13 Փետրուար, 2019-ին, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանը “YOHAN” կազմակերպութենէն ստացաւ թանկարժէք եւ վարժարանի աշակերտութեան ու անձնակազմին առողջական ապահովութեան համար կարեւոր նուէր մը` սրտի անակնկալ կաթուածներու պարագային մարդկային կեանքը փրկելու նպատակով ստեղծուած AED (Automated External Defibrillator) սարքաւորումը:
Նուէրը վարժարանին յանձնուեցաւ կազմակերպութեան համահիմնադիր տոքթ. Ռիթա Չուխատարեան Հարունիին եւ Lions Club Beirut–ի ներկայացուցչներուն կողմէ: Այս առիթով կայացած հանդիպումին, Մեսրոպեանի տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստ մեծ գոհունակութիւն արտայայտեց վարժարանին եւ նշեալ կազմակերպութիւններուն միջեւ գործակցութեան համար, որ կու գայ էապէս նպաստելու առողջապահութեան մասին աշակերտներու գիտակցութիւնը զարգացնելու առաքելութեան:
“YOHAN”-ի համահիմնադիր տոքթ. Ռիթա Հարունի իր հերթին դիտել տուաւ, որ կազմակերպութեան նպատակները իրականացնելու գործին մէջ Մեսրոպեանը ցոյց տուաւ իտէալական մասնակցութիւն: Մօտ երկու շաբաթ առաջ Մեսրոպեանի բարձր դասարաններու աշակերտները եւ ապա` անձնակազմի խումբ մը անդամներ մասնակցեցան սրտի անակնկալ կաթուածներու մասին դասախօսական եւ վարժողական (CPR-ի) դասընթացքներու:
Հանդիպումին ընթացքին, AED սարքաւորման արհեստագէտը բացատրեց անոր օգտագործման կանոնները: Սոյն սարքաւորումը կ’աշխատի ինքնագործ եւ օգտագործողին համար չափազանց պարզ եղանակով, հնարաւոր դարձնելով փրկել սրտի անակնկալ կաթուածի ենթարկուած ոեւէ անձի կեանքը` վայրկեաններու ընթացքին: Արհեստագէտը տեղեկացուց, որ վերջերս այս գործիքին շնորհիւ կարելի եղած է փրկել ուսանողի մը կեանքը` լիբանանեան համալսարաններէն մէկուն մէջ:
Հանդիպումին աւարտին, վկայականներ շնորհուեցան Մեսրոպեանի անձնակազմի այն անդամներուն, որոնք նախապէս մասնակցած էին սրտի անակնկալ կաթուածներու պարագային առաջին օգնութեան “YOHAN”-ի կազմակերպած դասընթացքին:
Նշենք, որ “YOHAN”ը հիմնադրուած է ի յիշատակ Yohan Harouni-ի: Բժշկութեան ուսանող Yohan Harouni առողջ եւ աշխոյժ կեանքով ապրող երիտասարդ մըն էր, որ ծաղիկ հասակին` 19 տարեկանին յանկարծամահ եղաւ սրտի կաթուածի պատճառով (2017-ին): Անոր ծնողները` բժիշկներ Էլի Հարունի եւ Ռիթա Չուխատարեան Հարունի որոշեցին իրենց վիշտը վերածել առաքելութեան, որպէսզի օգտակար ըլլան երիտասարդներուն եւ կանխեն նմանատիպ ողբերգութիւններ: Մեսրոպեանը եղաւ լիբանանեան 18-րդ դպրոցը, որ անոնց կողմէ կը ստանայ AED սարքաւորումը` իբրեւ նուէր:
Տեղեկատուական գրասենեակ
Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի