ԳՈՐԾԱԿՑԱԲԱՐ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԿԱՐՄԻՐ ԽԱՉԻՆ
Կազմակերպութեամբ Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանին եւ գործակցութեամբ Լիբանանի Կարմիր Խաչին, Կիրակի, 16 Փետրուար 2014-ին, առաւօտեան ժամը 9:00-էն կէսօրէ ետք ժամը 4:00, վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ նախազգուշական դասընթացք, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին երկրորդական բաժանմունքէն 24 աշակերտ:
Հաւաքի սկզբնաւորութեան խօսք առաւ Լիբանանի Կարմիր Խաչի դաստիարակչական բաժինի պատասխանատու տիկին Ակաբի Անղելօփաուլոն, որ ներկայացուց նախազգուշական գիտելիքներուն կարեւորութիւնն ու արժէքը:
Ապա պրն. Մուհամատ Հարաքէ փոխանցեց գործնական գիտելիքներ եւ տեղեկութիւններ: Աշակերտները դասընթացքին ստացան նախնական գիտելիքներ, որպէսզի արկածներու ընթացքին դիմեն ճիշդ քայլերու:
Այս առիթով, այսօր, Երեքշաբթի, 4 Մարտ 2014-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, միջնակարգ-երկրորդական բաժանմունքներու բակին մէջ տեղի ունեցաւ դասընթացքին մասնակցող աշակերտներու հաստատագիրներուն փոխանցումը:
Տիկին Ակաբի Անղելօփաուլօ մեծապէս գնահատեց Մեսրոպեան վարժարանին լուրջ եւ որակաւոր մասնակցութիւնը, եւ հաստատեց, որ Մեսրոպեանի աշակերտները դասընթացքին օրինակելի տիպարով եւ հետաքրքրութեամբ բերին իրենց կարեւոր մասնակցութիւնը, ինչ որ չ՛երեւիր բազմաթիւ դասընթացքներու ընթացքին:
Իր կարգին, Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէն պրն. Կրէկուար Գալուստ մեծապէս գնահատեց իւրայատուկ նախաձեռնութիւնը, եւ յոյս յայտնեց, որ այսպիսի ծրագիրներ հերթական դրութեամբ եւ այլ բնագաւառներու մէջ կ’իրականան, որովհետեւ օգտակար են եւ կարեւոր: Պրն. Գալուստ շնորհակալութիւն յայտնեց Լիբանանի Կարմիր Խաչին, որ իրականացուց այս նախաձեռնութիւնը: Աւարտին, աշակերտները ստացան իրենց հաստատագիրները:
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ
ՏԵՍՉԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ