11 Սեպտեմբեր 2020-ին կայացաւ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի ուսուցչաց 2020-2021 տարեշրջանի վերամուտի ընդհանուր ժողովը:
Նախքան աշխատանքներուն անցնիլը, ժողովականները մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգեցին յիշատակը վարժարանի շրջանաւարտներէն Ճեսիքա Պէզճեանի, որ զոհուեցաւ 40 օրեր առաջ՝ 4 Օգոստոսին, Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին պատճառով, մինչ կը կատարէր իր մասնագիտական պարտականութիւնները Պէյրութի Յունական հիւանդանոցին մէջ: Այս եւ ժողովի բացման առիթով աղօթք կատարեց Հայ կաթողիկէ Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ օգնական ժողովրդապետ Հայր Խաչիկ վրդ. Գույումճեան, որմէ ետք խօսք առաւ Մեսորպեանի տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստ:
Պարոն Գալուստ արագ արժեւորում մը կատարեց անցած արտակարգ տարեշրջանին, դիտել տալով, որ այդ ընթացքին վարժարանի ուսուցիչները ձեռք բերին առցանց ուսուցման կարողութիւններ, որոնց հետագայ զարգացումը արդէն թոյլ կու տայ, որ յառաջիկայ տարեշրջանին անոնք շատ աւելի արդիւնաւէտ գործեն: Ան յոյս յայտնեց, որ ուսուցիչները կը պահպանեն իրենց կորովն ու հաւատքը ներկայ դժուարին պայմաններուն մէջ՝ հասնելու համար նոյնպէս դժուարին ու տագնապալի շրջան անցնող աշակերտներու կրթական կարիքներուն:
Պարոն Գալուստ տեղեկացուց, որ միջնակարգի եւ երկրորդականի աշակերտներուն համար վերամուտին պիտի նախորդէ նախապատրաստական երկշաբաթեայ շրջան մը, որուն ընթացքին առցանց դրութեամբ աշակերտներուն պիտի տրուին վերաքաղի աշխատանքներ: Այդ շրջանի աւարտին, 28 Սեպտեմբերին, դպրոցը պիտի սկսի գործել իր բոլոր բաժանմունքներով՝ ըստ Լիբանանի կրթական նախարարութեան հաստատած եւ քորոնաժահրով պայմանաւորուած կանոններուն, որոնք կը նախատեսեն խառն՝ առկայ (ներկայութեամբ) եւ առցանց ուսուցման դրութիւն: Տնօրէնը շեշտեց, որ Մեսրոպեանի մէջ հարկաւոր է պահպանել անվտանգ կացութիւն, որուն համար էական է անձնակազմի անդամներուն ամբողջական գործակցութիւնը, կարգապահութիւնը, փոխհասկացողութիւնն ու հոգածու ուշադրութինը՝ իրար եւ աշակերտներուն նկատմամբ:
Ժողովի աւարտէն ետք ուսուցիչները, ըստ բաժանմունքներու, կայացուցին հանդիպումներ, առաւել մանրամասնօրէն քննարկելու համար նոր տարեշրջանի գործունէութեան վերաբերող հարցեր:
Տեղեկատուական գրասենեակ
Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի