ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Ըստ «Ինթերֆաքս» լրատուական գործակալութեան՝ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ «Թուիթըր»ի իր էջին վրայ գրած է, որ Ատրպէյճան իր հսկողութեան տակ առած է Լաչին (Բերձոր) աւանը եւ Զաբուխ (Աղաւնոյ) եւ Սուս գիւղերը:
«Այսօր մենք` ատրպէյճանցիներս, վերադարձանք Լաչին քաղաքը, ատրպէյճանական բանակը տեղակայուած է Լաչինի մէջ: Զաբուխ (Աղաւնոյ) եւ Սուս գիւղերը հսկողութեան տակ են», գրած է Ալիեւ:
Ասոր զուգահեռ, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը 26 Օգոստոսին հրապարակեց յայտարարութիւն մը, որուն մէջ կը յայտնէ, թէ յոյս ունի, որ Լաչինի (Բերձոր), Զաբուխի (Աղաւնոյ) եւ Սուսի վերադարձը Ատրպէյճանին՝ պիտի նպաստէ հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու բարելաւման:
«Մենք ուրախ ենք, որ Լաչին աւանը եւ Զաբուխ եւ Սուս գիւղերը վերադարձուած են Ատրպէյճանին 9 Նոյեմբեր 2020ի եռակողմ յայտարարութեամբ իրականացուող գործընթացի ծիրին մէջ: Մենք յոյս ունինք, որ Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման ուղղութեամբ այդ կարեւոր քայլը պիտի նպաստէ տարածաշրջանային եւ ատրպէյճանական-հայկական յարաբերութիւններու բարելաւման», կ՛ըսուի յայտարարութեան մէջ։
Նախարարութիւնը դիտել կու տայ, որ «Անգարա մինչեւ օրս պաշտպանած է եւ հետագային ալ պիտի պաշտպանէ եղբայրական Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը եւ ինքնիշխանութիւնը»: