Գործակցաբար BizKidz Կազմակերպութեան
1 Հոկտեմբեր 2015-ին Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանին մէջ մեկնարկեց յետ-դպրոցական պարապմունքներու (after school) նորահաստատ ծրագիրը, գործակցաբար BizKidz կրթական միջազգային կազմակերպութեան:
Ծրագրի բացման հաւաքոյթին հրաւիրուած էին մասնակից աշակերտներն ու անոնց ծնողները: Վերոնշեալ կազմակերպութեան Լիբանանի ներկայացուցիչներն ու պարապմունքներու պատասխանատուները ներկայացուցին ծրագիրը, որ կը նախատեսէ օգնութիւն տրամադրել աշակերտներուն՝ դասերու պատրաստութեան մէջ, ինչպէս նաեւ զարգացնել անոնց մարզական, գեղարուեստական եւ գիտական հետաքրքրութիւնները: Ծրագիրը պիտի գործէ շաբաթը 5 օր՝ Երկուշաբթիէն Ուրբաթ, կէսօէ ետք ժամը 2:30 -5:30, հսկողութեամբ անձնակազմի 8 անդամներուն: Դասերու պատրաստութեան պիտի տրամադրուին առաջին երկու ժամերը, իսկ վերջին ժամը՝ աշակերտի ընդհանուր զարգացման եւ տարբեր զբաղումներու:
BizKidz կազմակերպութեան ծրագիրը կը կիրարկուի բազմաթիւ երկիրներու հարիւրաւոր դպրոցներու մէջ: Կազմակերպութիւնը կը գործակցի զանազան միութիւններու հետ, որոնք ներգրաւուած աշակերտներուն համար կը ներկայացնեն կրթականօրէն շահեկան դասախօսութիւններ եւ վարժութիւններ: