Երկրաւոր արժէքները դատապարտուած են ցեցով ու ժանգով փճանալու, իրենց հետ փճացնելով նաեւ այդ արժէքներով իր կեանքը լեցուցած ու «մեծութիւն»ը կերտած մարդը: Երկրաւոր արժէքներու սպասարկու մարդը գերեզման կ՚իջնէ ու հոն կը մնայ. իսկ երկնային ու յաւիտենական արժէքներուն հաւատարիմ ու սպասարկու մարդը վեր կը մնայ գերեզմանէն: Պատմութիւնը վկա՛ն է այս ճշմարտութեան:
(«ՆՈՐ ՀՈՐԻԶՈՆՆԵՐՈՒ ԴԻՄԱՑ», Անթիլիաս, 2018)