Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին, մեկնաբանելով Աֆղանիստանի մէջ տիրող կացութիւնը, յայտարարած է, որ կարելի չէ դուրսէն որեւէ բան պարտադրել, պէտք է օգնել եւ սպասել այն պահուն, երբ կացութիւնը կը հասուննայ:
«Դէպքերը, որոնք տեղի կ՛ունենան, մեզմէ հեռու չեն…ըսել կ՛ուզեմ` Աֆղանիստանը: Ամերիկեան ուժերը այդ շրջանին մէջ ներկայ էին, եւ 20 տարի փորձեցին այդտեղ ապրող մարդոց քաղաքակիրթ բնոյթ հաղորդել: Իրականութեան մէջ, ներկայացնելու իրենց արժեչափերը եւ իրենց յատուկ կեանքի արժեչափերը` բառին ամէնէն լայն իմաստով, ներառեալ ընկերութեան քաղաքական կազմակերպումը: Արդիւնքը միայն ողբերգութիւն էր, Միացեալ Նահանգներու պարտութիւնը եւ Աֆղանիստանի մէջ ապրողներուն համար ատկէ աւելին կորսնցնելը, իսկ արդիւնքը զերօ է եւ նոյնիսկ զերոյէն վար», նշեց Փութին:
«Պէտք է հասկնալ, որ դուրսէն անկարելի է որեւէ բան պարտադրել: Կացութիւնը պէտք է հասուննայ: Իսկ եթէ ոեւէ մէկը կ՛ուզէ, որ անիկա աւելի արագ եւ աւելի որակով հասուննայ, պէտք է օգնէ մարդոց», «ՌԻԱ Նովոսթի»-ի համաձայն` ըսած է Փութին դպրոցականներու հետ հանդիպումի ընթացքին:
«Այո՛, կարելի է եւ պէտք է ատիկա ընել, սակայն ատիկա պէտք է ընել քաղաքակիրթ ձեւով` զգուշօրէն, աջակցելով դրական միտումներուն, չշտապելով, զինուելով համբերութեամբ», աւելցուցած է Փութին:
Անոր կարծիքով, առանց այդ փաստերը հաշուի առնելու` գործնականին մէջ որեւէ դրական բանի հասնիլը անկարելի է: