Նուարդ Մատոյեան- Տարագճեան
Ինչո՞ւ Պատմութիւնը Չփոխեց Իր Ընթացքը
Պատմութիւնը ինչպէս կրնայ փոխել իր ընթացքը, երբ մինչեւ
այսօր դեռ կը սնանինք նախնական ազգերու հոգեբանութեամբ։
Երբ տակաւին մեր մտածելակերպով կը մնանք նախնական “primitive” ազգ։
Թէեւ կերտած ենք հարուստ մշակոյթ, բայց հեռու մնացած ենք պետական
մտածողութենէն եւ աշխարհաքաղաքական դիւանագիտութենէն։
Այդ մէկը շատ լաւ հասկցած է թուրքը, երբ այսօր ծրագրեց
գործադրել Հայոց նոր ցեղասպանութիւնը։
Անցնող տասնամեակներու ընթացքին, թուրքը ժամանակ չկորսնցուց
զինելու, նախապատրաստելու Թուրք, Ազերի
զօրքեր ու ահաբեկիչ հրոսախումբեր, վայրագօրէն խուժելու
հայկական տարածքներ, անարգել խախտելու միջազգային ամէն
օրէնք, իրաւունք, բարբարոսական արարքներով ոչնչացնելու հայ ժողովուրդը,
բռնագրաւելու հայոց հայրենիքը։
Այսօր տխուր էջեր աւելցան հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ։
Միջազգային հանրութիւնը այս անգամ
ալ մնաց լուռ ու անտարբեր։
Հայ զինուորներուն հերոսական սխրանքը վերածեցին
պարտութեան, պարտադրելով
ծանր համաձայնագիր մը։
Այս ճակատագրական իրողութիւնը յաղթահարելու ջանքեր
գործադրելու փոխարէն։ Մենք այսօր բորբոքած կիրքերով մեղաւորներ
կը փնտրենք։ Առանց անդրադառնալու, թէ մեր ներքաղաքական
երկպառակութիւններով միջազգային հանրութեան առջեւ կը տկարացնենք
Հայաստանի քաղաքական կշիռը, վտանգելով մեր
երկրին կայունութիւնը։
Այս մտահոգիչ իրողութիւնը ինքնին կը պարզէ, թէ ժամանակի թաւալքը
չէ կրցած փոխել մեր մտածելակերպը։ Չէ կրցած բուժել մեր մէջ
արմատացած անհանդուրժողութեան ախտը։
Յատկութիւն մը, որ առիթ տուած է ազգավնաս արկածախնդրութիւններու։
Առիթ տուած է մեր ազգին դէմ յարատեւ կռիւ մղելու առանց գիտակցելու,
թէ մեր դառն ճակատագրին մէջ որքան մեծ է մեր մեղքի բաժինը։
Երբեւէ անդրադարձած ենք, որ մեր նախապաշարումները,
փառքի տենչը մեզմէ խլած են մեր ազգային արժանապատութիւնը։
Խլած են մեր պետականութիւնը։ Եւ ամէնակարեւորը` մեզմէ խլած են
մեր ազգային ինքնագիտակցութիւնը, եւ առողջ հայրենասիրութեան զգացումը։
Մեր պարտութիւններուն պատճառը միշտ եղած է մեր ներքին կռիւներէն
առաջացած հակադիր դիրքորոշումները։
Եւ այդ պատճառով մենք իրար չե’նք հանդուրժեր, իրար չե’նք սիրեր,
իրար չենք լսեր, իրար չենք հասկնար։
Պատահած է երբեւէ քաջալերենք մեր լաւ ոյժերը,
մեզմէ վանելով նախանձն ու անհանդուրժողութիւնը ։
Պատմութիւնը յաճախ կը յուշէ այս իրողութիւնները, որոնք կրկնուած են
մեր կեանքէն ներս, դարձած են սովորական երեւոյթներ։
Յիշենք այդ օրերու Զանգեզուրի դէպքերու խառնաշփոթ մթնոլորտը։
Երբ հայութեան շարքերէն ներս ծանր ամբաստութիւններ
ու փոխադարձ մեղադրանքներ կը հնչէին իշխանաւորներու,
Նժդեհի եւ զինուորականութեան միջեւ։
Պիտի տեսնենք , թէ Նժդեհի անուան շուրջ կար երկու տրամադրութիւն,
երկու հակասական կարծիքներ։
Ժողովուրդին համակրանքը Նժդեհի հետ էր, որպէս “անյողդողդ ”
սպարապետ։ “Ժողովուրդի աչքին մեծ հմայք ունէր”։
Իսկ ղեկավար մարմիններ ու իր կուսակցակսն ընկերները այլ
կարծիքի էին` որպէս` “փոփոխամիտ”, իր “փառքով արբեցած ” ։
Անոնք զինք մեղադրեցին, _որ “իր գործելակերպով ” պատճառ
հանդիսացած է “Լեռնահայաստանի անսպասելիօրէն
արագ անկման”։ “Սիւնիքի մէջ կատարուած բոլոր սխալներուն
պատասխանատուն “։
Եւ նման անարդարացի զրպարտութիւններ, որոնք նոյնիսկ հարցականի
տակ դրին իր ռազմական կարողութիւնը։
Թէ որքանով իրականութեան կը համապատասխանէին Նժդեհի
հասցէին եղած անարդարացի զրպարտութիւնները։
Երբ անուրանալի է իր զինուորական կարողութիւնները,
Զանգեզուրի ինքնապաշտպանութեան կռիւներու ընթացքին
իր ցուցաբերած անմնացորդ մարտունակութիւնը, որպէս անվեհեր
քաջամարտիկ ու ռազմական առաջնորդ։
Անկախ իր թոյլ տուած սխալ դիրքորոշումէն, երբ կը գործակցէր
Նացիական Գերմանիոյ հետ, առանց նախատեսելու
աղէտալի հետեւանքները։
Պատմական այս եղելութիւնը բաւական է ըսելու, թէ մենք մեր ոյժերը
սպառած ենք իրար դէմ պայքարելով։
Առանց հասկնալու իրողութիւններուն
խորքը, առանց ըմբռնելու աշխարհաքաղաքական դիւանագիտութեան
թաքուն ծալքերը։
Այսօր հայութեան առջեւ կան շատ աւելի մեծ ու տագնապալի
խնդիրներ, որ հարցականի տակ կրնան դնել
մեր պետականութիւնը։ Վտանգել Հայաստանի եւ
Արցախի ապագան։
Հարցեր կան որ հրատապ լուծում կը պահանջեն։
Երբ պիտի հասկնանք, թէ մեր երկրին կայունութեան քայքայումը,
թշնամիին ռազմավարական յաջողութեան իրականացումն է։
Ցաւն այն է, որ մենք հարցերը չենք ըմբռներ համազգային տարողութեամբ։
Քանի որ “Ես”- ն է մեզ առաջնորդողը ոչ թէ “Մենք”-ը։
Այս մռածելակերպով չենք կրնար համաձայնիլ ստեղծելու
ինքնիշխան պետութիւն։ Այլ կը մնանք գերի մեր սեփակսն հողին վրայ։
Այսօր այն պահն է, որ հրամայականօրէն կը պահանջէ`համախմբուիլ,
յաղթահարելու այս տխուր իրավիճակը։
Անհրաժեշտ է հաւաքական գիտակցութեան զինումը
մէկ տեսլականի շուրջ, ի գործ դնել մեր կարողութիւնները ,
ստեղծելու միաձոյլ հաւաքական ոյժ, վերականգնելու մեր կորսնցուցածը։
Այս կը պահանջէ ներկայ իրավիճակը, մեր համընդհանուր
ճակատագիրը։
Իրականացնելու մեր համազգային նպատակները։
Հայոց Պետականութեան կայունութիւնը Առաջնահերթութիւն է։