«Յարձակման վախ չկայ, բայց զգուշաւորութիւն միշտ կայ, եւ մենք միշտ պատրաստ ենք», Գեղարքունիքի մէջ պատասխանելով Հայաստանի մէջ հաւատարմագրուած դիւանագէտներու եւ լրագրողներու հարցումներուն` յայտարարեց զինեալ ուժերու ընդհանուր հրամանատարի տեղակալ Առաքել Մարտիկեան:
«Քանի որ մեզմէ իւրաքանչիւրը (զինուորականները նկատի ունիմ) յստակ կը գիտակցի, որ խնդիրը լուծուած չէ, եւ հակառակ կողմը պէտք է փորձէ խնդիրը լուծել ի նպաստ իրեն, մենք կը սպասենք, մենք կը պատրաստուինք հակառակորդին դիմակայելու», ընդգծեց պաշտպանութեան նախարարութեան պաշտօնեան:
Վերջին կրակոցները, Մարտիկեանի համաձայն, եղած են, «քանի որ կը հակազդենք, թոյլ չենք տար, որ յառաջանան, թոյլ չենք տար, որ ամրանան»:
Ջերմուկի հատուածին մէջ, ըստ անոր, իսկապէս միջադէպ եղած է, հակառակորդը կիրարկած է ականանետեր, անօդաչու թռչող սարքեր, որոնց պատճառով հայկական կողմը տուած է երեք զոհ:
«Մենք այդ լարուածութենէն չենք վախնար, մենք ամէն ինչ պէտք է ընենք, որպէսզի հակառակորդը չամրանայ: Հայաստանի Հանրապետութիւնը մեր տունն է, ու մենք զայն պիտի պաշտպանենք, չենք գիտեր ո՛վ մեզի հետ է, բայց մենք պիտի պաշտպանենք», յայտարարեց Մարտիկեան: