Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին առիթով
Ընթացիկ տարուան 22էն 27 Ապրիլին Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի խումբ մը աշակերտներու այցելութիւնը՝ Հայաստան, եղան նշանակալից օրեր անոնց կեանքին մէջ: Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին առիթով կատարուած ճանապարհորդութիւնը մեր աշակերտներուն շնորհեց հայրենիքի ճանաչման եւ հայկականութեամբ հարստանալու բազում առիթներ ու պահեր, որոնց մէջ պակաս չէին յուզումն ու ուրախութիւնը, հպարտութիւնն ու բերկրանքը, որոնք իրար յաջորդեցին այդ ճանապարհորդութեան զանազան հանգրուաններուն:
Ընդամէնը 5 օրուան ընթացքին, 9-11րդ դասարաններու 15 աշակերտներէն բաղկացած խումբը, ընկերակցութեամբ երկու պատասխանատուներու, այցելեց Գառնիի հեթանոսական տաճար, Գեղարդայ վանք, Սարդարապատի յուշահամալիր, Խոր Վիրապ, Ջերմուկի հանգստավայր, Արենի գիւղի գինեգործական արտադրամաս, Ծաղկաձոր եւ Սեւանայ լիճ: Աշակերտները ծանօթացան քաղաքամայր Երեւանին, այցելեցին Արցախեան ազատամարտի նահատականերու պանթէոն՝ Եռաբլուրի մէջ, ներկայ եղան հռչակաւոր System of a Down խումբի համերգին՝ Հանրապետութեան հրապարակին վրայ, իսկ Ապրիլ 24-ին, հարիւր հազարաւոր հայորդիներու հետ բարձրացան Ծիծեռնակաբերդ՝ յարգանքի տուրք մատուցելու Մեծ եղեռնի 1.5 միլիոն նահատակներուն:
Տեղեկատուական գրասենեակ
Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն վարժարանի