ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ «ՇՈՒՇԻ»ՊԱՐԱԽՈՒՄԲԻՆ, «ՀԱՒԱՍԻ» ՀԱՄՈՅԹԻՆ, ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻՆ, ՏՈՒՏՈՒԿԻԽՈՒՄԲԻՆ ԵՒ ՆՈՒԱԳԱԽՈՒՄԲԻՆ
Կիրակի, 2 Յունիս 2013-ին, Մեսրոպեան վարժարանի բակին մէջ տեղի ունեցաւ աշակերտական գծագրութիւններու ցուցահանդէս եւ գեղարուեստի խումբերու ելոյթ, ներկայութեամբ հոգեւոր հայրերու, վարժարանի բարեկամներու, կրթական պատասխանատուներու, ծնողներու եւ մեսրոպեանականներու:
Հանդիսութեան բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Մեսրոպեան վարժարանի արտադասարանային խումբերու պատասխանատու պրն. Րաֆֆի Տէմիրճեան, որ նշեց, թէ Հայ դպրոցը միայն կրթութիւն փոխանցող եւ պետական քննութիւններուն բարձր նիշ ապահովող կառոյց չէ, այլ ունի ազգային եւ հոգեւոր դաստիարակութեան փոխանցման սրբազան առաքելութիւն: Ան ըսաւ. «Մենք կը հաւատանք որ գեղարուեստի խումբերը հայ մանուկին, պատանիին եւ երիտասարդին հոգին կ’ազնուացնեն, երեւակայութիւնը կը զարգացնեն, մտածողութեան սահմանները կ’ընթարձակեն եւ որակաւոր ճաշակ կը մատուցեն»:
Պրն. Տէմիրճեան շնորհակալութիւն յայտնեց գեղարուեստի պատասխանա-տուներուն եւ անձնակազմին, ինչպէս նաեւ Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէն պրն.Կրէկուար Գալուստին, որ հաւատքով, համոզմունքով եւ վստահութեամբ թիկունք կանգնեցաւ այս խումբերու գործունէութեան: Իր խօսքի աւարտին, պրն. Րաֆֆի Տէմիրճեան հաստատեց, որ «աշխատանքը այս հանդէսով չ’աւարտիր, այլ` հոսկէ սկիզբ կ’առնէ»:
Ապա ելոյթ ունեցան Մեսրոպեան վարժարանի «Շուշի» պարախումբը իր երեք խումբերով` շրջանաւարտներու, մեծերու ու փոքրերու (պարուսոյց` տիկին Սարին Արթինեան եւ օրդ. Սարին Պողչալեան), «Հաւասի» աշուղական համոյթը (գեղարուեստական պատասխանատու տիկին Գարմէն Աճէմեան), վարժարանի երգչախումբը (խմբավար պրն. Մանուէլ Քէշիշեան), տուտուկի խումբը (ուսուցիչ պրն. Յակոբ Գելուկեան), ինչպէս նաեւ աշակերտներու ճիգերով կազմուած նուագախումբը:Աշակերտները երգեցին աշուղական, ժողովրդային եւ հայրենա-սիրական երգեր, պարեցին ազգագրական, լիբանանեան եւ եւրոպական պարեր, ինչպէս նաեւ նուագեցին հայկական եւ օտար երաժշտութիւններ: Շուրջ երկու ժամ տեւողութիւն ունեցող ելոյթին ընթացքին մասնակից աշակերտները արժանացան ներկաներու գնահատանքին եւ ծափահարութիւններուն:
Յայտնենք, որ դաշտին մուտքին տեղադրուած էին արտադասարանային խումբերու գծագրութիւնները (արտադասարանային խումբերու ուսուցիչ պրն. Գէորգ Ուլաշեան, ինչպէս նաեւ ուսուցիչներ տիկին Ռիթա Ետալեան եւ պրն.Վազգէն Մուղալեան):
«Շուշի» պարախումբի աւելի քան յիսուն անդամներու միացեալ կատա-րումէն ետք, հանդիսութեան աւարտին խօսք առաւ Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէն պրն. Կրէկուար Գալուստ, որ մեծապէս գնահատեց արտադասարանային խումբերու աշխուժ եւ որակաւոր գործունէութիւնը: Ան յատուկ կերպով նշեց «Շուշի» պարախումբին մէջ հանգուցեալ Յարութ Գրաճեանի ներդրումն ու պարախումբին մէջ մեծաթիւ շրջանաւարտներու ներկայութեան կարեւորութիւնն ու արժէքը: Մեսրոպեանի տնօրէնը շեշտեց, որ հայ մշակութային ժառանգութեան պահպանումը հայ վարժարանի առաքելութեան անքակտելի օղակն է:
Գաղարուեստի խումբերու հանդիսութիւնը փակուեցաւ Հայ կաթողիկէ վարժարաններու տնօրէններու նախագահ Հայր Գէորգ Ծ. Վրդ. Եղիայեանի «Պահպանիչ»ով:
ՏԵՍՉԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ