ՆՈՒԱՐԴ ՄԱՏՈՅԵԱՆ-ՏԱՐԱԳՃԵԱՆ
Հայրենիքիս Հետ
Ինչո՞ւ է այս վերնագիրը:
Այն պարզ պատճառով, որ հայրենիքս է:
Հայրենիք, զորս անպայման սիրել ստիպուած ես:
Հայրենիքը բնական ձգտում մըն է, որ կը բխի մարդուն
էութենէն, որուն կապուած է իր հոգիին բոլոր թելերով:
Հայրենիք, որուն կը հետեւինք ամէնքս կամայ թէ ականայ,
գիտութեամբ թէ անգիտութեամբ:
Կը հրճուինք ու կը յուզուինք իր ուրախ եւ տխուր
կողմերով:
Եթէ օտարը մեզ չի հասկնար մեղաւոր չէ:
Ոչ ալ մեղաւոր է, որ ինք չի հասկցուիր: Բայց մենք ենք մեղաւոր, որ զիրար չենք հասկնար:
Ինչեր կորսնցուցինք, բայց ուշքի չեկանք:
Մենք կորսնցուցինք հողեր տարածքներ, մեր ինքնագլուխ
գործելակերպով, առանց առաջնորդուելու պետական
մտածողութեամբ, գերադասելով անձնական շահը,
փառքն ու պատիւը:
Թշնամին ոչ թէ իր հզօրութեամբ կրցած է տիրել հայոց
երկրին:
Այլ իր խոհեմութեամբ, օգտուելով մեր քաղաքական
ոյժերու երկպառակտումէն ու անմիաբանութենէն:
Եւ մինչեւ այսօր չենք փորձած ուշքի գալ ընդունելու, թէ
մենք ենք մեր դժբախտութիւններուն պատճառը:
Երբ տակաւին կռիւ կը մղենք մեր ազգին դէմ, պետութիւնը
կազմալուծելու սպառնալիքներ հնչեցնելով:
Երբ մարդիկ հանդէս կու գան հայրենասէրի դիմակով,
հայրենիքի փրկութեան անուան տակ, առանց
զատորոշելու էականը ոչ էականէն,
առաջնահերթը՝ երկրորդականէն:
Երբ այս տխուր իրավիճակին մէջ հարկաւոր է՝
իշխանութեան հետ ոյժերու մէկտեղում,
ի շահ Հայրենիքի: