2017թ. Մարտ 22-ին նորագոյն արհեստագիտութեան ուսուցման The Little Engineer կազմակերպութեան ներկայացուցիչը այցելեց Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարան եւ վկայականներ յանձնեց Մեսրոպեանի այն աշակերտներուն, որոնք յաջողութեամբ աւարտած էին կազմակերպութեան Robotics-ի դասընթացքին առաջին հանգրուանը:
Մեսրոպեանը նշեալ կազմակերպութեան հետ սկսած էր գործակցիլ այս տարեսկիզբէն, քաջալերելու համար աշակերտները, որ ծանօթանան մարդամեքենաներու կազմութեան, եռաչափ տպագրութեան (3D printing) եւ համակարգչային ծրագրաւորման (Coding) գիտութիւններուն: Նոյն ծրագրով, աշակերտներուն առիթ կը տրուէր իրականացնելու զանազան գիտափորձեր՝ մաթեմաթիքսի, ճարտարագիտութեան, վերարտադրուող ուժանիւթի, էլեքթրոնիքսի եւ այլ ուղղութիւններով:
Այս առիթով կայացած աշակերտական հաւաքին, Մեսրոպեանի տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստ շնորհաւորեց աշակերտները անոնց յաջողութեան համար, յորդորեց բոլորին հետաքրքրուիլ նորագոյն արհեստագիտական գիտութիւններով, որպէսզի առաւել պատրաստ ըլլան ապագայի ուսման եւ աշխատանքի պայմաններուն:
Տեղեկատուական գրասենեակ Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի