Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան բացման խօսքով հանդէս եկաւ գերանվտանգութեան միջազգային խոշոր «CYBERSEC2020» առցանց համաժողովին, որ տեղի ունեցաւ ՆԱԹՕ-ի հետ գործընկերութեամբ:
Համաժողովի մասնակցեցան նաեւ Էսթոնիոյ նախագահ Գերսդի Գալիւլայտը, Եւրոպական յանձնաժողովի գործադիր փոխնախագահ Մարգրետ Վեսդակերը, ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ Միրչիա Ճոանան, Եւրոպական խորհրդարանի փոխնախագահ Տիդա Չարանզովան, տարբեր երկիրներու պաշտպանական գերատեսչութիւններու, համաշխարհային ընկերութիւններու ղեկավարներ:
«CYBERSEC»-ը կը նկատուի գերանվտանգութեան խնդիրներուն նուիրուած եւրոպական ամենախոշոր համաժողովներէն մէկը: Անոր նպատակն է քննարկել նոր ճարտարագիտութիւններու հետեւանքով յառաջացած մարտահրաւէրներն ու վտանգները, ինչպէս նաեւ թուային լուծումներն ու ճարտարագիտութիւնները ի շահ հանրութիւններու օգտագործելու հնարաւորութիւնները:
Նախագահ Արմէն Սարգսեան անդրադարձաւ ներկայիս գերփոխկապակցուած աշխարհի մէջ գերանվտանգութեան ոլորտի խնդիրներուն ու սպառնալիքներուն, անոնց յաղթահարման կարելիութիւններուն: Հայաստանի նախագահը յատկապէս ընդգծեց երկխօսութեանանհրաժեշտութիւնը ժամանակակից աշխարհին մէջ:
«Երկխօսութիւնը կարեւոր է: Երկխօսութիւնն է լուծումը, ոչ թէ ճարտարագիտութիւնները: Իւրաքանչիւր ճարտարարուեստի դէմ պիտի յայտնուի նոր ճարտարարուեստ, եւ եթէ փորձես դուն քեզի պաշտպանել միայն ճարտարագիտութիւններ օգտագործելով, ուստի շատ հաւանական է՝ ձախողիս»,-յայտնեց նախագահ Սարգսեան:
Ընդգծելով, որ մարդկային երկխօսութիւնը ամենակարեւորն է, Հայաստանի նախագահը անդրադարձաւ Ազրպէյճանի հրահրած ռազմական վերջին գործողութիւններուն. «Հայաստանի նման երկիրը ամէն օր կը դիմակայէ գերսպառնալիքներ, որոնք կու գան ոչ միայն մեր դրացի Ազրպէյճանէն, այլեւ Թուրքիայէն, որ ՆԱԹՕ-ի անդամ է: Ցաւօք սրտի, այս վերացական սպառնալիքը աւելի եւ աւելի նիւթական կը դառնայ:
Հաւանաբար լսեցին, որ Ազրպէյճանը Կիրակի օր հակամարտութիւն սկսաւէ Լեռնային Ղարաբաղի սահմաններուն վրայ: Պէտք է յայտարարեմ, որ ՆԱԹՕ-ի անդամ Թուրքիան լիակատար կերպով կ՝աջակցի Ազրպէյճանին իր ելեկտրոնային տրոններու՝ գերյարձակումներու, ինչպէս նաեւ անձնակազմի՝ խորհրդատուներու, վարձկաններու եւ անգամ F-16 կործանիչներու միջոցով:
Ասիկա ողջ աշխարհի մէջ բնակող ցանկացած հայու համար որեւէ առումով ուրուականի վերադարձ է: Եւ եթէ այդ ուրուականը ի սկզբանէ վերացական էր, ուրեմն անիկա այժմ դարձած է նիւթական: Ինչու կ՝ըսեմ ուրուական. ատիկա Օսմանեան կայսրութեան ուրուականն է, որ 105 տարի առաջ ծրագրեց եւ իրականացուց Հայոց ցեղասպանութիւնը: Ոչ մէկ պարագայի մենք կրնանք արտօնել, որ այդ ցեղասպանութիւնը կրկնուի:
Ո՞ւր է լուծումը: Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան պարագային լուծումը նոյնպէս երկխօսութիւնն է, երկխօսութիւնը կողմերու միջեւ: Գոյութիւն ունի հարթակ՝ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբը, որ ունի երեք համանախագահ երկիր՝ Ռուսիան, Ֆրանսան եւ Միացեալ Նահանգները: Մենք պէտք է վերադառնանք երկխօսութեան: Թէ՛ նիւթական, թէ՛ գերհակամարտութիւններու պարագային կայ լուծման միայն մէկ ճանապարհ՝ երկխօսութիւն»:
Արձագանգելով նախագահ Սարգսեանի խօսքին՝ գագաթնաժողովի ատենապետը մասնաւորապէս յայտնեց. «Մենք համաձայն ենք Ձեր հետ, պարոն նախագահ, որ երկխօսութիւնը կարեւոր է: Խօսելով երկխօսութեան եւ այս դժուար ժամանակներուն մասին՝ մէկ անգամ եւս կ՝ուզենք շնորհակալութիւն յայտնել Ձեր մտքերը ներկայացնելու համար:
ՆԱԹՕ-ի Կովկասի եւ Կեդրոնական Ասիոյ մէջ յատուկ ներկայացուցիչ Ճէյմս Ապատուրայը մեկնաբանեց իրավիճակը. «ՆԱԹՕ-ն խորապէս մտահոգուած է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիի սահմանագիծի ողջ երկայնքով լայնածաւալ ռազմական գործողութիւններու մասին տեղեկութիւններուն առնչութեամբ: Կողմերը պէտք է անյապաղ դադրեցնեն ռազմական գործողութիւնները, որոնք արդէն յանգեցուցած են զոհերու քաղաքացիական բնակչութեան մէջ: Այս հակամարտութիւնը ռազմական լուծում չունի: Կողմերը պէտք է վերսկսին բանակցութիւնները՝ հասնելու խաղաղ կարգաւորման: ՆԱԹՕ-ն կ՝աջակցի ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի ջանքերուն»: