ԱՆԳԱՐԱ ԴԱՐՁԵԱԼ «ՓԵԹՐԻԸԹ»ՆԵՐ Կ՛ՈՒԶԷ
ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- «Պի.Պի.Սի.»ի թրքական ծառայութիւնը կը հաղորդէ, որ Սուրիոյ եւ յատկապէս Իտլիպի մէջ զինեալ բախումներուն թէժացումով մտահոգ՝ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել եւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն առաջարկած են Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ քառակողմանի հանդիպում մը ունենալ, կացութիւնը զսպելու եւ սուրիական ճգնաժամին համար քաղաքական լուծում գտնելու յոյսով։
Նշենք, որ մինչ այդ, Գերմանիոյ եւ Ֆրանսայի ղեկավարները Իտլիպ նահանգին հարցով հեռաձայնային եռակողմանի զրոյց մը ունեցան Փութինի հետ:
Աւելի ուշ, Էրտողան եւս Մերքելի եւ Մաքրոնի հետ եռակողմանի հեռաձայնային զրոյց մը ունեցաւ՝ քննարկելով Իտլիպի վերջին զարգացումները, ինչպէս նաեւ Լիպիոյ մէջ տիրող իրավիճակը:
Քառակողմանի հանդիպման մասին վերջնական որոշում չէ տրուած:
Էրտողան նաեւ ցաւակցութիւն յայտնեց Գերմանիոյ Հանաու քաղաքին մէջ մէկ օր առաջ տեղի ունեցած եւ ինը զոհ խլած մարդասպանութեան կապակցութեամբ, որուն հետեւանքով նաեւ Թուրքիոյ հինգ քաղաքացիներ սպաննուած էին։
Միւս կողմէ, Ուրբաթ օր հաղորդուեցաւ, որ Թուրքիա դարձեալ դիմած է Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւններուն՝ «Փերթրիըթ» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգեր գնելու առաջարկով:
Նշենք, որ Անգարա ռուսական հակաօդային համակարգեր գնած էր, հակառակ ամերիկան ազդարարութիւններուն, իսկ Հինգշաբթի օր ռուսական ռազմական օդանաւերու մէկ յարձակումին հետեւանքով առնուազն երկու թուրք զինուորներ սպաննուած էին Իտլիպի մէջ եւ վիրաւորուած էին 5 ուրիշներ։