Զ. Գ. Ղ.
Լուսանկարը՝ Ցոլակ Յովսէփեանի, Լոս Անճելըս, 1992
Այնճար գիւղաւանի «Հիւղը» բնակարանի այս տարուան Մեծարենցեան գրական երեկոներու վերջին ձեռնարկը նուիրուած էր գրագէտ, խմբագիր, գրաքննադատ եւ ուսուցիչ Պօղոս Սնապեանին:
Հակառակ լիբանանի մէջ տիրող աննպաստ պայմաններուն, քաղաքական, տնտեսական, առողջապահական, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ Արցախի օրհասական կռիւներուն՝ ազերիներուն դէմ, «Հիւղը» բնակարանի տէրերը անտեսած էին ամէն դժուարութիւն եւ Պէյրո
ւթէն որպէս դասախօս հրաւիրած էին «Ազդակ» օրաթերթի աշխատակից, յօդուածագիր Համբիկ Պիլալեանը, որպէսզի խումբ մը գրասէր հասարակութեան ներկայացնէ գրագէտ եւ ուսուցիչ Պօղոս Սնապեանը: Դասախօսութիւնը տեղի ունեցաւ կիրակի, 4 հոկտեմբեր 2020-ին: Դասախօսութեան ներկայ էին Պօղոս Սնապեանին եղբայրը՝ Մարտիրոս Սնապեանը եւ դուստրը՝ Թամար Սնապեան-Սուրճեանը:
Զաւէն Ղարիպեան իր ներածական խօսքին մէջ ըսաւ, որ այս օրերուն մեր հայրենիքը՝ Հայաստանն ու Արցախը ճգնաժամային վիճակ կ՛ապրին, հայու գոյութեան համար մահու կենաց պայքար կը մղուի: Աշխարհի հայութիւնը ոտքի է ու իր բոլոր կարելիութիւններով կը փորձէ օգտակար ըլլալ ճակատի վրայ կռուող զինուորին:
Ան դիտել տուաւ, որ այդ երեկոյ պիտի խօսուի մարդու մը մասին, որ իր ամբողջ կեանքը նուիրած է հայութեան պայքարին: «Վերջերս կը թերթէի իր գրած գիրքերը. անոնցմէ մէկուն մէջ կը նկարագրէ, թէ ինչպէ՛ս 1915-ին քանի մը հարիւր Մուսա Լեռցի հայ մարտիկներ դէմ կը դնեն թուրք հազարաւոր կանոնաւոր եւ ոչ կանոնաւոր բանակներու՝ ջարդելով ու փախուսստի մատնելով զանոնք: Այսօր պատմութիւնը կը կրկնուի: 3 միլիոն հայութիւնը կը կռուի 80 միլիոն թուրքին դէմ՝ ըսելով, որ մենք կա՛նք, պիտի մնանք ու շատանանք», ըսաւ Ղարիպեան:
Ան դիտել տուաւ, որ Պ. Սնապեան կը պատկանի Հայոց ցեղասպանութենէն ճողոպրած ու վերապրած երկրորդ սերունդին, «եթէ նկատի ունենանք ցեղասպանութենէն փրկուած հայու բեկորները որպէս առաջին սերունդ՝ Յակոբ Օշական, Շահան Շահնուր, Կոստան Զարեան, Համաստեղ, Վահան Թէքէեան, Եղիշէ Չարենց, Ակսել Բակունց, Վահան Թոթովենց: Իսկ երկրորդ սերունդի ժամանակաշրջանի արժանի զաւակները՝ Պարոյր Սեւակ, Յովհաննէս Շիրազ, Սիլվա Կապուտիկեան, Վահէ Վահեան, Պէպօ Սիմոնեան, Գէորգ Աճեմեան, Երուանդ Փամպուքեան, Պօղոս Սնապեան, Եդուարդ Պօյաճեան: Այսօր երրորդ սերունդի գրագէտներու ու արուեստագէտներու ծլարձակումի ակնկալութեան մէջ ենք»:
Օրուան գրասէրներուն Պօղոս Սնապեանի կեանքն ու գործը ներկայացուց Համբիկ Պիլալեան, որ դիտել տուաւ, թէ ներկայացման ընթացքին պիտի փորձէ իր սրտի խօսքը փոխանցել, լոյսին բերելով` այս պարագային, եզակի գրող, յախուռն գրաքննադատ, անխոնջ խմբագիր, իրաւ ուսուցիչ ու ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԱՐԴ Պօղոս Սնապեանի կեանքն ու գործունէութիւնը, անշուշտ առանց մտահան ընելու անոր` Սնապեանի լո՜ւռ, եւ միշտ մեզի ուղեկցող, այլապէս շեշտակի այն պատգամը, թէ`իսկական գրողը պէտք է հեռու մնայ շռայլ, անբովանդակ եւ հաճոյակատար խօսքերէ, զերծ մնայ ինքնագոհի արտայայտութիւններէ եւ պարտի միշտ նժարի վրայ դնել իրաւ մտաւորականի առանձնայատկութիւնը։
Ան նշեց, որ Պօղոս Սնապեան, որքան իր ժամանակի, այսպէս ըսած, ԽՆԴՐԱՅԱՐՈՅՑ գրողն է եղած, յախուռն գրիչի տէր անհատը, իւրայատուկ գրաքննադատը, գրական դաւանանքի մը ստեղծիչը, այսինքն` խստապահանջ, գեհենական, դժուարահաճ, ճակատումէ չվախցող, նոյնքան եղած է ազնուասիրտ հայը, ազգային հոգերով ապրող հրապարակագիրը, բարեհոգի հայրը, ամուսինը, ընկերն ու բարեկամը։ Պիլալեան աւելցուց, թէ ճիշդ է, որ Պօղոս Սնապեան ամբողջ վեց տասնամեակ առանց երկմտանքի եւ խիզախաբար ճօճած է իր գրադատի «սուր»-ը, ամէն բանէ վեր դասած է իր համարումի ընկալումը, աւելի՛ն, ամէն առիթի բարձրաձայնած է գրական իր հայեացքներուն շեշտակիութիւնը, այդուամենայնիւ, սիրած ու յարգած է բոլոր անոնք, որոնց մէջ տեսած է արուեստագէտի հունտը, գրողական արժանիքը, կիրքը, եռանդը, արարելու կամքը, թռիչքը, սեփական տուայտանքներու իրաւութիւնը, ապրումներու անեղծ արտայայտութիւնը, բայց մանաւանդ` աշխատասիրութիւնը։
Ապա ան ներկայացուց Սնապեանի կենսագրականը։ «Մուսա լերան Պիթիաս գիւղին հարազատ զաւակը ծնած է 11 օգոստոս 1927-ին։ Ան, այսօր, եթէ մեզի հետ ըլլար, դիմաւորած պիտի ըլլար իր 93-րդ տարեդարձը, վստահաբար, մեզի ներկայանալով նոյն ջերմութեամբ, կենսասիրութեամբ, խոր ժպիտը դէմքին, ու մանաւանդ` կեանքի դժուարութիւնները արհամարհողի ու դիմակայողի խրոխտ կեցուածքով եւ պայծառամտութեամբ։ Ան իր հօրմէն` Մարկոս Սնապեանէն ժառանգած էր երկու արժանիք, նախ` լեռնականի ոգին, այսինքն` բարբարոս թուրքին դէմ պայքարելու կամքը, եւ երկրորդ` ազգային արժէքներու խոր հաւատարմութիւնը։ Ի դէպ, իբրեւ լեռնականի ժառանգորդ, գրիչը ահարկու զէնքի վերածած ու գիտութիւնը` վահանի, ան ոչ մէկ զիջում ըրաւ, պայքարի ճամբուն վրայ, եւ ի գին մեծ զոհողութիւններու` հաւատարիմ մնաց իր ազգային ըմբռնումերուն եւ գաղափարական կազմաւորումին ու պատկանելիութեան։ Նախակրթութիւնը կը ստանայ նախ ծննդավայրին, ապա` Այնճարի մէջ։ Իր կեանքին մէկ ճակատագրական փուլը կը հանդիսանայ մեծանուն գրող Յակոբ Օշականին աշակերտելը, Երուսաղէմի Ժառանգաւորաց վարժարանին մէջ (1944-1950թ)։ 1962-64, կը գտնուի Փարիզ։ Կը հետեւի Ալիանս Ֆրանսէզի եւ Սորպոնի գրականութեան եւ իմաստասիրութեան դասընթացքներուն։ Շրջան մը կը ստանձնէ «Ազդակ» օրաթերթի ազգային, գրական-մշակութային էջերու խմբագրութիւնը, կը վարէ ուսուցչական պաշտօն՝ տարբեր վարժարաններու մէջ, մաս կը կազմէ «Գէորգ Մելիտինեցի» հրատարակչական յանձնախումբին։
«Տեղին է նշել, որ Երուսաղէմի մէջ սկսած անոր գրական փորձերը արդէն լոյս կը տեսնէին «Նայիրի»-ի, «Ակօս»-ի եւ «Ազդարար»-ի մէջ։ Փաստօրէն, 1953-ին, Սնապեան կը հրատարակէ իր առաջին վիպակը` «Ժամանակ չկայ», որուն կը յաջորդեն, քանի մը տարի ետք, «Յեղափոխութեան համար» բոցաշունչ գիրքը, «Միջնաբերդ» խորագրով գրական տարեգիրքը եւ բազմաթիւ հրատարակութիւններ։
Սնապեանական եզակի ճակատագրին անկիւնադարձ կը հանդիսանայ, «Բագին» ամսագիրի ծնունդը 1962 թուականին։ Ան խմբագիրի պաշտօնին կը կոչուի, Կարօ Սասունիի եւ Եդուարդ Պոյաճեանի կողքին։ Իսկ քանի մը տարի ետք` 1966-ին, Եդուարդ Պոյաճեանի մահէն ետք, Պօղոս Սնապեան կը ստանձնէ գրական ամսագիրի խմբագիրի ամբողջական պատասխանատուութիւնը։
«Ան, օրինակելի ձեռնհասութեամբ եւ անմնացորդ նուիրուածութեամբ կը վարէ այս պաշտօնը, աւելի քան քառասուն տարի շարունակ։ Հոս, միջանկեալ շեշտադրենք, առանց չափազանցութեան, որ «Բագին»-ի ծնունդը, ձեւով մը կը հանդիսանայ Պօղոս Սնապեանի վերածնունդը, որովհետեւ, կը թուէր, որ Սնապեանին կը պակսէր այն հարթակը, միջավայրն ու մթնոլորտը, որուն յաճախ կ’ակնարկէր, որպէսզի կարենար ըստ էութեան դրսեւորել ինքզինք եւ յայտնաբերել սնապեանական ներհայեաց եւ ինքնահաստատ գրականագիտական ուսմունքը, եւ նետուիլ մարտի դաշտ։ Յայտնապէս, «Բագին»-ը կը դառնայ Պօղոս Սնապեանի մեհեանը, ամրոցը, կաճառը, ուրկէ ընձիւղուեցան հետագայ տարիներու շնորհաշատ եւ բիւրեղացած հեղինակները, որոնք իրենց կարգին ստեղծագործեցին յանուն հայ գրականութեան տարածման եւ գրական մտքի առաւել զարգացման», յայտնեց Պիլալեան։ Ան նաեւ յիշեց, որ Սնապեան վարած է ուսուցչական պաշտօն տարբեր վարժարաններու մէջ, դասաւանդելով հայ գրականութիւն երկրորդական դասարանի աշակերտներու։ Փաստօրէն, իր ներկայութիւնը հայ վարժարաններէ ներս, իր իսկ վկայութեամբ, սոսկական ասպարէզի մը համար չէ եղած, այլեւ` հայ գրականութեան արժէքներն ու սրբութիւնը փոխանցել նորահաս սերունդներու ու անոնց մէջ հաստատել հայ գիր ու գրականութեան խորանը, որուն երկրպագուն մնաց ան իր ողջ էութեամբ։
«Իրօք, քաջ կը հաւատանք, որ «Բագին» գրական ամսագրին առընթեր, Սնապեանի գրականագիտական աշխատանքի մեծագոյն ներդրումը կը կայանայ նաեւ անոր մէջ, երբ իրեն կը վստահուի, 1980-ականներուն, Համազգայինի հայագիտական բարձրագոյն հիմնարկի գրական ճիւղին դասախօսի պաշտօնը, զոր մեծ ջանասիրութեամբ եւ ոգեւորութեամբ կը վարէ տարիներ շարունակ, գաղութահայ մեր կեանքին ընծայելով ուսանողական փաղանգներ, որոնք, իրենց կարգին, ուր ալ գտնուեցան, շարունակեցին սնապեանական գրական շունչին ու ոգիին աւանդները։
Այս առիթով Համբիկ Պիլալեան տուաւ հետեւեալ կենդանի վկայութիւնը. «Պօղոս Սնապեանի յիշատակին նուիրուած երբեմնի ուսանողուհիի մը սա տողերը, զորս ունկնդրեցինք ձայնասփիւռի կայանէ մը, վերջերս, որքան սրտառուչ կը հնչեն այս օրերուն, երբ ան կը վերյիշէ Հայագիտականի իր ուսուցիչը, յայտնելով, թէ` «Պօղոս Սնպաեանի կերպարը յատուկ էր ինծի համար, որովհետեւ ան ոչ թէ գրականութիւն կը դասաւանդէր, այլ իր հոգիէն բխող հուրով, կիրքով եւ պաշտամունքով` մեր գրողներուն եւ մայրենիին կը հրաւիրէր մեզ։ Ան ստեղծագործի իր վարակիչ ուժով մղած է իր ուսանողները, որպէսզի իրենց մէջ արթննայ ստեղծագործական կիրքը։ Սնապեան ԱՆԽԱՌՆ, այսինքն` հարազատ, ապրումով լեցուն բառեր կը փնտռէր մեր գրած տողերուն մէջ։ Անոր կարգախօսն էր՝ անդադար կարդալ, գրել եւ անխոնջ աշխատիլ։ Այստեղ է, ահաւասիկ, իտէալ ուսուցիչը, որ կը խթանէ իր ուսանողը, կը քաջալերէ, մթնոլորտ կը ստեղծէ` յափշտակուելու հայ գիր-գրականութեամբ։ Պօղոս Սնապեան ամբողջ էութեամբ կ‘ապրէր դասապահը ու մեզ կը մղէր նոր հորիզոններ գծելու։ Անոր մտաւորականի էութիւնը ընդելուզուած էր գրականութեամբ։ Իւրաքանչիւր հատուածի, երբեմն բառի` պատմութեան մանրամասնութիւններուն քաջատեղեակ, բծախնդրօրէն կը վերլուծէր եւ գրականութեան պահը հմայիչ կը դարձնէր։ Իբրեւ ուսուցիչ մեզմէ կը պահանջէր մեր գրական փորձերը կատարել կիրքով եւ հաւատարմօրէն։ Իր խորունկ եւ հարուստ ներաշխարհէն բխող ամէն գիտելիք եւ թելադրանք հիացմունքով կ՛ըմբոշխնէինք։ Գրականութեան մասին իր գիտելիքները հարուստ ու խորաթափանց էին։
«Այո՛, պէտք է անվարան ընդգծել, որ մեր պարոնին` Պօղոս Սնապեանին մասին երբ կ’անդրադառնանք, ներքին հզօր ձայն մը ինքզինք կ’արձագանգէ, լոյսին բերելու այս եզակի ուսուցիչին գրական դաւանանքը, կիրքը, եռանդը, խանդաղատանքը։ Փաստօրէն, մենք չենք կրնար մտահան ընել անոր ծանրակշիռ խօսքն ու, այսպէս ասած, խիստ պահանջը, ամէն քայլափոխի ու առիթի, թէ`արեւմտահայերէնին հանդէպ պէտք է ցոյց տալ գուրգուրանք, երկիւղածութիւն, սէր, բծախնդրութիւն եւ հաւատարմութիւն։ Սեփական գրութեան մէջ շեշտաւորել ինքնութիւնը։ Ըլլալու ինքնուրոյն` զատորոշուելու շրջապատէն։ Ահա թէ ինչո՛ւ ան խստապահանջ էր, չէր հանդուրժեր թերացում, թափթփուք, տափակութիւն», նշեց ան։
Ապա Պիլալեան ընթերցեց Պօղոս Սնապեանի տողերը՝ անոր սիրելի ուսուցիչին մասին. «Ես կը հաւատայի Օշականին, այնպէս` ինչպէս մարդիկ կը հաւատան մարգարէի մը, եւ ինք ամէն օր կը հետեւէր իմ քայլերուս։ Արդէն մեր փոխյարաբեր-ութիւնը ուսուցիչի եւ աշակերտի փոխյարաբերութիւն մը չէր։ Աւելի շուտ հայրերուն եւ որդիներուն միջեւ հաստատուած խորունկ կապ մըն էր։ «Անհանդարտ բնաւորութիւնս յաճախ անկարգութիւններու կը մղէր զիս վանքի իշխանութիւններուն դէմ, բայց Օշական կը յաջողէր մեղմել անոնց խոժոռութիւնը։ Օր մը, ըսաւ. «Բարեբախտաբար, ուսուցիչ ըլլալէ աւելի`ես հայր եմ քեզի։ Ո՞վ կը հանդուրժէ քեզի պէս յիմար մը, եթէ չըլլար յիմարապետը»։
«Ուրիշ օր մը Օշական ըսած է. «Դուն գիւղացի մըն ես, դուն իմ կործանում-ներուս կրնաս դիմանալ, ես քեզ պէտք է կործանեմ»։ Ու կը կործանէր։ Ահարկու ուսուցիչ մըն էր Օշական։ Անկարելի էր ունենալ իր ամբողջական համարումը»։
Սնապեան կ’աւելցնէ. «…երբեմն մէկ տող, պարբերութիւն մը կ‘անջատէր ներկայացուած գրուածքէն, կը խանդավառուէր, երկարօրէն կը խօսէր այդ մէկ տողին, մէկ պարբերութեան մասին, բզկտելով մնացեալ ամբողջը, յայտնելով իր զայրոյթը մնացեալին մասին։ Օշական դժուարահաճ էր շատ, բայց ես որոշած էի նուաճել համարումը։»
Այլ տեղ մը, Պօղոս Սնապեան հետեւեալ պարզութեամբ բայց խորունկ համարումով մը կ’անդրադառնայ իր ուսուցիչին ըսելով` «Մեծ գրագէտն ու քննադատը նոյնքան մեծ ուսուցիչ էր, որ իր շուչին տակ նախապէս ինկած բոլոր ուսանողներուն պէս մեզ ալ առաւ իր բացած հունին մէջ ու յանձնեց հայ գրականութեան անդիմադրելի հոսանքին։ Ան, Օշականը, բնատուր շնորհը ունէր գրականութեան հանդէպ ստեղծելու այնպիսի հետաքրքրութիւն մը, այնպիսի կիրք մը, որ իր ներկայութեան եթէ գրելու յաւակնութիւն անգամ չարթննար տղոց մէջ, առնուազն ընթերցանութեան սէր մը կը բողբոջէր անոնց սրտերուն։»
Բանախօսը դիտել տուաւ, որ Պօղոս Սնապեան ոչ միայն կը յաջողի իր իսկ տուած լո՜ւռ երդումին տէր կանգնիլ` նուաճելու իր ուսուցիչին համարումը, այլ նաեւ կը դառնայ ինքնուոյն դէմք եւ հզօր գրիչի տէր գրաքննադատը, որ իր անհանդարտ եւ պոռթկացող նկարագրին, մտաւորական խառնուածքին եւ գրականագիտական ուսմունքին շնորհիւ կը ստեղծէ իր անդաստանը, ու կը լծուի հայոց լեզուին ու գրականութեան պաշտպանութեան։ Ու այսպէս, ամբողջ կէս դար եւ քիչ մըն ալ աւելի, Սնապեան կը ներկայանայ հայութեան, լայն ճակատով, հայ գրականութեան քրմապետի պատմուճանը հան-դերձած, բայց մանաւանդ` ինքնավստահօրէն դէպի նոր հորիզոններ սաւառնելու անյեղլի տրամադրուածութեամբ։
Պիլալեան մէջբերում կատարեց Անդրանիկ Ծառուկեանէն, երբ ան անդրադարձած է Սնապեանի լեզուին ու ոճին. «Մաքուր լեզու մը եւ կտրուկ ոճ մը ունի Սնապեան։ Իր սերունդէն քիչեր կրնան յաւակնիլ, թէ երբեւիցէ կրցած են հայերէն լեզուն գործածել նոյնքան ճշգրիտ ու այլազան գեղեցկութիւններով։ Հակադրութիւնները, անակնկալ եւ արագ դարձուածք-ները կը մնան Սնապեանի աշխոյժ, տաք եւ համակող ոճին գլխաւոր յատկանիշերը»։ Ըստ անոր՝ իբրեւ ստեղծագործ Սնապեան վարպետօրէն կրցած է օգտագործել մարդուս ի վերուստ շնորհուած ժամանակը, որուն կառչած մնաց մինչեւ վերջ, օգտագործելով իւրաքանչիւր րոպէ անյագ ընթերցելու, պրպտելու, ուսումնասիրելու, գրական, լեզուական, գեղարուեստական թղթածրարներ լոյսին բերելու եւ ամբողջ շրջապատ մը` դէպի գրականութեան անդաստան մղելու։
Համբիկ Պիլալեան դիտել տուաւ, որ գրագէտ, գրաքննադատ ու «Մեհենապաշտ» Պօղոս Սնապեանի կեանքը ալեկոծութեամբ յիշատակելի եղած է։ Ան, տասնամեակներ շարունակ, շնորհիւ իր վճռակամութեան եւ շեշտակի գրիչին, անհանգիստ պահեց այն մտաւորականները, որոնք ոտնահարած էին գրական արժանիքներ, հրապարակային դատաքննութեան ենթարկեց դիմափոխը, գրական ձեւազեղծումներ կատարողը, համակերպութեան ու յեղյեղուկ նկարագիրի տէր գրողը, արուեստական ու բարոյական արժանիքէ զուրկ գրագէտը։ Սնապեանի խոր համոզումով` «Գրականութիւնը կը պատկանի մարդուն։ Մարդուն հետ խօսելու կարօտ, գեղեցկութիւն մը հաղորդելու մղում է ան:
«Փաստօրէն, ան, իր ուսուցիչի ու խմբագիրի ծանր աշխատանքին առընթեր, հայ ընթերցողի սեղանին մատուցեց աւելի քան 20 հատոր (վիպակ, վէպ, արձակ, խորհըր-դածութիւն, գրական ուսումնասիրութիւն եւ այլն), որոնք ոչ միայն պատիւ կը բերեն հայ գրականութեան, այլեւ` առանձնապէս ցոյց կու տան Սնապեանի արարելու կիրքը, գիրին հետ հաղորդուելու եզակի տենչը, դէպի գրականութիւն ճախրելու ներքին մղումը, հայ թէ օտար հսկաներու գրականութեամբ յափշտակուելու ծարաւը, հայութեամբ ու հայկականութեամբ ըմբոշխնելու կեանքը առհասարակ։
«Ու ահա, 1953-էն սկսեալ, «Ժամանակ չկայ»-ի ծնունդով կը սկսէր անոր հեղինակային ոստումները, մե՛րթ փոթորկալից, մե՛րթ ցասկոտ, մե՛րթ ժուժկալ, բայց միշտ կայտառ ու ամրապինդ հետեւողականութեամբ` հիւսելու հայ գրականութեան փառքն ու պատիւը, մշտնջենականութիւնը։ Ըսինք, հեղինակային ոստումներ, որոնք յաջորդեցին իրարու, ու հայ ընթերցա-սէր հասարակութեան փոխանցեցին պանծալի շարքը բոցաշունչ հատորներու, ինչպէս` «Յեղափոխութեան համար», «Անդրշիրիմեան ձայներ», «Աւազախրած նաւը», «Ես այդ շունն եմ», «Կորստեան թոյներ», «Հանդիպումներ Ուիլիըմ Սարոյեանի հետ», «Աղքատներու աւանդութիւնը» (3 հատոր), «Արագիլ», «Ինչպէս հայհոյեմ», «Միջնարար 5», «Յասմաւուրք», «Տպաւորութիւններու հէնքով», «Ես իմ անուշ»ի ոդիսականը», «Կրկէսնին մէջ» (3 հատոր), «Երկու սպանդ», «Անընդունելի», «Պատիժներ», «Ցերեկային դաւ», «Վերծանումներ», «Տարեդարձներ», «Շան քարոզներ», «Ձգողական…», «Հարցազրոյցներ Պօղոս Սնապեանի հետ», «Յուշագիրներ», «Գիրքերու հետ», «Պարոնը», ու դեռ աւելին, որոնք անտիպ մնացած են ու կը սպասեն լոյսին։
«Մուսա լեռցի մեր պարոնին` Սնապեանի գրիչին կը պատկանի ուշագրաւ հատոր մը, որ իր ժամանակին ցնցած է ընթերցասէր ու մտաւորական հասարակութիւնը։ Գիրքին անո՞ւնը`«Ես այդ շունն եմ»։ Ըստ իս, Սնապեանի լեզուին ու գրական ոճին մէկ բարձրագոյն դրսեւորումն է այս գիրքին բովանդակութիւնը, ուր շեշտուած են արձակ-բանաստեղծութեան ամուր տարրերը եւ հոգեբանական երեւոյթները։ Գիրքին մէջ, կը հանդիպինք սնապեանական սա առինքնող ու համարձակ տողին. «Սկսած եմ արդէն շուն մը կրել մէջս, …շուն մը, որ կը հաջէ հոգիիս մէջ»։
«Ու այդ օրէն սկսեալ, Պօղոս Սնապեանի «հաջոց»-ները չդադրեցան երբե՛ք, որովհետեւ ատոնք արդարութեան, եղբայրութեան, հայաշունչ ապրումներու, յանուն ազգային իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ զգօնութեան «հաջոց»-ներ էին, ու մնա-ցին իբրեւ այդպիսին` սուրբ մաղթանքներ ու տառապող հոգիի մը արձագանգները։ Սնապեան զարմանալի ու զարմացնող գրող մըն է», շեշտեց ան։
Ապա Պիլալեան անդրադարձաւ երկու գիրքերու, որոնք տպաւորած էին զինք՝ «Պատիժներ» խորագրեալ գիրքը, որուն մասին ան ըսաւ. «Այս հատորի լոյս ընծայումով, ի շարս այլ արժանիքներու, մենք ականատես կը դառնանք Սնապեան Պօղոսի սկզբունքային, ազատատենչ ու անաչառ ոգիին։ Իր խօսքն է. «Այն ազատութիւնը, որ ես թոյլ տուած եմ ինքզինքիս ուրիշներուն հետ վարուելու, նոյն ազատութիւնը կը կարծեմ ունին բոլորն ալ` ինծի հանդէպ վարուելու»։ Տասնամեակներ շարունակ, հայ գրականութեան անաղարտ պահպանման եւ գրողի դիմագիծի վաւերականութեան պաշտպանութեան լծուած Պօղոս Սնապեան մնացած է անսասան, յամառ ու վճռակամ, որ ո՛չ միայն չընկրկեցաւ նման քննա-դատութիւններու դիմաց, այլեւ հանդէս եկաւ զանոնք ամբողջովին իր ընթերցողին հրամցնելու նախաձեռնութեամբ»։
Երկրորդ գիրքը «Վերծանումներ…» գիրքն է, որ հինգ գրողներու եւ անոնց եզակի ստեղծագործութիւններուն մասին կատարուած անյագ պրպտումներու եւ ուսումնա-սիրութիւններու շտեմարան մըն է, ուր ամփոփուած են լրացուցիչ եզրակացութիւն-ներ, թաքուն անուններու բացայայտումներ, գրական արժեչափերու համընկնող նկատողութիւններ, տուեալ հեղինակներու կենսակերպին, յեղյեղուկ մօտեցումներուն եւ կեցուածքներուն մասին որոշակի արժեւորումներ եւ այլն։
Բանախօսին համաձայն, գրաքննադատ, արձակագիր, խմբագիր ու գրող-մտաւորական Պօղոս Սնապեան յաճախ անդրադարձաւ տարբեր տիպի գրական խորթութիւններու, ինչպէս` բանագողութիւն, միջակութիւն, դաւաճանութիւն, տաղանդի չգոյութիւն, ստապատիր ու կեղծ մօտեցումներ եւ այլն, եւ անխտիր դիմազերծ ըրաւ բոլորը։ Այդուամենայնիւ, շարունակեց սիրել ու յարգել Գուրգէն Մահարին, Աւետիք Իսահակեանը, Յովհաննէս Թումանեանը, Վահէ Օշականը, Կոստան Զարեանը եւ այլք, որովհետեւ անոնց մէջ տեսաւ նաեւ` պայծառ մտքի, լուսաշող հոգիի եւ արուեստագէտի վաւերականութիւնը։
Համբիկ Պիլալեան յայտնեց, որ Պօղոս Սնապեան իր կենդանութեան հրատարակեց 20 անուն գիրք։ Խմբագրեց 60 գիրք, որոնց 20 հատը կը պատկանի Յակոբ Օշականին։ Յիրաւի, կոթողային խմբագրական աշխատանք են` Նշան Պէշիկթաշլեանի «Թատերական դէմքեր»-ը, Յ. Օշականի «Մնացորդացը»ը, Կոստան Զարեանի «Անցորդը եւ իր ճամբան»։ Ճիշդ է, որ անոր մահէն ետք, հրատարակութեան արժանացան այլ հատորներ, այդուհանդերձ, Պօղոս Սնապեանի գրիչին պատկանող բազմաթիւ անտիպ գիրքեր դեռ լոյսին կը սպասեն։ Աւելի՛ն. Սնապեանի գրական ժառանգին մաս կը կազմեն նամակներու հոյլը (թիւով քանի մը հազար), որոնք, իրենց կարգին, եթէ պատշաճօրէն հրատարակուին, լոյս պիտի սփռեն աւելի քան կէս դարու հայ գրականութեան անդաստանին մէջ Պօղոս Սնապեանի ունեցած անգնահատելի ներդրումին ու անկորնչելի արժանիքին վրայ։
«Միւս կողմէ, ի՜նչ խօսք անխոնջ խմբագիրի կոչումին եւ աշխատասիրութեան, որով յատկանշուեցաւ Պօղոս Սնապեան, երբ ան իր անունը շաղախեց «Բագին» ամսագրին, եւ 40 տարիներու վաստակ մը թողուց արդի հայ գրականութեան ու մամուլի պատմութեան էջերուն։ Եւ սա տարօրինակ թող չթուի, եթէ երբեք ըսենք, որ Պօղոս Սնաեպանի «Բագին»-ը, սոսկական գրական ամսագիր մը ըլլալէ աւելի, եղաւ գրական աշխարհի մը ամրոցը, մտքի ու հոգիի ընձիւղման լծուած կաճառը։
«Պօղոս Սնապեանի մասին խօսիլ ու գրել այդքան ալ դիւրին աշխատանք մը չէ եղած ու պիտի չըլլայ երբեք։ Սակայն, այսօր, մեր ներաշխարհն ու սրտի տրոփները, տեղ մը, հանգիստ են, երբ սիրով ու խոր ապրումով, նոյնինքն իր գիւղին մէջ, մենք կը մեծարենք անուն մը, ազգային արժէք մը համակ, ու կը խոնարհինք իր յիշատակին ու վաստակին առջեւ։
«Միւս կողմէ, դիտաւորեալ, ուզեցի խօսքիս աւարտին անդրադառնալ Պօղոս Սնապեանի խմբագրած «Անկրկնելիներու ժամանակը» խորագրեալ «Բագին»-ի զոյգ բացառիկներուն, որոնք նուիրուած էին Արցախեան ազատագրական պայքարին։ Իսկապէս, կոթողային աշխատանք մը, որուն, օրին, ձեռնարկեց մեր լեռնցի խմբագիրը, պարզապէս հայ ժողովուրդին մատուցելու անզուգական հերոսներու հերոսագրութիւնը, խոյանքը, օրինակելի հայրենապաշտութիւնը, զազիր թշնա-միին`թուրք-ազերիին յաղթելու հայու կամքն ու վճռակամութիւնը, եւ պատմական հայրենիքը` Արցախը ազատագրուած տեսնելու դարաւոր երազը։ Տեսէք, ինչպիսի՛ ճակատագրական ու հրաշալի զուգադիպութեամբ մը, այսօր, Արցախի հողին վրայ տեղի կ’ունենան գոյամարտեր, որոնք փառապանծ մեր անցեալի շարունակութիւնն են, 1990-ականներու ազգային ազատագրական պայքարի հետեւողութեամբ», շեշտեց Պիլալեան։
Եզրափակելով՝ ան ըսաւ. «Մեր ապրումներուն եւ յոյզերուն կշռոյթը պահելով հանդերձ, մենք չենք կրնար մոռնալ մեր ուսուցիչին բարոյահոգեբանական եւ իմացական ազդեցութիւնը մեր վրայ, որովհետեւ ան կրցաւ մեծ ջանասիրութեամբ մեզի ուսուցանել` սէր ու խոր յարգանք հայ գրականութեան ու ազգային արժէքներու հանդէպ։
Համբիկ Պիլալեան իր ելոյթը աւարտեց հետեւեալ խօսքով. «Ան մեր հոգիները բոցավառեց Մ. Մաշտոցի, Ն. Շնորհալի, Գ. Նարեկացիի, Սայաթ Նովայի, Մեծարենցի, Դ. Վարուժանի, Վ. Շուշանեանի, Շահան Շահնուրի, Ռ. Զարդարեանի, Յակոբ Օշականի, Կոստան Զարեանի, Պ. Սեւակի, Ե. Չարենցի, Խ. Դաշտենցի, Մուշեղ Գալշոյեանի, Վահէ Վահեանի, Ն. Պէշիկթաշլեանի, Զ Խրախունիի ու ժամանակակից բազում նուիրեալներու ստեղծագործութիւններով»։