ՄՈՍԿՈՒԱ, «Ազատութիւն».- Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովա, ճեպազրոյցի մը ընթացքին անդրադարձած է Հայաստանի մէջ ստեղծուած ներքաղաքական իրավիճակին եւ ներկայացուցած է Մոսկուայի դիրքորոշումը՝ վստահեցնելով, որ Հայաստանի հետ դիւանագիտական յարաբերութիւնները կը շարունակուին, եւ՝ «մենք կը կատարենք մեր պարտականութիւնները»:
«Մենք կ՛առաջնորդուինք այն իրականութեամբ, որ Ռուսիոյ եւ Հայաստանի ժողովուրդները եւ դիւանագէտները կ՛աշխատին իրենց ժողովուրդներուն համար՝ յանուն անոնց բարգաւաճման: Ոչ թէ ժողովուրդները պէտք է յարմարուին, այլ մենք՝ դիւանագէտներս, պէտք է մտածենք այն մասին, թէ ինչպէ՛ս մեր երկիրները պէտք է ապրին ու զարգանան եւ համատեղ ապագայ կառուցեն՝ հաշուի առնելով պատմական բարեկամական կապերը», ըսած է ան:
Պատասխանելով մէկ այլ լրագրողի մը հարցումին, թէ մեծ պետութիւնները կը փորձե՞ն ճնշում բանեցնել ընդդիմութեան եւ իշխանամէտ կողմերուն վրայ, Զախարովա ըսած է. «Հայաստանը հնագոյն պատմութիւն, մշակոյթ եւ բազմամեայ պետականութիւն ունեցող երկիր է, եւ մենք բազմիցս նշած ենք, որ Հայաստանի ժողովուրդը պէ՛տք է յաղթահարէ այդ քաղաքական հասարակական ճգնաժամը: Իսկ ինչ կը վերաբերի այն հարցին, թէ կրնա՞ն արդեօք այս իրադարձութիւնները սրել Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը՝ մենք կը կարծենք, որ այդ մէկը պէտք չէ տեղի ունենայ, քանի որ անիկա խաղաղ բանակցութիւններու հարց է»:
Զախարովա Սերժ Սարգսեանի հրաժարականը «Հայաստանի ներքին գործը» որակած է, միաժամանակ կոչ ընելով կողմերուն, որ խոհեմութիւն եւ պատասխանատու մօտեցում ցուցաբերեն՝ տագնապին սահմանադրական լուծում գտնելու համար։
ԵՐԵՒԱՆ-ՄՈՍԿՈՒԱ ՇՓՈՒՄՆԵՐ
Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան Ապրիլ 25ին հեռաձայնային զրոյց մը ունեցած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ, քննարկելով Հայաստանի մէջ ստեղծուած իրավիճակը եւ հայ-ռուսական յարաբերութիւններու օրակարգը:
Զրուցակիցները նշած են, որ բոլոր գործընթացները պէտք է ընթանան սահմանադրութեան պահանջներուն համաձայն։
Վարչապետի պաշտօնակատար Կարէն Կարապետեան եւս Ապրիլ 26ին հեռաձայնային զրոյց մը ունեցած է Փութինի հետ՝ անդրադառնալով Հայաստանի ներքաղաքական իրավիճակին եւ դարձեալ շեշտելով տագնապը գործող սահմանադրութեան ծիրին մէջ լուծելու կարեւորութիւնը։
Նաեւ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Ապրիլ 26ին հանդիպում մը ունեցած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Էդուարդ Նալբանդեանի հետ՝ քննարկելով իրավիճակը, մասնաւորապէս՝ Ատրպէյճանի եւ Արցախի շփման գիծին վրայ։