ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ
Այսպէս է վերջին տարիներու սփիւռքի զանազան գաղութներու հոգեւոր, կրթական, կուսակցական, ազգային, բարեսիրական, միութենական կամ ընկերային պատկերը:
Աւելի ճիշդը` սփիւռքի գաղութներու կերպարանափոխումը. արեւելահայ նոր գաղութներու կազմաւորումը պէտք է մեզի համար աշխատանքի նոր դաշտի մը ձեւաւորումը ստեղծէ:
Իւրաքանչիւր գաղութի ներուժը առաւելագոյն չափով ներգրաւելու ճիգը անպակաս եւ հետեւողական դարձնելու համար անհրաժեշտ է ստեղծել մնայուն գրասենեակ մը: Սփիւռքի օրակարգը լոկ մէկ տարուան մթնոլորտ ստեղծելու եւ թափ տալու օրակարգ չէ:
Ամէն բան մենք մեզի ընելով, ինքնագոհ մնալով, ամէն բան վարդագոյն տեսնելով, վաղուան հրաշքներուն հաւատալով` սփիւռքը չի կազմակերպուիր:
Սփիւռքի զօրութիւնը իր կազմակերպման եւ մարդուժի ներգրաւման մէջ է, որ կ՛ենթադրէ յարատեւ, մնայուն, շարունակական եւ կազմակերպ աշխատանք:
Փաստօրէն Հայաստանի պետութիւնը այս օրակարգը ստանձնելու ո՛չ տրամադրութիւն ունի, ո՛չ ժամանակ, ո՛չ ալ տեսլական: Ձեւական, քաղաքական ներթափանցումներու եւ հիմնական օրակարգեր հակակշռելու սկզբունքէն անկախ` ուրիշ հետաքրքրութիւն չկայ անոր մօտ:
«Մենք մեզի»-էն դուրս ելլելու ձեւն ալ հանդուժողականութիւն եւ ընդհանուր օրակարգերու հասարակաց կէտեր ունենալն է:
Աւանդական գաղութներու մէջ աւելի դիւրին է այս մէկը կազմակերպելը, քան` արեւելահայ մեծամասնութեամբ գաղութներու: Հիմնական մէկ տարբերութեամբ, որ աւանդական գաղութները ստեղծուած են գաղթի, բռնի տեղահանումի, ջարդի իբրեւ հետեւանք, մինչ արեւելահայ գաղութներ` աւելի բարեկեցիկ կեանք մը ունենալու սկզբունքով:
Սակայն ճիշդ չէ, որ Հայաստանի բնակչութեան թիւէն աւելի թիւ հաշուող Ռուսիոյ հայ գաղութը այսպէս մնայ:
Հաւանաբար իրենք գոհ են, կազմակերպուելու, ինքնուրոյնութիւն եւ ինքնութիւն պահելու օրակարգ չունին, սակայն մենք` իբրեւ ազգ, պէտք է մեր ներդրումը ունենանք կազմակերպուելու մշակութային, կրթական, բարեսիրական, ընկերային, քաղաքակրթական եւ այլ մարզերու մէջ:
Այս պատճառով եւ գործի բազմաճիւղ ու բազմածաւալ ըլլալուն համար սփիւռքի համակարգման գլխաւոր գրասենեակ մը ունենալու անհրաժեշտութիւն կայ:
Ասիկա` ոչ թէ Հայաստանի ներքին քաղաքական հարցերուն ըսելիք ունենալու համար, այլ որպէսզի Հայաստանի եւ հայութեան պատմական, գոյութենական, մարդկային եւ համամարդկային հարցերուն սփիւռքը իր ըսելիքը ունենայ:
Գաղութներու մէջ հայկական կեանքին մասնակցութեան ներգրաւման տոկոսը բարձրացնելու, սփիւռքի օրակարգով, հասարակաց օրակարգով գրասենեակ մը ունենալու եւ փոխադարձ փորձառութիւններ, մարդուժ, ներուժ, մամուլ, մշակոյթ, արուեստ համակարգելու եւ ինքնութիւն պահելու համար կարեւոր են վերոնշեալ երկու կէտերը:
Այլապէս կը մնանք մենք մեզի: