ԿԱՐՕ ԱՐՄԷՆԵԱՆ
Ըստ «Սիվիլնէթ»-ի հաղորդման, հոկտեմբերի 2-ին Սոչիի «Վալդայ» ակումբին մէջ արտաքին գործոց նախարար ըրած է հետեւեալ յայտարարութիւնը արցախեան հիմնահարցի դիւանագիտութեան ներկայ փուլին մասին.
«…Կողմերը բաւական լուրջ յայտարարութիւններ են անում, այդ թւում յայտարարութիւններ են հնչել, որ Ղարաբաղը Հայաստան է, այնպէս, ինչպէս Թիրանայից Քոսովոյի վարչապետ Է. Ռաման յայտարարում էր, որ Քոսովոն Ալպանիա է: Դա, ի հարկէ, չի նպաստում քաղաքական գործընթացի վերսկսման համար մթնոլորտի ձեւաւորմանը: Սակայն մենք` որպէս համանախագահներ, ամերիկացիների ու ֆրանսացիների հետ ներդաշնակ աշխատում ենք: Սա այն քիչ իրավիճակներից է, որտեղ մենք ունենք միասնական տեսլական: Մենք ունենք հիմնական փաստաթղթեր եւ չենք ցանկանում դրանք վերանայել: Մենք ցանկանում ենք հիմնական սկզբունքների հիման վրայ, որոնք բազմիցս քննարկուել են, որոնել լուծումը: Սակայն դրան պէտք է հասնել ուղիղ երկխօսութեան միջոցով: Շփումներ կան, սակայն կարգաւորման երկխօսութիւնն առայժմ չի վերսկսուել: Լայնածաւալ ռազմական գործողութիւնների ակնյայտ կամ ոչ ակնյայտ վտանգ ես չեմ տեսնում: Պէտք է անենք ամէն ինչ, որ դա տեղի չունենայ»:
Լաւրով կը խօսի ակնյայտ գոհունակութեամբ, որմէ պէտք է հետեւցնել, որ կացութիւնը, իր ընդհանուր գիծերուն մէջ, կը գտնուի Մոսկուայի հակակշռին տակ: Միացեալ Նահանգներ կը գտնուին նախագահական ընտրութիւններու սեմին եւ կլանուած է ներքին քաղաքական կնճիռներով: Ընդհանրապէս այս փուլին մէջ Միացեալ Նահանգներու արտաքին քաղաքականութեան սանձերը – լայն չափերով, կ՛անցնին պետքարտուղարութեան եւ Սպիտակ տան Անվտանգութեան Խորհուրդի դիւանակալ կազմերու ձեռքը: Աւելի եւս` ներկայի՛ս, երբ Նախ. Թրամփի առաջնահերթութիւնները կը գտնուին անձնական քաղաքականութեան ոլորտին մէջ եւ տեղ չեն թողուր արտաքին քաղաքականութեան: Հարաւային Կովկասը, իր ներկայի ռիսքերով, չի հատեր ճգնաժամային խնդիրներու սահմանը: Հետեւաբար, by default, արցախեան հիմնահարցը կը գտնուի Մոսկուայի հանգստութեան գօտիին (comfort zone) մէջ: Իսկ Ֆրանսան… բնականաբար պիտի զօրակցի ռուսական այս ժամանակաւոր «խաղաղութեան» գործընթացին եւ շարունակէ իր հրաշալի յարաբերութիւնները Պաքուի հետ եւ իր պատմական սիրաբանութիւնը` Ֆրանսահայութեա՛ն: Հա՛րց մը, որ վաղուց զբաղեցուցած է ֆրանսահայ համայնքի ղեկավարութիւնը` առանց շօշափելի արդիւնքի:
Այս բոլորէն կրկին պէտք է հետեւցնել, որ արցախեան հիմնահարցը կը շարունակէ ըլլալ առաւելաբար ռուսական տիրոյթի խնդիր: Մենք վաղուց պէտք է տիրապետած ըլլանք այս խաղի գաղտնիքներուն, քանի որ այս խաղը արդէն դարձած է դասական ու նախատեսելի: Մենք պէտք է կարենանք այս խաղը ճիշդ խաղալ: Ռուսաստանի միակ իրական, վստահելի եւ անփոխարինելի յենարանը Հայաստանն է տարածաշրջանին մէջ: Սկզբունքով մենք այս խաղատախտակին վրայ տիրապետող ուժն ենք: Ռուսաստանը այն գերտէրութիւնն է տարածաշրջանին մէջ այսօր, որ ԿԵՆՍԱԿԱՆ կապերով կախուած է Հայաստանէն: Մենք եւս կենսական կապեր ունինք Ռուսաստանի հետ, բայց մեր ուզած Ռուսաստանը հաստատակամ քաղաքականութեան տէր Ռուսաստանը կրնայ ըլլալ միայն: Եւ ոչ այն, որ թուլակամօրէն կը յանձնուի թրքական եւ ազրպէյճանական տոլարներու մորֆինին եւ կ՛անտեսէ իր ազգային գերագոյն շահը եւ զէնք կը վաճառէ թշնամիին` հարստացնելով իր օլիկարխները: Ոչ այն` որ կը սղոցէ իր նստած ճիւղը: Մենք գործ ունինք ընելիք: Մենք իրաւունք չունինք Ռուսաստանը լքելու այս կորանքին: Մենք ստիպուած ենք մտնելու Ռուսաստանի ներքին քաղաքականութեան ոլորտէն ներս: Այդ մէկը անխուսափելի է, եթէ մեր ռազմավարական դաշնակիցին գոյավիճակը պիտի արդիւնաւորուի:
Այսօր մեր ճիգը պէտք է ըլլայ համոզել Լաւրովը, որ հանգիստի պատրանքը հանգիստ չի կրնար ըլլալ: Ռազմամոլ եւ ծաւալապաշտ Թուրքիան եւ նոյնքան ծաւալապաշտ Ազրպէյճանը հանգստացնող հարեւաններ չեն եւ պիտի չըլլան: Անոնք փանթուրքիստ ուժեր են եւ անոնք միայն մեր հարցը չեն կրնար ըլլալ: Փանթուրքիզմը մեծ սպառնալիք մըն է Հայաստանի համար: Ան նոյնքան, եթէ ոչ` աւելի, մեծ սպառնալիք մը է Ռուսաստանի լինելիութեան:
4 հոկտեմբեր 2019
Երեւան