ԱՇՈՒՂԱԿԱՆ ԵՐԳԻ, ԾԱՂԿԵՇԻՆՈՒԹԵԱՆ, ՏՈՒՏՈՒԿԻ
ԵՒ ԱՍՄՈՒՆՔԻ ՆՈՐ ԽՈՒՄԲԵՐՈՒ ՍՏԵՂԾՈՒՄՈՎ
Երեքշաբթի, 9 Հոկտեմբեր 2012-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, տեղի ունեցաւ Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի մարզամշակութային խումբերու ուսուցիչներու անդրանիկ ժողովը: Այս տարեշրջանին պիտի գործեն հետեւեալ խումբերը` պարախումբ (փոքրեր` օրդ. Սարին Պողչալեան, մեծեր` տիկին Սարին Արթինեան), թատերախումբ (պրն. Վազգէն Մուղալեան), աշուղական երգ (տիկին Գարմէն Աճէմեան), լուսանկարչութիւն (պրն. Րաֆֆի Պէրպէրեան), Գեղանկարչութիւն (պրն. Գէորգ Ուլաշեան), ծաղկեշինութիւն (պրն. Աշոտ Թազեան), ասմունք (տիկին Յասմիկ Պերթիզեան), տուտուկ (պրն.Յակոբ Գելուկեան), ֆութպոլ եւ պասքէթ (պրն.Գօգօ Մեսճեան եւ պրն.Վիգէն Աւետիքեան), քոնկՖու (պրն. Յարութ Ադամեան), ճատրակ (Պրն. Էլի Հուլիշեան) եւ բինկ բոնկ (օրդ.Նոէլ Քէշիշեան):
Ժողովին առաջին խօսքը արտասանեց Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէն պրն. Կրէկուար Գալուստ, որ շեշտեց, թէ վարժարանին մէջ կրթական ծրագիրին կողքին արտադասարանային աշխատանքները ունին մեծ կարեւորութիւն, եւ այս գծով ուսուցիչները առաւելագոյն բծախնդրութեամբ պէտք է կատարեն իրենց վստահուած աշխատանքները: Պրն. Գալուստ յոյս յայտնեց, որ խումբերը կ՛ունենան բեղուն եւ օգտաշատ գործունէութիւն, որ կ՛եզրափակուի տարեշրջանի աւարտին կայանալիք որակաւոր հանդէսներով եւ մրցանակներով:
Ապա խօսք առաւ Մեսրոպեան վարժարանի արտադասարանային աշխատանքներու եւ մարզամշակութային խումբերու ընդհանուր պատասխանատու պրն. Րաֆֆի Տէմիրճեան, որ ներկայացուց ընդհանուր ծրագիրը, աշխատանքներուն հոլովոյթը եւ կազմակերպական կառոյցը: Պրն. Տէմիրճեան նշեց, որ կարգ մը խումբեր արդէն ամրան արձակուրդին սկսած են իրենց գործունէութեան, ինչ որ դրական եւ քաջալերական ցուցանիշ է: Կարգ մը ձեռնարկներուն մասին տեղեկութիւններ ներկայացնելէ ետք, ան հաստատեց, որ մշակութային խումբերը արուեստին ընդմէջէն կը միտին աշակերտութեան ծանօթացնել հայութեան ազգային ժառանգութիւնը:
Յայտնենք, որ 13 խումբերը (իրենց ենթաբաժանումներով) պիտի սկսին իրենց աշխատանքներուն Շաբաթ, 13 Հոկտեմբեր 2012-ին: