ՀայԿաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի մանկապարտէզի հանդէսը եւ վկայականներու բաշխումը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 15 Յունիս 2013-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, վարժարանի բակին մէջ, ներկայութեամբ Լիբանանի Հայ կաթողիկէ վարժարաններու նախագահ Գերյարգելի Հայր Գէորգ Ծ. Վրդ. Եղիայեանի, պատկան մարմիններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներու, կրթական գործիչներու, ուսուցիչներու, ծնողներու եւ աշակերտներու:
Աշակերտներու երգեցողութեամբ Լիբանանի, Հայաստանի եւ Մեսրոպեանի քայլերգներէն ետք, հանդիսութեան բացման խօսքը արտասանեցին Գայանէ Մուրատեան, Հրայր Աթաշեան եւ Արտա Ներսէսեան: Բարի գալուտի խօսքերէն ծաղիկ դասարաններու աշակերտները երգեցին ֆրանսերէն, արաբերէն եւ հայերէն երգեր:
Ապա խօսք առաւ Մեսրոպեան վարժարանի մանկապարտէզի պատասխանատու տիկին Մարիա Պէօճէքեան, որ նշեց, թէ փոքրերը մանկապարտէզին մէջ կը սորվին յարգանք, կեցուածքի մշակում, ընկերներու հետ հաղորդակցութիւն, մէկը միւսին ճանչնալու եւ ընդունելո ւմօտեցում` դառնալու նկարագիրով ազնիւ եւ քաղաքավար անձեր: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց վարժարանի տնօրէնութեան, մանկապարտէզի ուսուցիչներուն եւ պաշտօնեաներուն, որոնք իրենց բոլոր կարելիութիւնները ի սպաս դրին վարժարանին: Տիկին Պէօճէքեան յոյս յայտնեց, որ մանկապարտէզի շրջանաւարտները 12 տարի ետք միեւնոյն բեմէն կը ստանան աւարտականի վկայականները:
Տիկին Պէօճէքեանի խօսքէն ետք, իր հայրական պատգամը փոխանեց Գերյարգելի Հայր Գէորգ Ծ. վրդ. Եղիայեան, որ նկատեց, թէ վկայականաց բաշխման շքեղ հանդիսութիւնը լաւագոյն ապացոյցն է ցոյց տալու վարժարանի բեղուն, ծրագրուած եւ կազմակերպուած գործունէութիւնը: Հայր Եղիայեան ըսաւ, որ Մեսրոպեանը հայկական լաւագոյն կրթօճախն է, որ կը ծառայէ իր առաքելու-թեան: Այս առիթով, ան փոխանցեց իր շնորհաւորութիւնները տնօրէնութեան, անձնակազմին, ծնողներուն եւ աշակերտներուն:
Հայ կաթողիկէ վարժարաններու նախագահին խօսքին յաջորդեց մանկապարտէզի աշակերտներու վկայականներու բաշխման արարողութիւնը, որուն ընթացքին Մեսրոպեանի մանկապարտէզի 50 շրջանաւարտները ստացան իրենց վկայականները:
Հանդէսը շարունակուեցաւ մանկապարտէզի Բողբոջ, Կոկոն եւ Ծաղիկ դասարաններու կատորողութեամբ «Pinocchio» եւ «Հայաստանը մերն է» ներկայացումներով, որուն ընթացքին աշակերտները հայկական եւ օտար երգերով, պարերով եւ բեմական կատարումներով արժանացան ներկաներու գնահատանքին: Գեղարուեստական յայտագիրը փակուեցաւ «Հզօր անկախ Հայաստան» խմբերգի կատարումով:
Հանդիսութեան աւարտին, խօսք առաւ Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի տնօրէն պրն.Կրէկուար Գալուստ, որ յայտնեց, թէ վարժարանին մէջ Մայիս 6-էն ի վեր կայացած է 14 հանդիսութիւն, որոնց ներկայութեան թիւը կ՛անցնի 8000-ը եւ որոնցմէ իւրաքանչիւրը որակային առումով ունի իր իւրայատուկ արժէքն ու կարեւորութիւնը: Մեսրոպեանի տնօրէնը ըսաւ, որ յառաջիկայ տարեշրջանին Մեսրոպեանի մանկապարտէզին մէջ հանգրուանային կերպով պիտի սկսի գործել ելեկտրոնային դպրոցը, որուն յաջողութեան համար պէտք է գոյանայ ծնողք – դպրոց առողջ եւ հետեւողական գործակցութիւն: Անդրադառնալով Մեսրոպեան վարժարանի 75-ամեակին, պրն. Գալուստ հաստատեց, որ դէպի 75-ամեակ առաջնորդուող վարժարանը կը մնայ երիտասարդ եւ միշտ կը վերանորոգուի` քայլ պահելով ժամանակակից պահանջներուն:
ՏԵՍՉԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ