ԵՐԵՒԱՆ.- Երկուշաբթի, 16 Յուլիսին նախատեսուած էր Երեւանի աւագանիի նիստ, որուն ընթացքին պիտի ընտրուէր Երեւանի քաղաքապետը: Առաջադրուած էր միայն մէկ թեկնածու՝ «Երկիր Ծիրանի» կուսակցութեան նախագահ Զարուհի Փոստանջեան:
«Ելք» եւ Հանրապետական խմբակցութիւնները թեկնածու չէին առաջադրած: Երկու խմբակցութիւններն ալ հանդէս եկած էին յայտարարութեամբ՝ ստեղծուած իրավիճակին մէջ ճիշդ նկատելով քաղաքապետ ընտրելու իրաւունքը վերապահել ժողովուրդին, այսինքն՝ աւագանիի նոր ընտրութիւններ ձեռնարկել: Երկուշաբթի օրուան նիստը չկայացաւ՝ աւագանիի անդամներու մեծ մասին բացակայութեան պատճառով: