ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայկական կողմը վստահ է, որ պատրաստ է Եւրոպական Միութեան հետ սկսելու վիզաներու ազատականացման երկխօսութեան, պատրաստ է իր կարողութիւններով նոյնիսկ շատ արագ շարժելու դէպի այդ երկխօսութեան աւարտը, որուն արդիւնքը արդէն պիտի ըլլայ բուն ազատականացումը:
Հայաստանի Ազգային ժողովի մնայուն յանձնաժողովներու միացեալ նիստին «Հայաստանի Հանրապետութեան 2019թ. պետական բիւջէի կատարման մասին» տարեկան հաշուետուութեան՝ եկամուտներու եւ ծախսերու կատարողականի նախնական քննարկման ատեն այս հաստատումը կատարեց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան՝ պատասխանելով «Լուսաւոր Հայաստան»էն Անի Սամսոնեանի հարցումին:
«Մենք համարում ենք, որ եկել ենք մի մակարդակի, որպէսզի այդ երկխօսութեան մեկնարկը տանք: Սա մեր մօտեցումն է, որն ունի համապատասխան արգումենտացիոն (փաստարկման-Խմբ.) հիմք: Մեր գործընկերները նաեւ ունեն որոշ հարցեր, որոնց մէջ կայ տարր, որն անմիջապէս Հայաստանին չի վերաբերում, այլ բխում է ընդհանուր միգրացիոն (գաղթի-Խմբ.) իրավիճակից բխող հարցերից: Մենք պնդում ենք՝ պէտք է լինէր, բայց մեր գործընկերները դեռեւս ի ցոյց են դրել որոշ զգուշութիւն: Մեզ համար սկզբունքային է, այո՛, մեզ անհրաժեշտ է սկսել», յայտնեց նախարարը:
Ան նկատել տուաւ, որ բաւական մեծ թիւով երկիրներ այս հարցին մէջ կ՛աջակցին Հայաստանին, սակայն կը պահանջուի բոլոր անդամ պետութիւններուն համաձայնութիւնը: Ասիկա Եւրոպական Միութեան հետ յարաբերութիւններուն մէջ Հայաստանի համար գերակայ հարցերէն մէկն է: Մնացականեան նաեւ նշեց, որ այս բոլորէն բացի, ասիկա ունի նաեւ չափազանց մեծ քաղաքական նշանակութիւն: