ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- 19 Մայիսին, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան «Բաղրամեան» զօրավարժարանին մէջ մեկնարկեց լայնածաւալ մարտավարական զօրավարժութիւն «Պաշտպանողական օպերացիայում Զու հրետանային բրիգադի մարտական գործողութիւնների նախապատրաստումը եւ վարումը» թեմայով:
Զօրավարժութեան նպատակն է՝ ստուգել հրամանատարներու, ղեկավար մարմիններու եւ ընդհանուր անձնակազմի կարողութիւնները, ստորաբաժանումը մարտական պատրաստականութեան բարձր աստիճանի բերել, կատարելագործել զինուորներուն գործնական հմտութիւնները եւ դաշտային վարժուածութիւնը:
Զօրավարժութեան առաջին փուլին սպառազինութիւնը եւ ռազմական համակարգը դուրս բերուեցան կեդրոնացման շրջանները: Եռօրեայ զօրավարժութեան եզրափակիչ փուլին պիտի կիրարկուի մարտական կրակ:
Զօրավարժութեան մէջ ներգրաւուած են մարտավարական հրթիռներու արձակման կայանքներ եւ «Սմերչ» համազարկային կրակի համակարգեր: