Ընդառաջելով վարժարանի 7-8-րդ դասարաններու աշակերտներու փափաքին, 15 Մարտին Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձարագոյն վարժարանին մէջ կազմակերպուեցաւ ճանաչողական ձեռնարկ մը` Արցախեան ազատագրական պայքարին մասին:
Արցախի քայլերգին ունկնդրութենէն եւ բացման խօսքէն ետք ելոյթ ունեցաւ վարժարանի տեղեկատուական բաժանմունքի վարիչ, Արցախի բանակի նախկին սպայ պարոն Վարդան Թաշճեան, որ ներկայացուց Արցախի տիրող պատերազմական իրավիճակը` 1990-1994 տարիներուն: Պարոն Թաշճեան առանձնացուց Հայաստանի հետ վերամիանալու Արցախի ժողովուրդին անկոտրում կամքը, քաջութիւնն ու չարքաշութիւնը, հնարամտութիւնն ու զոհողութիւններու պատրաստակամ ըլլալը` իբրեւ կերտուած յաղթանակներու կարեւորագոյն ազդակներ: Ան շեշտեց, որ հայ ժողովուրդին նպատակը կը մնայ նոյնը` Արցախի օրինական միացումը Հայաստանին, որուն համար իրենց կեանքը զոհեցին հայրենի քաջակորով հազարաւոր երիտասարդներ եւ անոնց կամաւորական զինակիցները` սփիւռքէն: Այնուհետեւ աշակերտները բանախօսին ուղղեցին բազմաթիւ հարցումներ` լուսաբանուելու համար պատերազմական իրավիճակին վերաբերող զանազան հարցերու շուրջ: Վ. Թաշճեան թելադրեց աշակերտներուն կանոնաւոր ձեւով հետեւիլ հայ կեանքի իրադարձութիւններուն, որովհետեւ գիտելիքն ու տեղեկացուածութիւնը շատ կարեւոր են որպէս հայ կազմաւորուելուն մէջ:
Խօսք առաւ վարժարանի տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստ, որ գնահատեց աշակերտներուն հետաքրքրուածութիւնը Արցախեան պայքարով եւ հայկական հարցերով, դիտել տալով, որ հայ աշակերտը ունի իր յստակ պարտականութիւնները այն պայքարին մէջ, որ հայ ժողովուրդը կը շարունակէ մղել` իրաւունքներու վերատիրացման համար: Առաջին հերթին, հայ աշակերտներու պարտականութիւնն լաւապէս իւրացնել հայ լեզուն, գրականութիւնը եւ պատմութիւնը, եւ միշտ պատրաստ զգալ մասնակից դառնալու Հայ դատի եւ պահանջատիրութեան աշխատանքներուն:
Աշակերտները ունկնդրեցին հայրենասիրական երգեր եւ դիտեցին վաւերագրական տեսերիզ մը` Արցախեան պատերազմին մասին:
Տեղեկատուական գրասենեակ
Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի