31 Օգոստոս – 10 Սեպտեմբեր 2016-ին, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի աշակերտուհի Գարին Թերզեան մասնակցեցաւ Երեւանի պետական համալսարանի գործընկեր Լիբանանահայ դպրոցներու համար նախատեսուած միջհամայնքային կապերը խթանող կրթամշակութային ծրագրին, որուն մասնակից կողմ հանդիսացաւ ռուսական Սոչի քաղաքի հայկական համայնքը:
Նախքան Սոչի հասնիլը, Գարին քաղաքամայր Երեւանի մէջ ծանօթացաւ Երեւանի պետական համալսարանին եւ ներկայ եղաւ համալսարանական դասապահերու: Այնուհետեւ ան մեկնեցաւ Սոչի, ուր հիւրընկալուեցաւ հայ համայնքին կողմէ: Գարին մասնակցեցաւ Սոչիի Սեւան համալսարանի շարք մը դասերուն, այցելեց հայկական վարժարան, ծանօթացաւ հայ համայնքի կենցաղին եւ հանդիպումներ ունեցաւ համայնքային պատասխանատուներուն հետ:
Սոյն այցելութեան կազմակերպման մէջ մեծագոյն ներդրումը ունեցաւ Երեւանի պետական համալսարանի պատասխանատուներէն դոկտ. Մհեր Յովհաննիսեան, իսկ Սոչիի մէջ Մեսրոպեանի աշակերտուհին վայելեց համայնքային պատասխանատուներուն եւ յատկապէս Համայնքի նախագահ Համայեակ Ուստեանի, միջազգային կապերու գծով համայնքի նախագահի տեղակալ Մարկոս Կեսեանի եւ համայնքային գործիչ Վալերի Մուրատեանի ամբողջական հոգածութիւնը: Որպէս բարեկամութեան եւ գործակցութեան նշան, Մեսրոպեան վարժարանն ու Սոչիի հայ համայնքը փոխանակեցին յուշանուէրներ:
Տեղեկատուական գրասենեակ Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի