթական մշակ Գէորգ Յակոբեանին, որ մօտ 50 տարիներու բեղուն գործունէութիւն ունեցած է սփիւռքահայ վարժարաններէ ներս: Գէորգ Յակոբեան կը պատկանի ստուար թիւ մը կազմող այն մելգոնեանցիներուն, որոնք ուսուցչական ասպարէզը ընտրեցին որպէս կեանքի ուղեգիծ, հայ մատաղ սերունդի դաստիարակութեան վեհ գործին ջերմեռանդօրէն նուիրուելու հաստատ վճռականութեամբ:
Նաեւ, նախաձեռնութեամբ Մելգոնեան սանուց եւ բարեկամներ միութեան, կարգադրութեամբ ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչական ժողովի փոխնախագահ Սինան Սինանեանի ու ՀԲԸՄ Մարի Մանուկեան-Տէմիրճեան վարժարանի տնօրէն Յակոբ Յակոբեանի, նոյն վարժարանէն բազմամեայ վաստակ ունեցող երեք ուսուցիչներ՝ Գէորգ Յակոբեան, Հերմինէ Սահակեան եւ Զարմուհի Մինասեան (բոլորն ալ մելգոնեանցի) պիտի պարգեւատրուին Ս. Սահակ եւ Ս. Մեսրոպ շքանշանով, որուն տուչութիւնը տեղի պիտի ունենայ Յունուար 2013ին, Պըրպենքի Ս. Ղեւոնդեանց Մայր տաճառին մէջ, ձեռամբ առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի: