19 Դեկտեմբեր 2013-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Հ.Կ.Մ.-ի «Յ. Պօղոսեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ս. Ծնունդի համերգ, կատարողութեամբ Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի երգչախումբին եւ ներկայութեամբ հոգեւոր հայրերու, կրթական պատասխանատուներու, ուսուցիչներու, ծնողներու եւ աշակերտներու:
Հանդիսութեան բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Վանեսսա Նաժժար, որ նշեց, թէ Քրիստոսի ծնունդը իւրաքանչիւրին կու տայ նոր կեանք եւ նոր ոգի` վերանորոգելու ուխտը եւ հաւատքը: Ան աւելցուց, որ հոգեւոր համերգը առիթ մըն է Քրիստոսով մտածելու, Քրիստոսի ծնունդով վերափոխուելու եւ Քրիստոսով ամրապնդուելու:
Յայտագիրի առաջին բաժինով 7 երգերով ելոյթ ունեցաւ փոքրերու երգչախումբը, որմէ ետք Հայր Ղազար վրդ. Պետրոսեան ընկերակցութեամբ Սարգիս Հալլաճեանին (դաշնամուր) երգեց երկու երգ:
Ապա ելոյթ ունեցաւ մեծերու երգչախումբը, որուն հետ մեներգներով իրենց մասնակցութիւնը բերին մեսրոպեանականներ Սինթիա Արաբկիրլեան եւ Լիզա Սվաճեան: Աւարտին, Մերսոպեան վարժարանի երգչախումբը` փոքրերով ու մեծերով երգեց «Այսօր Տօն է Ծննդեան Աւետիս»ը:
Շուրջ մէկուկէս ժամուան ընթացքին մեսրոպեանական աշակերտները իրենց հայերէնով եւ բազմաթիւ այլ լեզուներով ներկաներուն պարգեւեց ուրախ եւ հոգեւոր պահեր:
Այս առիթով, իր սրտի խօսքը փոխանցեց Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէն պրն. Կրէկուար Գալուստ, որ շնորհակալութիւն յայտնեց խմբավարին` պրն. Մանուէլ Քէշիշեանին, որ բծախնդիր աշխատանք կատարած էր, ինչպէս նաեւ բոլոր անոնց, որոնք մասնակից դարձան նշեալ նախաձեռնութեան յաջողութեան: Պրն. Գալուստ մաղթեց, որ Քրիստոսին ծնունդը աշխարհին խաղաղութիւն պարգեւէ:
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ
ՏԵՍՉԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ