Պատմութեան Հետքերով
Նուարդ Մատոյեան-Տարագճեան
«Ամենաշատը , որ կարող ենք անել ու պէտք է անենք,
օգտագործենք կարելին: Անհնարին ցանկալիի
ետեւից վազելով , չկորցնենք հնարաւոր իրականը…»:
Յովհ. Քաջազնունի
Ազգի մը պետական կեանքին կայունութիւնը, պետութեան հզօրացումը, իր քաղաքական յառաջդիմութեան եւ ազգային առողջ գաղափարախօսութեան մէջ է :
Այսօր, մեր ի՞նչու-ներուն պատասխանը կարելի է գտնել վերլուծելով անցեալի պատմական իրադարձութիւնները:
Ինչու՞ վեց հարիւր տարի , ապրեցանք օտար բռնակալներու լուծին տակ:
Ինչո՞ւ դար ու դարեր շարունակ ենթարկուեցանք օտար ազգերու տիրապետութեան:
Որովհետեւ՝ կորսնցուցինք մեր պետականութիւնը:Կորսնցուցինք մեր քաղաքական կեանքը, մեր ինքնագլուխ գործելակերպով, մեր անհեռատես քաղաքականութեամբ:
Թշնամին կրցաւ տիրել հայոց երկրին, ոչ թէ իր հզօրութեամբ, այլ իր խոհեմութեամբ:
Թշնամին մեր երկիրը գրաւեց ոչ թէ իր հզօր բանակներու ոյժով, այլ իր դիւանագիտութեամբ, «բաժնէ որ տիրես» ի քաղաքականութեամբ:
Մենք չկրցանք հասկնալ քաղաքագիտութեան անգիր օրէնքները:
Երբ թշնամին կը ծրագրէր, ու կը գործադրէր Հայկական Իշխանութիւնները
վերացնելու լաւագոյն միջոցը:
Երկիրը ներսէն կը քայքայէր հայութեան հատուածներուն մէջ երկպառակութիւն ստեղծելով, ջլատելու ազգին քաղաքական ոյժերը:
Եւ մենք, մեր անխոհեմ քայլերով, մեր անմիաբանութեամբ պատճառ դարձանք Հայոց պետականութեան անկման:
Հայ ժողովուրդի դարաւոր պատմութիւնը՝ Ապացո՜յց:
Եթէ կը կարծենք, որ անցեալի պատմական հոլովոյթները միայն անցեալին կը պատկանին: Ո՜չ:
Անցեալի քաղաքական ուղեգիծը յաճախ կրկնուած է մեր պատմութեան մէջ:
Եւ ցաւալիօրէն նկատելի է նաեւ այսօր:
Որովհետեւ դասեր չենք քաղած մեր պատմութենէն Հայաստանի ներքաղաքական իրավիճակը Ապացո՜ւց:
Որովհետեւ դեռ չենք գիտակցիր, թէ թշնամին կ՜օգտուի մեր երկպառակումէն ու անմիաբանութենէն:
Ինչու՞ դարաշրջան մը ամբողջ, չենք փորձած վերագնահատել անցեալի դէպքերը, պատմական փաստերու եւ իրողութիւններու լոյսին տակ:
Ինչո՞ւ չենք փորձած քննել անցեալի պատմական իրադարձութիւնները իրենց դրական ու տխուր կողմերով:
Երբ հարկաւոր է անդրադառնալ այն ճշմարիտ իրողութեան, թէ պատմութեան ստոյգ իմացութիւնը որպէս քաղաքական գործօն, անհրաժեշտ է ձեւաւորելու ազգի մը նկարագիրը եւ քաղաքական ուղեգիծը:
Սակայն մենք նախընտրեցինք Մետալին մէկ երեսը միայն:
Այն ինչ նպաստաւոր է ազգին ու մեր խմբակային շահերուն:
Շահնուրի խօսքերով՝ « Գոյութիւն ունի ազգային պատմութեան իմացում մը, ըստ որուն վեր կ՜առնուի եւ կը խոշորացուի այն ամէն ինչը, որ նպաստաւոր է ազգին եւ կը քօղարկուի աննպաստը:
Բայց ցոյց չի տրուիր մետալին միւս երեսը, որ այլեւս եղբայրացում չէ, այլ եղբայրասպան կռիւ է…»:
Եթէ սերտէինք պատմութեան դասերը, այսօր Հայաստանը կը դասուէր հզօր պետութիւններու շարքին:
Ինչո՞ւ Հայաստանը յայտնուեցաւ ներքաղաքական այս մտահոգիչ պայքարին մէջ:
Արցախի պատերազմի հետեւանքները դարձան պատրուակ, որպէսզի ընդդիմադիր ոյժերը յետպատերազմեան իրավիճակը օգտագործեն իշխանութեան տիրանալու:
Առանց գիտակցեկու, թէ Հայրենիքի ճգնաժամային այս թէժ օրերուն, իրենց պահանջը միայն կրնայ վտանգել Հայաստանի պետական կեանքը:
Այսօր հայրենիքի փրկութեան կոչերով, բռնարարքներով ու ահաբեկչական սպառնալիքներով , անոնց իրենց հայրենիքը կը հարուածեն:
Հայրենի պետութիւնը կը նուաստացնեն աշխարհին առջեւ:Այսօր փառատենչութեան մոլուցքը խաթարած է մարդոց ազգային գիտակցութիւնը:
Հասկնալու համար, թէ հայը հայ է :
Հայը իր զէնքերը պէտք է ուղղէ թշնամիին դէմ:
Միթէ՞ նման ընդդիմութիւն ունեցած է Հայաստանը: Այսքան մաղձ ու ատելութիւն ցուցաբերած ենք, այսքան անվայել յերիւրանքներով նուաստացուցած ենք հայրենի ղեկավարին, երբ թշնամիին կը յանձնուէր Կարսը:
Երբ Սիմոն Վրացեան կը փորձէր ժողովուրդը համոզել ըսելով,_ « Որքան էլ ծանր լինի խոստովանել, պարտք ենք զգում ասելու այն դառն ճշմարտութիւնը, թէ մենք պարտուած ենք:
«Առանց մեր ղեկավար մարմինների գիտութեան ձեռքից տուել ենք թշնամուն մեր ամենազօրեղ ամրութիւնը՝Կարսը,Ալեքսանդրապոլը իր մեծ պաշարով»:
Միթէ՞ ընդվզեցուցիչ չէր, ցեղասպանութիւն տեսած ժողովուրդի մը համար, երբ Վրացեանի գլխաւորած կառավարութիւնը իր որդեգրած քաղաքական ուղեգիծը կը նկատէր թրքական «Արեւելումը»:
Երբ Երեւանի «Յառաջ» թերթի « Հաշտութեան Խնդիրը եւ Մեր Օրիենտացիան», յօդուածին մէջ, կը խօսի Հայ-Թուրք «անկեղծ բարեկամութեան» մասին:
«Եթէ հայ ժողովուրդը կամենում է ապրել եւ ապահովել իր պետական ու ֆիզիքական գոյութիւնը յարատեւօրէն, նա պէտք է ունենայ ոչ թէ ռուսական, այլ թուրքական օրիենտացիա»: (1920 Նոյեմբեր)
Յիշենք նաեւ, որ Հայաստանի ճակատագրական այդ օրերուն,Ազգային Խորհուրդի առաւել իրատես ու շրջահայեաց քաղաքական գործիչներ՝ Քաջազնունին եւ Արամ Մանուկեանը ընդդիմանալով իրենց գործակիցներուն վճիռներուն ուզեցին կանխել վտանգը,_
«Սուտ բարեկամների հետ ընդհանուր ի՞նչ շահեր կարող է ունենալ բոլորի կողմից լքուած Հայաստանը: Թուրքիա՞ն է հովանաւորելու նրա ազատագրական ձգտումները, թէ՞ Գերմանիան»,_ կ՜ըսէ Վանի պաշտպանութեան հերոս՝ Արամը:
Այս բոլորը կանխագուշակելով, Արամ Մանուկեան. փորձեց դուրս գալ իր կուսակցական պատեանէն, երբ իր գործակիցները,«Թիֆլիսում պատրաստւում էին ընկնելու թուրքի գիրկը»:
«…Թէ որ մեր թիկունքում Ռուսաստան չեղաւ, կը կրկնուի Տասնհինգ թուականը, _ այս է իմ կարգախօսը: «Մենք փրկութեան ուրիշ կռուաններ չունենք: Մենք պէտք է Շահումեանի հետ լինենք»:
Սակայն ազգային գործիչները չուզեցին հետեւիլ իրատես քաղաքագէտին կարծիքին, մտածելով իրենց վարկի մասին, «Շահումեանի ստուերի տակ մնալուց»,_ կ՜ըսէ Արամ Մանուկեան:
Երբ այդ օրերուն Ռուսական կողմի հետ բանակցութեան փորձերը կրնային հնարաւորութիւն ստեղծել հարցերը ի նպաստ Հայաստանի լուծելու:
Ահա թէ ո՞ւր հասցուցին Հայաստանը, հայկական ոյժերու կռիւներէն
ծագած վէճերը, հայութեան տարբեր հոսանքներու անհամաձայնութիւնները:
Երբ այդ ժամանակաշրջանին 1920- Մայիսին Հայաստանի սահնաններուն մէջ հնարաւոր էր պահել ոչ միայն Կարսի մարզն ու Սուրմալուի գաւառը. այլեւ Նախիջեւանն ու Ղարաբաղը: Երբ այդ օրերուն բնակչութեան գերամասնութիւն ունէին Նախիջեւանն ու համարեա հայաբնակ Ղարաբաղը:
Այդ օրերու քաղաքական վերիվայրումները , հայ ղեկավարներուն որդեգրած երկու հակադիր դիրքորոշումները ծանր կացութիւն մը ստեղծեցին, վտանգի ենթարկելով երկիրը:
Հայութեան ճակատագիրը տնօրինող քաղաքական գործիչները, շփոթեցին հետեւանքը մեր նպատակին եւ տիրող իրականութեան:
Մեր փայփայած իղձերն ու ցանկութիւնները երբ իրականացած չենք տեսներ, կը մեղադրենք օտար ոյժերը:
ժանակաշրջանի պատմական դէպքերուն յառաջխաղացքը, կը պահանջէր ըմբռնել միջազգային դիւանագիտական աշխարհը, որդեգրելու շրջահայեաց ընթացք:
Սակայն հայ ղեկավարները փոխանակ Հայաստանի ճակատագրական հարցերով զբաղելու, աւելի շատ զբաղեցան կուսակցական վէճերով:
Հայաստանի քաղաքական ոյժերու հակասական եւ իրերամերժ դրոյթները, պատճառ հանդիսացան տկարացնելու Հայաստանը:
Երկիրը հասած էր անդունդի եզրին:Յոյսի ապաւէն մը կը փնտռէր հայ ժողովուրդը:
Վերջապէս, ճակատագրական մէկ պահուն, հայ ղեկավարները միջազգային տիրող իրադարձութիւններէն թելադրուած, ազգի ֆիզիքական գոյութեան ապահովութիւնը գտան Ռուսաստանի բարեկամութեան մէջ:
Այսօր, անցնող դարասկզբի պատմութիւնն է, որ կը կրկնուի Հայաստանի մէջ :
Դարաշրջան մը ամբողջ, հայը չկրցաւ փոխել իր քաղաքական մտածելակերպը:
Հայը դեռ կը սնանի անցեալի նախապաշարումներով:
Այդ օրերու ազգային հարցերուն իրապաշտ մօտեցումով, աչալուրջ իրատես ղեկավարը՝ Յ. Քաջազնունի ինքնաքննութեան փորձ մը կատարելով, կ՜ըսէ_ «Չէինք կարողացել տարբերել պետութիւնը կուսակցութիւնից, կուսակցական մտայնութիւն ենք մտցրել պետական կեանքի մէջ:
« Պետական մարդիկ չէինք մենք»:Ողջմտութիւն կը թելադրեն ճակատագրական այս օրերը:
Համագործակցական քաղաքականութեան անհրաժեշտութիւն: Համերաշխիլ, վարելու համար հասարակաց քաղաքականութիւն
Անցեալը պէտք է դառնայ ուղեցոյց՝ չկորսնցնելու մեր ոտքին տակ եղած հողը…