Կազմակերպութեամբ Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի տնօրէնութեան, Ուրբաթ, 11 Հոկտեմբեր 2013-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, վարժարանի «Ֆարաճեան» լսարանին մէջ տեղի ունեցաւ վարժարանի նախկին սաներու հաւաք, ներկայութեամբ շուրջ 150 մեսրոպեանականներու:
Հանդիպումին Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէն պրն. Կրէկուար Գալուստ ներկայացուց Մեսրոպեան վարժարանի 75-ամեակի ծրագիրը` ձեռնարկներուն եւ աշխատանքներուն մանրամասնութիւնները: Պրն. Գալուստ հաստատեց, որ վարժարանը 75 տարիներու ընթացքին հայեցի ու հոգեւոր դաստիարակութեամբ պատրաստած է սերունդներ, որոնք հասած են բարձր դիրքերու եւ նուիրուած են հասարակութեան ծառայութեան:
Մեսրոպեանի տնօրէնը նշեց, որ նախկին սաները Մեսրոպեանի ընտանիքի անբաժանելի անդամներն են, որոնց նեցուկը մեծապէս կը նպաստէ դպրոցի գոյատեւման եւ զարգացման: Հաւաքին, պրն. Գալուստ ներկայացուց դպրոցի վերջին տարիներու իրագործումները, նուաճումները եւ առկայ դժուարութիւնները: Ան ըսաւ, որ դպրոցը կ՛ուղղուի դէպի հարիւր ամեակ` հաստատ հիմերով եւ փայլուն տեսլականներով:
Ապա քննութեան առարկայ դարձաւ Մեսրոպեան վարժարանի նախկին սաներու իրավիճակը: Նախկին սաները մեծապէս գնահատեցին վարժարանի մնայուն զարգացման եւ արդիականացման ենթարկուող բեղուն եւ բազմաճիւղ գործունէութիւնը:
Աւարտին, ներկաները պրն. Կրէկուար Գալուստին եւ անձնակազմին ընկերակցութեամբ շրջագայեցան վարժարանին մէջ, ծանօթացան նորութիւններուն եւ փոփոխութիւններուն` ապրելով անցեալի գեղեցիկ յիշատակները եւ ականատես դառնալով նոր ձեռքբերումներուն:
ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ