Մեթր Գասպար Տէրտէրեանի դաւանանքներուն մէջ կարեւոր տեղ գրաւեց նաեւ Համազգային Հանրային Կարծիքի ստեղծումի հրամայականը, ինչ որ էապէս կրնայ սատարել մեր ժողովուրդի յառաջդիմութեան: Այս ուղղութեամբ եւս, ան քաջալերեց երկխօսութիւնը եւ կարծիքներու առողջ փոխանակումը:
Սարդարապատեան փառապանծ հերոսամարտին օրինակով, ան շեշտելով շեշտեց ՄԻԱՍՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՈԳԻԻ անհրաժեշտութիւնը հայ կեանքէն ներս, ուր անհատապաշտութիւնն ու մենատիրութիւնը աւերներ գործած են ու կը գործեն, մինչ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՈԳԻՆ կրնայ հրաշքներ գործել, ինչպէս անիկա պատահեցաւ Սարդարապատեան համաժողովրդական ինքնապաշտպանութեան հերոսական մարտերուն: Դատապարտեց ապաւինողականութիւնը, զոր նկատեց քաղաքական տհասութեան եւ քաղաքական մանկամտութեան դրսեւորում եւ միշտ ու միշտ ընդգծեց սեփական ոյժերու բռունցքաւորումն ու կոթողումը:
Իր գրիչը եղաւ բեղուն, այլեւ հատու եւ դիպուկ, թիրախային, հեռու դարձուածքաբանութեան ախտէն, համարձակախօ՛ս եւ ուղղախօ՛ս: Շիտա՛կ եւ քաջարի՛:
Մնաց անշեղ իր հաւատամքին մէջ, հաւատարիմ իր սկզբունքներուն եւ դաւանած գաղափարներուն, հեռու համակերպողական եւ յարմարողական կեցուածքներէ եւ երբեք գլուխ չծռեց յանուն դիրքի, դրամի ու պաշտօնի:
Մեթր Գասպար Տէրտէրեան միայն ֆիզիքապէս հեռացաւ մեզմէ: Ան պիտի ապրի իր սերմանած լուսաւոր գաղափարներով՝ իրաւ եւ գործօն հայրենասիրութեան ու հայրենատիրութեան, ազգային իրաւաքաղաքական գիտակցութեան ու համահայկական ոգիի ու մտածողութեան…: Ան պիտի ապրի իր թողած հարուստ ժառանգութեամբ, իր ոգիով ու շունչով, իր տեսլականով, արդարութեան համար պայքարող իր աննկուն կամքով:
Փա՛ռք ու խոնարհո՛ւմ Մեթր Գասպար Տէրտէրեանի հարուստ վաստակին, մեծ Մարդու եւ մեծ Հայու պայծառ յիշատակին: