ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ
ՊԱՅՔԱՐ – 169 (2-ՐԴ ՄԱՍ ԵՒ ՎԵՐՋ)
Տոքթ. Լեփսիուս ձեռնածալ չմնաց Հոլանտայի մէջ: Ան շարունակեց հայանպաստ գործունէութիւնը եւ յաջողեցաւ հասարակական կարծիք ստեղծել` մերկացնելով հայ ժողուրդին հանդէպ երիտթուրքերուն գործած վայրագութիւնները: Ան յարաբերութեան մէջ մտաւ քաղաքական ազդու ուժերու հետ եւ հիմնեց Հայաստանի օգնութեան համար հոլանտական խորհուրդը: Հոլանտա գտնուելով հանդերձ, շնորհիւ Գերմանիոյ մէջ ունեցած բարեկամներուն, միաժամանակ շարունակեց արեւմտահայութեան մարդասիրական օգնութիւն առաքելու ախատանքը: Շեշտելով հայ ժողովուրդին ողբերգութիւնը՝ ան կը յիշեցնէր հայ ժողովուրդին նկատմամբ Արեւմուտքին պարտքը, բարոյական պարտականութիւնը:,
Տոքթ.Լեփսիուս կապեր հաստատած էր հայ եւ օտար գործիչներու հետ, յատկապէս՝ Պօղոս Նուպար Փաշայի հետ, անգլիացի գործիչ, «Անկլօ-հայկական ընկերութեան» հիմնադիր Ճէյմս Պրայսի հետ: Վերջինս արդէն հրատարակած էր հայ ժողովուրդին հանդէպ երիտթուրքերու վայրագութիւնները նկարագրող «Կապոյտ գիրք»-ը: Տոքթ Լեփսիուս մնայուն ճնշում կը բանեցնէր գերմանական կառավարութեան վրայ, որպէսզի վերջինս մարդասիրական օժանդակութիւն հասցնէր վերապրող հայերուն:
«Այն տեսարանները, որոնց ես ականատես եղայ, վեր են մտածացին դաժանութեան ամէն տեսակի պատկերացումներէն: Այնտեղ ուր կեցաւ իմ կառքը, տեսայ կանանց, որոնք կառքին մօտենալուն պէս նետուեցան դէպի ձիերուն թրիքը, սկսան փնտռել ու հանել չմարսուած գարիի հատիկները, որպէսզի ուտեն: Հաց տուի անոնց: Սովեալ շուներու նման յարձակեցան հացին վրայ եւ ակռաներով, սարսափելի ագահութեամբ,պատառոտեցին այն՝ դողդողալով եւ….»: Վկայութիւն մը տոքթ. Լեփսիուսէն…
Քայզերական Գերմանիան ոչ մէկ մտադրութիւն ունէր միջամտելու երիտթուրքերու «ներքին» գործերուն, միշտ պատճառաբանելով, որ անոր միջամտութիւնը պիտի յանգէր Օսմանեան Թուրքիոյ հետ ռազմական դաշինքի խզումին…:
29 սեպտեմբեր 1916-ին, խորհրդարանին մէջ խօսք առնելով, Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պետական քարտուղար Ֆոն Եաքով դիտել կու տար, թէ Գերմանիա հնարաւոր կարելին ըրած էր: Ամենածայրայեղը որ կը մնար, Թուրքիոյ հետ ռազմական դաշինքին խզումն էր: «… Թուրքերը մեզի կարեւոր ծառայութիւններ մատուցած են՝ պաշտպանելով մեր հարաւարեւելեան դիրքերը: Դուք ինծի հետ պիտի համաձայնիք, որ մենք չենք կրնար այնքան հեռու երթալ թուրքերուն հետ, որոնց արդէն խիստ անտրամադիր դարձուցած ենք հայկական հարցին վերաբերող մեր տեւական նախազգուշացումներով…»: Համեստ չքմեղանք մը….
Տոքթ. Լեփսիուս համոզուած էր, որ արեւմտահայութեան տարագրութիւնը առնչութիւն չունէր միայն ռազմական նկատառումներու հետ: Թալէաթ, Պոլսոյ մէջ Գերմանիոյ դեսպանատան աշխատակից դոկտ. Մոթմանին առանց վառանելու կը յայտնէր. «Բարձր դուռը կը ձգտի օգտագործել համաշխարհային պատերազմը, որպէսզի հիմնովին արմատախիլ ընէ իր ներքին թշնամիները…»:
Հայ ժողովուրդին ճակատագրական այդ տարիներուն նոյնքան բախտորոշ եղաւ Պոլսոյ մէջ իբրեւ Գերմանիոյ դեսպան Վանկենհայմի նման դաժան անձնաւորութեան մը պաշտօնավարութիւնը: Վանկենհայմի նկարագիրը լաւագոյնս բնորոշած է Պոլսոյ մէջ Մ. Նահանգներու դեսպան Հենրի Մորկընթաուը. «Երբ հայերու դէմ կոտորածներուն առաջին լուրերը Պոլիս հասան, ինծի համար պարզ էր, որ հայերուն օգնելու ամենաճիշդ ձեւը ոճրագործութիւններուն դադրեցումն էր: Այս մէկը կարելի պիտի ըլլար, եթէ բոլոր երկիրներու կողմէ կոչ մը յղուէր թրքական կառավարութեան: Մարտ ամսուան վերջաւորութեան այցելեցի Վանկենհայմին: Ինծի պարզ դարձաւ հայերու հանդէպ անոր ատելութիւնը: Ան սկսաւ ամէն առիթով դատապարտել հայերը: Էնվերի եւ Թալէաթի նման՝ Վանի դէպքերուն մէջ ապստամբութիւն կը տեսնէր: Անոր կարծիքով՝ հայերը միայն դաւաճան մակաբոյծներ էին: «Ես կ’օգնեմ սիոնիստներուն, բայց ինչ ալ պատահի, չեմ օգներ հայերուն». ան պատասխանեց ….»:
Յանուն պատմութեան անհրաժեշտ է արձանագրել՝ ոչ բոլոր գերմանացի պետական պաշտօնակատարները կը բաժնէին Վանկենհայմի նենգ մօտեցումները: Անոր յաջորդող դեսպան՝ Վոլֆ Մեթերնիխը իր բոլոր կարելիութիւնները գործադրեց օգնելու վերապրող տարագիրներուն: Հայերու հանդէպ սրտցաւ մօտեցում ցուցաբերեց նաեւ թրքական բանակի ռազմական խորհրդական զօրավար Լիման Ֆոն Սանտերզը՝ զէնքի գործադրութեան սպառնալիքով արգիլեց աքսորել Զմիւռնիոյ հայերը:
Ա՛լ չեմ խօսիր գերմանական որբանոցին մասին, որ այնքան մեծ բարիք մը եղաւ եւ որոշ թիւով հայ մանուկներ փրկեց (Բենիամին Ժամկոչեանը, Սեդրակ Զաւէնը եւ ուրիշներ….):
Գերման հասարակութիւնը տեղեակ չէր Արեւմտահայաստանի մէջ թրքական բարբարոսութիւններէն: Պետական հովանաւորութեան տակ գտնուող մամուլը խեղաթիւրուած կը ներկայացնէր լուրերը՝ նպաստելով հասարակութեան ապակողմնորոշման:
Ցայտուն օրինակ մը. երբ Սողոմոն Թեհլիրեանի դատավարութեան ընթացքին Թեհլիրեան կը պատմէ, թէ ինչպէ՞ս կամաւորակաան գունդերուն հետ վերադարձած է իր հայրենի քաղաքը, եւ ինք այցելած է իր պապենական տունը, այնտեղ իր ընտանիքի կամ գերդաստանի 84 անդամներէն գտած է միայն եղբօրը մէկ աղջնակը, մնացեալները չկային:Դատաւորը կը հարցնէ, թէ ո՞ւր գացած էին: Թեհլիրեան կը պատասխանէ, թէ մորթուած էին: Դատաւորը աւելի կը գայթակղի. «Ինչպէ՞ս կարելի է մարդ մորթել»,– կը հարցնէ…
Գերման ժողովուրդի գիտցածը աւելի չէր դատաւորէն:
Հասարակութեան ուշադրութիւնը հայ որբերու աղէտալի վիճակին բեւեռելով՝ տոքթ. Լեփսիուս կը հետեւէր Առաջին համաշխարհային պատերազմը յաջորդող խաղաղութեան բանակցութիւններուն: Անոր կարծիքով՝ խաղաղութեան բանակցութիւնները բախտորոշ հետեւանքներ պիտի ունենային հայ ժողովուրդին դէմ կատարուած բարբարոսութիւններուն եւ Հայկական հարցին լուծման համար: Այսուհանդերձ տոքթ. Լեփսիուս չէր բաժներ հայկական վեց նահանգներուն մէջ Հայաստան ստեղծելու թեւածող յոյսերը. «…Արդեօք հայերուն տրուած խոստումները, որ գոնէ արեւելեան Հայաստանի՝ Վանի, Էրզրումի, Պիթլիսի, Տիարպեքիրի, Տրապիզոնի եւ Սվազի մարզերը, հայկական Կովկասի հետ միանալով պիտի դառնան անկախ Հայաստան, երբեւէ կ’իրականանա՞ն,– գիտեն միայն Փարիզի աստուածները». կը գրէր ան 1919-ին:
Տոքթ. Լեփսիսուսի համոզմամբ՝ Բրիտանիա շահագրգռուած էր իր ազդեցութեան տակ պահելու Թուրքիան, ուստի այնքան ալ խանդավառ չէր անոր մասնատմամբ: Նոյնպէս ալ՝ Մ. Նահանգները: Տոքթ. Լեփսիուս « Հայաստանը եւ տէրութիւնները» յօդուածին մէջ կը գրէր. «Եթէ նոյնիսկ Ուիլսըն որոշէր Հայաստանին տրուող տարածքներուն սահմանները, հայերը դարձեալ ստիպուած պիտի ըլլան անոնք զէնքով նուաճելու Թուրքիայէն, եթէ չեն կամենար սահմանափակուած մնալ Արարատի ստորոտը, կովկասեան հանրապետութեան չափազանց նեղ տարածքին մէջ»:
Ուշագրաւ էր, որ տոքթ. Լեփսիուս այս դատողութիւնը կը կատարէր 1920-ի ամռան, Սեւրէն շատ առաջ…: Լոնտոնի խորհրդաժողովը (1921) եկաւ ապացուցելու, թէ անոր նախատեսութիւններ ճիշդ էին եւ տեղին:
Սեւրի համաձայնագիրին դրոյթները թուղթի վրայ մնացին: Լոնտոնի մէջ (1921) խորհրդաժողովին, Ուիլսընեան սահմանները փոխարինուեցան Թուրքիոյ սահմաններուն կից «Հայկական օճախ» ստեղծելու գաղափարով: Լոզանի խորհրդաժողովին (1923), օճախի գաղափարն ալ մերժուեցաւ: Հայկական հարցը հիմնապէս դուրս մնաց մեծ պետութիւններու քաղաքական օրակարգէն:
«Արդեօ՞ք քրիստոնեաներուն խիղճը համաշխարհային պատերազին պատճառով այնքան տկարացած եւ բթացած է, որ իրաւունք ու մարդկութիւն դարձած են դատարկ խօսք»,– կը գրէր ան իր յօդուածներէն մէկուն մէջ:
Լոզանի խորհրդաժողովին ընթացքին տոքթ. Լեփսիուս 272 հեղինակաւոր անձնաւորութիւններու ստորագրութեամբ ընդարձակ կոչ մը յղեց մասնակիցներուն՝ հայ ժողովուրդին անվիճելի իրաւունքը նկատելով «Ազգային օճախ»-ի մը ստեղծումը:
Անոր ուշադրութիւնը միաժամանակ խորացած էր հայ ժողովուրդը յուզող կարեւոր հարցի մը շուրջ: Թրքական կառավարութիւնը, Առաջին համաշխարհային պատերազմի ընթացքին տարագրուած հայութեան ունեցուածքին մէկ մասը դրամի վերածելով, Պերլինի պետական դրամատան մէջ հինգ միլիոն թրքական ոսկի արժողութեամբ գումար մը պահ դրած էր: Այդ գումարը հետագային փոխանցուած էր Բրիտանական դրամատան մը: Փարիզի մէջ, 1923-ին, Մ. Նահանգներու, Բրիտանիոյ, Ֆրանսայի, Իտալիոյ եւ Ճափոնի միջեւ կնքուած համաձայնութեամբ՝ տուեալ գումարը որոշուեցաւ օգտագործել պատերազմի ընթացքին վերոնշեալ պետութիւններուն քաղաքացիներուն կրած վնասները հատուցելու…: Այս նպատակով յանձնախումբ մը կազմուեցաւ Փարիզի մէջ, 1925-ին:
Փարիզի «Հայ փախստականներու կեդրոնական կոմիտէ»-ն ( ՀՓԿԿ) դիմեց այս յանձնախումբին՝ գումարին գէթ մէկ մասը վերադարձնելու տարագրութենէն վերապրած հայերուն եւ մօտաւորապէս հարիւր հազարի հասնող հայ որբերուն: Տոքթ. Լեփսիուս իր զօրակցութիւնը յայտնեց ՀՓԿԿ-ին, զուգահեռաբար անձնական միջոցներով հետապնդեց դրամագլուխը յառաջանալու շարժառիթը ապացուցող վկայութիւնները:
Թուրք կեղծարարներուն դէմ պայքարը տոքթ. Լեփսիուս կը նկատէր ժամանակի ամենահրատապ հարցերէն մէկը: «Աքսորեալներու ճակատագիրը, որոնք համակեդրոնացման ճամբարներէն վերադարձան հայրենիք եւ յաղթող պետութիւններու կողմէ բախտի քմահաճոյքին մատնուած հայերուն վերջնական վտարումը Թուրքիայէն, այդ երկրի պատմութեան եւ Եւրոպայի արեւելեան քաղաքականութեան ամենասեւ գլուխներէն է»,– կը գրէր ան: Հայերու ունեցուածքէն գոյացած դրամագլուխի հարցը տոքթ. Լեփսիուսի մահէն ետք եւս մնաց անոր հիմնած ընկերութեան տեսադաշտին մէջ, հետեւողականօրէն հանդէս գալով տուեալ գումարները հայ որբերուն յատկացնելու պահանջով:
Տոթք. Լեփսիուս կը ծրագրէր բարեսիրական ծրագիրներ իրականցնել Խորհրդային Հայաստանի մէջ եւ Գերմանիոյ մէջ հիմնել Հայկական ակադեմիա՝ գիտաուսումնական կեդրոն, Հայ առաքելական եկեղեցւոյ եւ մնացեալ հին եկեղեցիներուն աջակցութիւն ցուցաբերելու նպատակով: Դժբախտաբար ծրագիրները մնացին կիսատ: Անոր առողջութիւնը շատ առագ վատթարացաւ: Հայ ժողովուրդին ամենաջերմ բարեկամը բուժման նպատակով մեկնեցաւ Իտալիա, այնտեղ ալ մահացաւ՝ 3 փետրուար 1926-ին:
Կեանք մը՝ նուիրուած հայ ժողովուրդի իրաւունքներուն պաշտպանութեան:
Տոքթ. Լեփսիուս մեծ դերակատարութիւն ունեցաւ Հայկական հարցը, հայ ժողովուրդին իրաւունքները օտարներուն լուսաբանելու, հայ ժողովուրդին օգնութեան աշխատանքներուն ծաւալման մէջ:
Յարգանք ու պատիւ հայ ժողովուրդի իսկական բարեկամին յիշատակին: