21 Մայիսին, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի 5-րդ դասարանի աշակերտները այցելեցին Arcenciel կազմակերպութեան հովանիին տակ գործող` վերամշակուած նիւթերով առարկաներու արտադրութեան գործարան եւ անոր յանձնեցին տարուան ընթացքին Մեսրոպեանի մէջ հաւաքուած շուրջ 30 հազար կերպընկալէ շիշերու կափարիչներ:
Վերամշակման նպատակով կափարիչներու հաւաքումը մաս կը կազմէ Մեսրոպեանի մէջ կենսոլորտի մաքրութեան պահպանման դաստիարակութեան ծրագրին:
Մեր աշակերտները դիմաւորուեցան կազմակերպութեան ներկայացուցիչ պարոն Փօլ Ապի Սհաքի կողմէ, որ պատանի հիւրերոն ներկայացուց գործարանի զանազան արտադրութիւններ, որոնք կը պատրաստուին վերամշակուած թափօններէն, ինչպիսիք, օրինակ, փլասթիքէ կափարիչներն են: Մեր աշակերտները ծանօթացան թափօններու վերամշակման եւ առարկաներու արտադրութեան ամբողջ գործընթացին:
Սոյն այցելութենէն քանի մը օր առաջ պարոն Ապի Սհաք ինք եկաւ Մեսրոպեան` աշակերտներուն այցելութեան եւ անոնց ներկայացուց Arcenciel կազմակերպութեան գործունէութիւնը` զարգացման եւ բնապահպանական մարզերուն մէջ:
Տեղեկատուական գրասենեակ
Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի