Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 105-Ամեակի Տօնակատարութիւն
Հովանաւորութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին եւ կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Ռուբէն» կոմիտէին, Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութեան 105-ամեակին առիթով, ուրբաթ, 26 մայիսի երեկոյեան ժամը 8:00-ին «Ռուբէն» ակումբին դիմաց տեղի ունեցաւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 105-ամեակի տօնակատարութիւն:
«Ռուբէն» կոմիտէի անունով բացման խօսքը արտասանեց Թամար Մամիկոնեան, որ ըսաւ, թէ փառաւոր յաղթանակի եւ հպարտութեան օր է մայիս 28-ը, իսկ 1918-ն թուական մըն է, երբ մոխրացած հայրենիք մը յանկարծ շունչ առաւ եւ 600 տարուան ստրկութենէն ետք դարձեալ ոտքի կանգնեցաւ, կերտեց Հայաստանի Ա. Հանրապետութիւնը: Ան դիտել տուաւ, որ մայիս 28-ը հանդիսացաւ հայ ժողովուրդի ազատագրական պայքարներուն գերագոյն հանգրուանը, թափուած անհաշիւ արիւններու, անկշռելի զոհողութիւններու պսակումը` ղեկավարութեամբ ՀՅ Դաշնակցութեան, որ ճգնաժամային օրերուն, երբ հայութեան մէկուկէս միլիոնը ոչնչացուցած թշնամին եկած ու կանգ առած էր կոտորակուած հայրենիքի սահմաններուն վրայ, միահամուռ ճակատ կազմեց Արարատեան դաշտին մէջ համախմբուած հայութենէն եւ զէնքի ուժով կերտեց Հայաստանի անկախութիւնը:
«Սակայն կարեւորը այսօր է: Նոյնքան ծանր մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւէ հայութիւնը այսօր` Արցախի, Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ: Այսօր, աւելի քան երբեք, հայութիւնը պարտի ազգովին համախմբուիլ, միանալ, պայքարիլ` յանուն Արցախի գոյութեան, մեր արցախահայ քոյր-եղբայրներու ապահովութեան, Հայաստանի անկախութեան պահպանման եւ սփիւռքի մէջ հայկականութեան շարունակութեան», եզրափակեց Մամիկոնեան` կոչ ուղղելով ներկաներուն միեւնոյն հաւատքով, վճռակամութեամբ եւ միասնական ոգիով շարունակելու պայքարը` յանուն Հայաստանի եւ Արցախի պահպանման եւ գոյատեւման:
Օրուան բանախօսն էր «Ազդակ» օրաթերթի տնօրէն եւ խմբագրապետ Շահան Գանտահարեան, որ իր խօսքին սկիզբը լուսարձակի տակ առաւ այն, թէ այս տարի Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութեան 105-ամեակը կը տօնենք մեր անմիջական պատմութեան մէջ ամէնէն դժուար պայմաններուն մէջ: Արդարեւ, ունինք` բռնագրաւուած արցախեան տարածքներ, ներխուժուած հայրենիք, բազմահազար զոհեր, հաշմանդամներ, պարտադրուող համաձայնութիւններ, տկար դիրքերէ ընթացող բանակցութիւններ եւ միակողմանի զիջումներ, բայց եւ այնպէս 105 տարի առաջ շատ աւելի ծանր էին պայմանները` ցեղասպանութիւն, Արեւմտահայաստանի բռնագրաւում, ամայացում, միլիոնաւոր զոհեր: Հայութիւնը սակայն մղեց իր գոյամարտը եւ յաղթեց, մայիսեան ճակատամարտերով արգելակեց ցեղասպանութեան շարունակութիւնը, կասեցուց համաթուրանական յառաջխաղացքը, հռչակեց անկախութիւն, կերտեց պետականութիւն, հայկական պահեց Սիւնիքը եւ այդպիսով փրկեց հայրենիքը, որովհետեւ կա՛ր իր ժողովուրդի ուժին հաւատացող կառավարութիւն, Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան սերունդ:
Անդրադառնալով ՀՅԴ «Ռուբէն» կոմիտէի կազմակերպած սոյն տօնակատարութեան, ան նկատել տուաւ, որ այդ մէկը յատուկ խորհուրդ եւ նշանակութիւն ունի, որովհետեւ կոմիտէն կը կրէ անունը Ա. Հանրապետութեան հիմնադիր սերունդին մաս կազմած, անկախ Հայաստանի առաջին խորհրդարանի անդամ ընտրուած, ապա ներքին գործոց նախարարի եւ աւելի ուշ զինուորական նախարարի պաշտօնները ստանձնած մեր ազատագրական պայքարի ամենափայլուն դէմքերէն Ռուբէն Տէր Մինասեանի, որուն դերը մեծ է պետականակերտման եւ հայրենակերտման, հայրենիքի հայացման մէջ: «Այդ գործին ետին կանգնած էր Ռուբէնը թէ՛ ծրագրումի եւ թէ՛ իրականացման առումներով», հաստատեց Գանտահարեան` ըսելով, որ այս ճակատագրորոշ գործողութիւններուն կը պարտինք այսօրուան Հայաստանի ժողովրդագրական պատկերը եւ հարց տալով, թէ ի՞նչ պիտի ըլլար մեր երկրի ճակատագիրը, եթէ Ռուբէնն ու անոր ընկերները Ա. Հանրապետութեան կերտման առաջին գործերէն չհամարէին ժողովրդագրական պատկերի հայացումը: Ներքին հսկայական ական տրամադրած պիտի ըլլայինք թշնամիին, որ Սումկայիթի, Կիրովապատի եւ Արցախի հետեւողութեամբ ցեղային զտումի պիտի ձեռնարկէր նաեւ մեր սահմաններուն մէջ:
Շարունակելով իր խօսքը` բանախօսը ըսաւ, որ Հայաստանի սահմանադրութեան նախաբանը կազմած Անկախութեան հռչակագիրին մէջ կը հաստատուի, որ վերանկախացած Հայաստանը պէտք է զարգացնէ 1918 թուականի մայիսի 28-ին ստեղծուած անկախ Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովրդավարական աւանդոյթները, աւելցնելով, որ անկախութեան հռչակագրով եւ, հետեւաբար, սահմանադրութեամբ Հայաստանի ներկայ հանրապետութիւնը իրաւաժառանգորդը կը համարուի 1918-ի մայիս 28-ի Հայաստանին եւ իբրեւ իրաւաժառանգորդ` պարտաւոր է ոչ միայն պահպանելու, այլ զարգացնելու մայիս 28-եան աւանդութիւնները: Ան շեշտեց, որ այսօր այդ աւանդութիւններու օտարում կը նկատուի այդ ժառանգի արժանաւորութենէն հեռացած գործող իշխանութիւններուն մօտ, հետեւաբար հայ ժողովուրդը, յարգելու համար Անկախութեան հռչակագիրն ու սահմանադրութիւնը, Ա. Հանրապետութեան արժանի իրաւաժառանգորդ իշխանութիւն պէտք է ձեւաւորէ անյետաձգելիօրէն: «Մենք պարտաւո՛ր ենք յարգելու Անկախութեան հռչակագիրը եւ ատով իսկ վերակերտելու մայիս 28-եան աւանդներուն հարազատ եւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան իրաւաժառանգորդ ազգային պետականութիւն, որուն ընդառաջ Սարդարապատի ղօղանջները արդէն կը լսուին միաւորուած եւ համախմբուած Արցախի մէջ», եզրափակեց Շահան Գանտահարեան:
Ձեռնարկին գեղարուեստական բաժինով ելոյթ ունեցան` Համազգայինի «Գուսան» երգչախումբը, որոնք մեկնաբանեցին ազգային երգերու փունջ մը, Համազգայինի «Գայեանէ» պարի դպրոցի աշակերտները, Հրակ Մամիկոնեան` ասմունք, իսկ Հրաչ Կայծակեան եւ Լոռի Կիւլիւմեան, ընկերակցութեամբ Շանթ Տիշչէքէնեանի, ներկայացուցին ազգային երգերու փունջ մը:
Ձեռնարկը փակուեցաւ «Սարդարապատ» յաղթերգով: