Ինչպէս կ’ակնկալուէր, մեծ շուքով նշուեցաւ Հ.Բ.Ը.Միութեան «Խօսնակ» պաշտօնաթերթի հիմնադրութեան 55-ամեակը, որ կազմակերպուած էր «Խօսնակ»ի Մշակութային Յանձնախումբին կողմէ, որուն ներկայ էին Միութենական պատասխանատուներ, Միութենական անդամներ, համակիրներ եւ պաշտօնաթերթի ընթերցողներէն հոծ բազմութիւն մը:
Արդարեւ, կիրակի, 23 մարտ 2014-երեկոյեան, Հ.Բ.Ը.Միութեան Ահրամճեան Կեդրոնի սրահը լեցուն էր բերնէ բերան, ուր տեղի ունեցաւ ծրագրաւորուած միջոցառումը: Հանդիսութեան բացման խօսքը արտասանեց Տօքթ. Յովիկ Առաքելեան: Ան իր խօսքին մէջ գնահատելով տպագիր մամուլին դերը, ըսաւ. «Հասարակութեան համար մամուլը կը հանդիսանայ տեղեկատուութեան եւ քարոզչութեան հիմնական միջոցներէն մէկը: Մամուլը նաեւ հասարակական պայքարի, լուսաւորութեան, գիտելիքներու տարածման, մշակոյթի զարգացման, ինչպէս նաեւ աշխարհահայեացքներու ձեւաւորման կարեւորագոյն օղակներէն մէկն է:
Իսկ հայ մամուլը մասնաւորապէս, այս բոլորէն անկախ ունի նաեւ այլ առաւելութիւն մը՝ վառ պահել հայ գիրն ու լեզուն: Մէկ խօսքով, անգնահատելի է հայ մամուլի հսկայ դերը՝ որպէս ազդու զէնք… զէնք՝ որ յաճախ շատ աւելի հզօր է քան հասարակ մահաբեր զէնքեր, որուն գիտակ է մեր հակառակորդը: Արդարեւ, երբ աւելի քան դար մը առաջ Խրիմեան Հայրիկ կը փափաքէր մամուլ տանիլ Վասպուրական, թրքական իշխանութիւններ կ’արգիլէին: Իսկ Սուլթան Համիտ օրին կը յայտարարէր՝
–Ես այնքան չեմ վախնար հայկական կուսակցութիւններէն, որքան՝ հայ մամուլէն:
Միթէ, Հրանդ Տինքի գրիչը չէ՞ր որ սարսափեցուցած էր ստոր ոճրագործները: Պահ մը եկէք պատկերացնենք, թէ ինչպիսի՞ դատարկութիւն պիտի տիրէր հայ կեանքէն ներս, եթէ գոյութիւն չունենար հայ մամուլը: Եւ ահա, այդ դատարկութեան ու այդ մթութեան մէկ բաժինն է որ կը լուսաւորէ «Խօսնակ»ը, որ պաշտօնաթերթն է Հ.Բ.Ը.Մ.-ի եւ Հ.Ե.Ը.-ի, որուն 55 -ամեակն է որ կը նշենք այսօր, այս պահուն»:
Ան, շարունակելով իր խօսքը, ըսաւ. «Խօսնակ»ը ըլլալով պաշտօնաթերթը Հ.Բ.Ը.Մ.-ի, ան նաեւ Ազատ Բեմ է սեփական կարծիքի»: Տօքթ. Առաքելեան իր խօսքի աւարտին հրաւիրեց երեկոյեան զոյգ հանդիսավարները՝ Մարալ Արնէլեանն ու վազգէն Մուղալեանը, որպէս վարեն յոբելենական երեկոյի հանդիսութիւնը:
Յարգելի հանդիսավարները, ողջունելէ ետք ներկայ հասարակութիւնը, հերթականութեամբ, ու փոխն ի փոխ ստեղծելով նոր ու հաճելի երեւոյթ մը, ըսին. «Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան եւ Հայ Երիտասարդաց Ընկերակցութեան «Խօսնակ» պաշտօնաթերթը, 1957 Սեպտեմբերին երբ լոյս կը տեսնէր, իր առաջին թիւին մէջ կը հրատարակէր ԿՈՉ մը, «ԿՈՉ ԳԻՏԱԿԻՑ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ» անուան տակ, ուր կը յայտնէր հետեւեալը».
«Յարգելի հայրենակիցներ, Այսօր լոյս կը տեսնէ «Խօսնակ» ամսաթերթը: «Խօսնակ հրատարակութիւնն է Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Լիբանանի Շրջանակային Յանձնաժողովի: «Խօսնակ»ի կարիքը զգալի էր տարիներէ ի վեր»: Ապա, հանդիսավարներ յուշեցին երեկոյեան գեղարուեստական յայտագրին ընթացքին առաջին բաժինը:
Եւ արդարեւ, առաջին հերթին հանդէս եկաւ երիտասարդ երգիչ Նժդեհ Պոտրումեան, որուն յաջող մեկնաբանութեան դաշնամուրի վրայ ընկերակցեցաւ շնորհալի դաշնակահարուհի Նանոր Մաճարեան: Նժդեհի «Արփա-Սեւան» ու «Քարահիսար» երգերը գնահատուեցան մեծապէս ներկայ հասարակութեան կողմէ:
Տրամադրութիւն շոյող երգերուն յաջորդեց ծանօթ դերասանուհի Արփի Գարամանլեանի «Ես մատեան եմ ընթեռնելի» բանաստեղծութեան ասմունքը՝ ապրումով ու ներշնչումով:
Զուարթութիւն բուրող գեղարուեստական երեկոն շարունակուեցաւ դաշնակահարուհի Ցոլինէ էլմայեանի նուագով (Պէթհովըն), որ ունկնդրուեցաւ մեծ հաճոյքըվ:
Դաշնամուրային ելոյթին յաջորդեց լիբանանահայ երիտասարդ ջութակահար Խաժակ Խաչատուրեանի հայկական զոյգ եղանակները՝ «Կռունկ եւ………»՝ հաճելի մեկնաբանութեամբ:
Գեղարուեստական յայտագրի առաջին մասի աւարտին պաստառի վրայ ցուցադրուեցաւ «Խօսնակ»ի 55 տարիներու հակիրճ պատմականը, սկսեալ 1957 տարիէն մինչեւ օրս, ուր ցուցադրուեցան բոլոր խմբագիրները եւ անոնց աշխատանքային տարիները, թարմացնելով յիշողութիւնը:
Յետ հրամցուած փոքր պատմականին, Պաշտօնաթերթի 55-ամեակի կապակցութեամբ բանախօսելու հրաւիրուեցաւ լիբանանահայ ծանօթ մտաւորական, խմբագիր եւ հրապարակագիր Ահարոն Շըխըրտըմեան: Յարգելի դասախօսը, կարճ ու ամփոփ գիծերու մէջ անդրադարձաւ «Խօսնակ»ի դերին, անոր անցած ճանապարհին ու հայ մամուլի պատմութեան մէջ բերած նպաստին մասին, կարեւորելով անոր խիզախ ու շրջահայեաց խմբագիրները, աշխատակիցները եւ թղթակիցները:
Բանախօս Պարոն Ահարոնեան ըսաւ. « Իր բազմակողմանի եւ հարուստ բովանդակութեամբ, «Խօսնակ»ը ինքնատիպ հրատարակութիւն մը դարձաւ լիբանանահայ իրականութեան մէջ: «Խօսնակ»ը բացաւ իր շուրթերը եւ ծաղկեցաւ: Հետեւողական յաճախականութեամբ լոյս տեսաւ եւ իր արժանի տեղը գրաւեց մեր բոլորի գիտակցութեան եւ մտածողութեան մէջ: «Խօսնակ»ը տագնապեցաւ ազգով, անոր մշակոյթով: «Խօսնակ»ը պատգամեց ազգային մտածողութիւն եւ դարձաւ սփիւռքահայութեան հոգեմշակութային սնունդի մատակարարման առաջնահերթ աղբիւրներէն մէկը»: (Խօսքը տեսնել առանձին):
Խնամուած, լաւապէս պատրաստուած ու հրամցուած բանախօսութեան աւարտին, հանդիսավարներ Մարալ Արնէլեան եւ Վազգէն Մուղալեան շարունակելով «Խօսնակ»ի առաջին թիւով ելած ԿՈՉ-ին շարունակութիւնը, փոխն ի փոխ ընթերցեցին զայն, հաճելի եղանակով: Անոնք ըսին.
« Խօսնակ»ը ինքնանպատակ գործ մը չէ: Ան պիտի ըլլայ օժանդակը եւ լրացուցիչը Հ.Բ.Ը.Մ.ի Ամերիկայի Կեդրոնական օրկան՝ «ՅՈՒՇԱՐԱՐ-ՄԻՈՒԹԻՒՆ»ի:
Արդարեւ, «Խօսնակ»ի սկզբունքը պիտի ըլլայ «Միութիւն եւ Համերաշխութիւն» ամէնուն հետ: «Խօսնակ»ը ձեր սեփական թերթն է, յարգելի ընթերցող: Ան կը սպասէ ձեր օգտակար թելադրութիւններուն եւ դրական օժանդակութեան:
Հանդիսավարներու զուարթ խօսքերուն յաջորդեց օրուայ գեղարուեստական յայտագրի Բ. մասը, ուր առաջին հերթին հանդէս եկաւ լիբանանահայ բեմերու ծանօթ ասմունքող ու դերասանուհի Թուխիկ Աւետիսեան, որ վարպետութեամբ, ու մեծ ապրումով ասմունքեց Պարոյր Սեւակի «Մայրենի Լեզու» բանաստեղծութիւնը, խլելով երկար ծափեր:
Ասմունքի թողած տպաւորութենէն ետք, բեմ բարձրացաւ հայրենի ծանօթ դաշնակահար, արուեստագիտութեան դոկտոր, բանաստեղծ Թամար Յովհաննիսեան, որ նախ յայտնեց իր ուրախութիւնը, ի տես հայ մամուլի արժեւորման, ապա ներկաներուն հրամցուց Առնօ Պապաճանեանի «Գիշերերգ»ը, մեծ վարպետութեամբ:
Գեղարուեստական բաժնի Բ. մասը աւարտեցաւ երգչուհի Անի Մաջուլեանի «Կռունկ, Ծիծեռնակ եւ Je veux vivre» երգերու տպաւորող մեկնաբանութեամբ, որուն ընկերացաւ Նանոր Մաճարեան՝ յաջողութեամբ:
Քիչ ետք, հերթը կրկին հանդիսավարներուն էր, որոնք շարունակելով պաշտօնաթերթի հետ առնչուած կարեւորութեան, շեշտեցին ու ըսին.
«Սիրելիներ, այսօր «Խօսնակ»ը ազգային, գրական, հասարակական տեղեկատու մըն է, եւ պաշտօնական պատկերազարդ ամսաթերթը՝ Հայկական բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Շրջանակային յանձնաժողովին, եւ Հայ Երիտասարդաց Ընկերակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան, ուր լոյս տեսած են Միութեան Լիբանանի, Սուրիոյ եւ Կիպրոսի մասնաճիւղերուն մարզական, մշակութային եւ կրթական գործունէութիւնները:
Վերջապէս հասած էր լսելու ողջոյնի խօսքեր: Առաջին արտայայտուողն էր Հ.Ե.Ը.-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Տիար Վիգէն Չէրչեանը: Ան անդրադառնալոխ «Խօսնակ»ի բովանդակութեան, հրամցուց խորհրդածութիւններու թղթածրար մը, փափաքելով զայն տեսնել իրականացած մինչեւ 60-ամեակ: (խօսքը տեսնել առանձին):
«Խօսնակ»ի 55-ամեակը առիթ էր նաեւ, որ ներկայ հրաւիրեալներ ունկնդրէին Հ.Բ.Ը.Մ.ի Նազարեան եւ Կարմիրեան վարժարաններու Զ. կարգի ուսանողներով կազմուած աշակերտական երգչախումբը, խմբավարութեամբ՝ փորձառու ղեկավար Նորա Եղիայեանի: Հայկական երեք խանդավառ երգերը նոր թարմութիւն ու շունչ բերին եւ աւելիով ոգեւորուեցաւ երեկոն, երբ բեմի վրայ սկսաւ յաղթականօրէն ծածանիլ եռագոյն դրօշը:
Աշակերտական խմբային յաջող ելոյթին յաջորդեց Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Լիբանանի Շրջանակային Յանձնաժողովի ողջոյնի խօսքը, զոր ընթերցեց Շրջանակայինի անդամ Տօքթ. Յովիկ Վարդանեանը, ծանրանալով «Խօսնակ»ի կատարած աշխատանքին, ազգային ու միութենական իմաստով արձանագրած յաջողութեան, գնահատելով անոր պարունակութեան բազմաբովանդակութիւնը: Տօքթոր Վարդանեանի ելոյթը մեծապէս գնահատուեցաւ ներկաներուն կողմէ, որովհետեւ անոր ելոյթին մէջ կար անկեղծ վերաբերմունք եւ նուիրական աշխատանքը տեսնելու սուր աչք: (Խօսքը տեսնել առանձին):
Շրջանակային Յանձնաժողովի ողջոյնի խօսքէն ետք հանդէս եկան լիբանանահայ արուեստագէտներ՝ Շահէ Պապահէքեանն (ձեռնադաշնակ) ու Ռաֆի Տէրառաքելեանը (օրկ), եւ անոնք մեծ ոգեւորութեամբ նուագեցին հայկական զուարթ եղանակներ, խանդավառելով «Խօսնակ»ի յոբելեանը քաջալերելու եկած հանդիսատեսներու փաղանգը:
Նախքան հանդիսութեան աւարտը, ընթերցուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի նախարար Տիկին Հրանուշ Յակոբեանի շնորհաւորական նամակը, զոր ընթերցեց Տիկին Թագուհի Լեփեճեան: Տիկին նախարարը իր նամակին մէջ կը դրուատէր պաշտօնաթերթի ազգային-հայրենասիրական ուղին եւ այդ ուղղութեամբ տարած աշխատանքը: (Նամակը տեսնել առանձին):
Ապա, շնորհակալական խօսքով հանդէս եկաւ խմբագիր Համբիկ Մարտիրոսեան: Ան իր խօսքին մէջ դրուատեց հայու ինքնութիւնը, ոգին եւ այս ուղղութեամբ «Խօսնակ»ին դրական դերը: (Խոսքը տեսնել առանձին):
Իսկ նկատի նկատի ունենալով այն հանգամանքը, որ «Խօսնակ»ի նախկին խմբագիր Արամ Սեփեթճեան վերջերս դարձած էր 80 տարեկան, եւ «Խօսնակ պատանեկան»ը 5 տարիներ շարունակ խմբագրուած էր Ալպեռ Գարամանուկեանի կողմէ, «Խօսնակ»ի Խմբագրութիւնը փափաքած էր գնահատել զոյգ խմբագիրները՝ «Խօսնակ»ի վահանակներով:
Վահանակները յանձնեցին Տիարք՝ Կարպիս Մարգարեան, Տքթ. Յովիկ Վարդանեան եւ Վիգէն Չէրչեան: Պարգեւատրումին յաջորդեց կարկանդակի հատումը եւ ծաղկեփունջերու յանձնումը՝ գեղարուեստական յայտագրին մասնակցող արուեստագէտներուն:
Հանդիսութեան աւարտին, միջոցառման առթած ազդեցութենէն խանդավառ, ներկաներէն շատեր կը յամենային սրահին մէջ եւ մէկզմէկու կը փոխանակէին շնորհաւորանքներ, մասնաւորաբար «Բարի երթ» ու նորանոր նուաճումներ մաղթելով ՝ 55-ամեայ «Խօսնակ»ին:
«ԽՕՍՆԱԿ» ԼՐԱՏՈՒ