Նուարդ Մատոյեան-Տարագճեան
Թող Սէրը Ծաղկի
Հայ Հոգիներուն Մէջ
Մի՞թէ նոյն ազգի զաւակները չենք, որ այսքան
մաղձ ու ատելութիւն պահած ենք մեր մէջ:
Իշխանափոխութեան համար կը վարկաբեկենք
մեր պետութիւնը:
Քանզի քաղաքացիական գիտակցութեան եւ պետական
մտածողութեան պակասէն, մեզի համար արժէք
մը չէ պետութիւնը:
Պետական լեզուով խօսելու փոխարէն, կը խօսինք
բարբառով ասեկոսներու մակարդակով:
Կերտուածք մը, որ վայել չէ դառնալու
քաղաքակիրթ պետութիւն :
Մակարդակ մը, որ հարցականի տակ կը դնէ
Հայաստանի եւ Արցախի իրավիճակը:
Մի՜ խաթարէք մեր ազգին բարքերը ծայրահեղ կիրքերով:
Վրէժին փառքը մի պանծացնէք:
Թո՜ղ Սէրը ծաղկի հայ հոգիներուն մէջ …