ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ ԴԱՆԻՈՅ ԴԵՍՊԱՆԱՏԱՆ
Կազմակերպութեամբ Լիբանանի մէջ Դանիոյ դեսպանատան, 29 Հոկտեմբերէն 16 Նոյեմբեր տեղի կ՛ունենայ երիտասարդութեան յատուկ Դանիոյ ֆիլմարուեստի ցուցադրութիւնը, որ կ՛իրականացուի Լիբանանի եօթը շրջաններու մէջ:
Այս շրջագիծին մէջ, Դանիոյ դեսպանատան ընտրած եօթը շրջաններէն մէկն էր Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն վարժարանը, ուր Դանիոյ ֆիլմարուեստի ցուցադրութիւնը տեղի ունեցաւ այսօր, առաւօտեան ժամը 9:00-ին, ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Դանիոյ դեսպան Ժան Թոփ Քրիսթէնսընի եւ դեսպանատան քաղաքական ու մշակութային կցորդ Մարիա Լինտհարթի:
Ցուցադրութենէն առաջ, դեսպանը հանդիպում մը ունեցաւ Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէն պրն.Կրէկուար Գալուստին հետ: Հանդիպումին քննութեան առարկայ դարձան Լիբանանն ու հայութիւնը յուզող շարք մը հարցեր: Պրն. Գալուստ ներկայացուց հայ ժողովուրդի պատմութիւնն ու պահանջատիրութիւնը, ինչպէս նաեւ Մեսրոպեան վարժարանի պատմութիւնն ու նոր ծրագիրները:
Մեսրոպեանի տնօրէնը շնորհակալութիւն յայտնեց դեսպանին, Լիբանանի եօթը կեդրոննէրն Մեսրոպեանը ընտրելուն առիթով, եւ յոյս յայտնեց, որ գործակցութիւնը այլ բնագաւառներու մէջ կը շարունակուի: Իր կարգին, դեսպան Ժան Թոփ Քրիսթէնսըն մեծապէս գնահատեց Մեսրոպեան վարժարանի գործունէութիւնը, կառոյցն ու աշխուժութիւնը: Ան հաստատեց, որ Պուրճ Համուտը իր պարզութեամբ գեղեցիկ եւ տպաւորիչ շրջան մըն է:
Ապա դեսպանն ու տնօրէնը աշակերտներուն հետ դիտեցին «Պատերազմ եւ սիսեռներ» ֆիլմը, որմէ ետք տեղի ունեցաւ զրոյց-քննարկում: Աշակերտները հարցումներուն ընդմէջէն մօտէն ծանօթացան ֆիլմին եւ տեղեկութիւններ ստացան Դանիոյ մասին: Աւարտին, պրն. Կրէկուար Գալուստ յայտնեց, թէ Դանիոյ դեսպանատան այս նախաձեռնութիւնը կը միտի մարդկութեան քարոզել խաղաղութիւն եւ եղբայրութիւն, որովհետեւ առանց գործակցութեան կարելի չէ գոյատեւել:
Ցուցադրութենէն ետք, դեսպան Ժան Թոփ Քրիսթէնսըն «Երեւակայական պատմութիւններ եւ առասպելներ» գիրքը նուիրեց վարժարանին եւ շրջագայեցաւ վարժարանին մէջ, մօտէն ծանօթանալով մանկամսուրին, մանկապարտէզին եւ արհեստից վարժարանին: Յայտնենք, որ առաջինէն չորրորդ դասարաններու աշակերտները դիտեցին «Պատերազմ եւ սիսեռներ» ֆիլմը, մինչ հինգերորդէն ութերորդ դասարաններու աշակերտներուն ցուցադրուեցաւ «Տղան, որ ուզեց դառնալ արջ մը» ֆիլմը:
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ
ՏԵՍՉԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ