Ընթացիկ տարեշրջանին, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանը սկիզբ դրաւ DELF քննութիւններու մասնակցութեան, որ կը միտի աշակերտները պաստրաստել Ֆրանսայի եւ ֆրանսախօս երկիրներու մէջ դիւրացուած կարգով համալսարաններ ընդունելութեան:
Սոյն քննութիւններուն Մեսրոպեան վարժարանէն առաջին մասնակցողները եղան Դ. Եւ Զ. դասարաններու աշակերտները: Յաջողութիւն արձանագրեցին բոլոր մասնակիցները, անխտիր, որոնց մեծ մասը՝ գերազանց գնահատականներով: Անոնք ստացան DELF A1 եւ A2 վկայականները՝ քննութիւնները կազմակերպող մարմինին կողմէ, որ կը գործէ Ֆրանսական դեսպանատան հովանիին տակ: Նոյն մարմինը Մեսրոպեանի տնօրէնութեան յղած իր նամակին մէջ բարձրօրէն գնահատեց մասնակից աշակերտներու պատրաստութիւնը՝ ֆրանսերէնի մէջ: Քննութիւններ յանձնուեցան ֆրանսերէնի բանաւոր, գրաւոր, լսողական եւ ընթերցանութեան մասերով, երեք ժամ տեւողութեամբ:
Յառաջիկայ տարիներուն, Մեսրոպեանի մէջ պիտի ամբողջանայ DELF քննութիւններու մասնակցութեան ծրագիրը, այնպէս, որ աւարտական դասարանի աշակերտները պատրաստուին DELF B2-ին, որուն շնորհիւ անոնք կրնան մուտք գործել ֆրանսական եւ ֆրանսախօս երկիրներու համալսարաններ՝ առանց ֆրանսերէնի մուտքի քննութեան:
Տեղեկատուական գրասենեակ Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն վարժարանի