ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ․- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Ծերակոյտի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբին մէջ 28 Սեպտեմբերին տեղի ունեցած քննարկումին ընթացքին, յանձնախումբի ատենապետ Պապ Մենենտեզ ճնշում գործադրեց Թուրքիոյ մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպանի թեկնածու նշանակուած Ճեֆ Ֆլէյքին վրայ, որ անցեալին նպաստած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը ուրանալու՝ Անգարայի ջանքերուն:
Մենենտեզ յիշեցուց, որ Քոնկրեսը եւ նախագահը արդէն իսկ հաստատած են Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ հարցուց, որ պիտի միանա՞յ Քոնկրեսին ու վարչակազմին` Հայոց Ցեղասպանութիւնը վերահաստատելու ջանքերուն:
Ֆլէյք պատասխանեց՝ «այո»:
Հայ Դատի յանձնախումբը կը շեշտէ, թէ Ֆլէյք «Հայոց Ցեղասպանութիւն» եզրը չգործածեց եւ պատասխանին մէջ ըսաւ, որ պիտի խրախուսէ Թուրքիան, որ աջակցի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ հակամարտութեան կայուն եւ երկարատեւ լուծում գտնելու ջանքերուն «եւ պիտի խրախուսեմ խաղաղ ու դիւանագիտական լուծումներ՝ Արեւելեան Միջերկրականի տարակարծութիւններուն»:
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան յիշեցուց, որ Ֆլէյք չորս առիթներով դէմ քուէարկած է Ցեղասպանութիւնը հաստատող բանաձեւերուն, կասկած յայտնելով, որ ան ատակ անձ է Թուրքիոյ մէջ ամերիկեան շահերը պաշտպանելու գործին մէջ։