21 Սեպտեմբերին Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանին մէջ կայացան ուսուցիչներու եւ անձնակազմի վարժողական երկու առանձին սեմինարներ, առ ի պատրաստութիւն նոր տարեշրջանին եւ իբրեւ բաղկացուցիչ մաս դպրոցին մէջ ընթացք առած բարեփոխուներուն:
Առաջին սեմինարին, կրթական խորհրդատուութեան “Ուազնաթ” կազմակերպութեան տնօրէն պարոն Սամիր Քոնսթանթին Մեսրոպեանի ուսուցիչներուն հետ քննարկեց դասարանային կառավարման խնդիրները եւ ներկայացուց այդ խնդիրներու լուծման հայեցակարգ` հիմնուած մանկավարժական մօտեցումներու եւ աշակերտներու տարիքային հոգեբանութեան առանձնայատկութիւններուն վրայ: Դասախօսի առաջնորդութեամբ, ուսուցիչները խմբաւորեցին դասարանի կառավարման մէջ նկատուած խնդիրները եւ հաստատեցին որոշակի ուղեցոյց` իւրաքանչիւրի լուծման համար:
Երկրորդ սեմինարը վարեց նոյն կազմակերպութեան աշխատակից տիկին Միշէլ Աքրա, որ Մեսրոպեանի հսկիչ անձնակազմին ներկայացուց հսկողական գործառոյթին կանոններն ու յատկանիշները, ինչպէս նաեւ զբօսանքներու կառավարման պահանջները:
Նշենք, որ Մեսրոպեան վարժարանը անցած տարուան վերջաւորութեան գործակցութեան համաձայնագիր կնքած էր “Ուազնաթ” կրթական խորհրդատուութեան հիմնարկին հետ` նպատակադրելով բարձրացնել աշակերտներուն կրթական մակարդակը, ամրապնդել ուսուցիչներուն գիտելիքները, ինչպէս նաեւ օգտակար դառնալ ծնողք-զաւակ հաղորդակցութեան խնդիրներու լուծման:
Տեղեկատուական գրասենեակ
Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի