Մայիս 18-ին սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեան ընդունեց Կիպրոսի Մելքոնեան կրթական հաստատութեան նախկին շրջանաւարտներու պատուիրակութիւնը, որուն կազմին մէջ էին Բիւզանդ եւ Մարի Ագբաշեանները (Պոլիս), Գրիգոր Մարոնեանը (Մոնրէալ), Մանուկ Եէտըզեանը (Կիպրոս), Գէորգ Մարաշլեանը (Ուաշինկթըն):
Մելքոնեանցիները ներկայացուցին իրենց խնդրանքը` աջակցելու Կիպրոսի Մելքոնեան վարժարանի վերաբացման, նշեցին, որ կրթական հաստատութեան տարբեր տարիներու հարիւրաւոր շրջանաւարտներ պատրաստ են նիւթական, մտաւոր, բարոյական ներդրում ունենալ համազգային հնչեղութիւն ունեցող այդ խնդրի լուծման:
Անոնք նշեցին նաեւ, որ կը հովանաւորեն Մասիսի համար 2 վարժարան, հանգանակուած 120 հազար տոլարը ուղղած են 900 աշակերտ ունեցող դպրոցի վերանորոգման:
Սփիւռքի նախարարը, կարեւոր համարելով Մելքոնեան վարժարանի վերաբացման խնդիրը, հաւաստիացուց, որ խնդիրը համակողմանի կ’ուսումնասիրուի եւ համատեղ լուծումներ կը գտնուին: «Հայապահպանութեանը միտուած խնդիրներն անպայման կը լուծուեն, միայն ժամանակ է պէտք: Պիտի արդարացնենք միլիոնաւոր հայերի սպասելիքները», – աւելցուց ան: